Ազգային գրադարանին մէջ բանախօսութիւն՝ նուիրուած Գրիգոր Պըլտեանի 80-ամեակին
Յունուար 20-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանի արուեստի սրահին մէջ տեղի ունեցած է բանախօսութիւն՝ նուիրուած սփիւռքահայ անուանի գրականագէտ, գրող Գրիգոր Պըլտեանի 80-ամեակին։
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան լեզուի յանձնախումբի նախագահ Սիրանոյշ Դվոյեան իր բանախօսութեան ընթացքին անդրադարձած է Պըլտեանի գրական ժառանգութեան, ստեղծագործական ուղիին եւ հայ ժամանակակից գրականագիտութեան զարգացման մէջ անոր ունեցած կարեւոր դերին։
Ան նշած է, թէ գրողը մնայուն կերպով կապ պահած է հայրենի գրականագէտներուն հետ, իսկ վերջին երկու տասնամեակներուն անոր գիրքերուն մեծ մասը հրատարակուած է Երեւանի մէջ։
Բանախօսը ընդգծած է, թէ Գրիգոր Պըլտեան տարիներէ ի վեր երիտասարդ ուսումնասիրողներուն կը փոխանցէ գրականութեան նկատմամբ իր սէրն ու գիտելիքը։
Նշենք, թէ նոյն սրահին մէջ ցուցադրուած են Պըլտեանի բազմաթիւ գիրքերը։
Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ եղած է գրասէր ու պատմասէր լսարան մը։