Աճիլ ու բազմանալ
*** «Հայաստանում վարակման դէպքերը աճել են» (Հ1):
—Ի՞նչ կը մտածէք աճիլ բայի այս կիրարկութեան մասին…
* * *
Ինծի կը թուի, թէ դէպքերու համար բնորոշ չէ այս կիրարկութիւնը. դէպքերը՝ կը բազմանան, չե՛ն աճիր: Մալխասեանի մեծաթիւ մեկնութեանց առաջին չորսը աճիլ բայը կը սահմանեն՝
–Աւելի մեծ ծաւալ ստանալ
–Առաջ գալ, զարգանալ (բոյսի եւ անասունի համար)
–Աւելանալ, մեծանալ (օրինակ՝ լուսինի չափը)
–Ծանրութիւնը աւելանալ
Ինչպէս կը նկատենք միաւորներու բազմացումի չեն ակնարկեր այս մեկնութիւնները, այլ նոյն առարկայի ծաւալին, հասակին կամ քարշի յաւելումին:
Երբ Աստուած միացուց Ադամն ու Եւան՝ «ի մարմին մի», ըսաւ անոնց.
—Աճեցէ՛ք եւ բազմացարո՛ւք:
Եւ Աստուած կրկնաբանութիւն չըրաւ, վասնզի աճիլ եւ բազմանալ տարբեր են: Եթէ աճիլ-ը թուային հասկացութիւն ըլլար, ապա անոր կից պիտի չըսէր՝ բազմացարո՛ւք. այս վերջինն է, որ կ’ակնարկէ թուային յաւելումի:
Աճիլ-ը կը վերաբերէր այդ նորակազմ ընտանիքի՝ իբրեւ մէ՛կ միաւորի, մեծնալուն, ճիւղաւորուելուն, բազմանդամ դառնալուն, ծառի մը պէս, որուն արմատները կը բազմանան ու կը խորանան, նոր ճիւղեր կ’արձակէ, ու կը խտանան անոր սաղարթները,− բայց եւ այնպէս ան կը մնայ մէ՛կ հաւաքական միաւոր՝ մէ ՛կ ծառ: Մինչ բազմացարուք-ը պիտի վերաբերէր թուային վերարտադրութեան, յաւելումի, զաւակներուն՝ իրենց կարգին նոր ընտանիքներ կազմելուն:
Նոյն ծառին համար եթէ ըսեմ բազմացաւ, ապա կը նշանակէ մէկէ աւելի ծառերու վերածուեցաւ: Այս բազմացումը կրնայ տեղի ունենալ անոր պտուղներուն հողի մէջ ծլումով, կամ ճիւղերուն տնկումով, կամ արմատներու հողէն դուրս գալովն ու ոստեր արձակելովը:
Մինչ ծառերը աճեցան, կը նշանակէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը նոր ու խոր արմատներ տուաւ, նոր ճիւղեր արձակեց, նոր սաղարթներով օժտուեցաւ, սակայն այս բոլորը ծառերուն թիւը չեն փոխեր:
Վերադառնալով վարակին…
Վարակը, այո, կրնայ սկզբնական վիճակին բաղդատած՝ հետագային աւելի բարդ կացութիւններ ստեղծել վարակեալ անձին կամ որեւէ մարմինի մէջ, սա անոր զարգացումն է, խորացումն է, բարդացումն է պարզապէս, թող ըլլայ՝ աճը կամ աճումը: Սակայն այս երեւոյթին չէ որ կ’ակնարկէ մեր ընտրած օրինակը:
Ան կ’ակնարկէ, ի մտի ունի իրենց մէջ վարակ ստացող անձերու կամ մարմիններու բազմացումը, թուային յաւելումը, յառաջացումը նոր «պացիենտ»-ներու, ինչպէս պիտի ըսէր իմ մաքրամոլ բարեկամս՝ Մակար Գաղիացին:
Անշուշտ շատ նուրբ է այս զանազանումը, ուստի անխուսափելի են շփոթումի պարագաները եւ հաւանաբար ոչ-այպանելի, բայց միւս կողմէ՝ պէտք է անոնք ըմբռնելի ու թօթափելի դառնան…
Երբ ցոյցի մասնակիցներուն վրայ կ’աւելնան նորերը, այդ ցոյցը կ’աճի՞, թէ՞ կը բազմանայ,− ան կ’աճի, պզտիկը կը մեծնայ, տկարը կը զօրանայ, կ’աւելնայ աղմուկն ալ, ուստի որակ կը ստանայ ան:
Բայց…ցուցարարները կը բազմանան…հինգը տասը կ’ըլլայ, տասն՝ հարիւր, հարիւրը՝ հազար եւ այլն:
Իսկ ո՞ր բառով պիտի բնորոշենք ցուցարարներուն թիւը,−ան աճեցա՞ւ, թէ՞ բազմացաւ: Շատ պարզ է, ցուցարարներուն թիւը աճեցաւ, որ է մեծցաւ, ուռճացաւ:
Երբ Թորոսը իր երկու զաւակներուն վրայ կ’ունենայ երկու եւս՝
—Թորոսին ընտանիքը կ’աճի:
—Մինչ անոր զաւակները կը բազմանան:
Նոյնհետայն կը բազմանան նաեւ…վարակման դէպքերը, որ կը նշանակէ վարակ ստացողները, վարակ կրողները, որոնք հինգ էին ու դարձան տասը, ապա դարձան հարիւր, հազար եւ այլն: Անոնք չեն աճիր, վիճակագրութիւնները անոնց աճին չեն ակնարկեր, այլ թիւին:
Բայց ահա կարելի է ըսել նաեւ համավարակը աճեցաւ,− որ այս պարագային կը նշանակէ ծաւալեցաւ, «ճոխացաւ», ընդարձակեց իր տիրոյթը եւ նոր զոհեր խլեց:
Աճիլ բային ամենամօտիկ հոմանիշը ուռճանալ-ն է, ասոնք գրեթէ նոյնանիշ են: Ասոնց կը յարի բարգաւաճիլ բայը, որ նոյնին աւելի ճոխութեամբ օժտումն է: Արդէն յաճախ միատեղ կը գործածենք ասոնք՝ իրբեւ նոյն հասկացութեան սաստկականը. օրինակ կ’ըսենք՝ աճեցաւ եւ ուռճացաւ կամ աճեցաւ ու բարգաւաճեցաւ եւ այլն:
* * *
Եթէ կը յիշէք, ես հակում ունիմ հայերէնի այս կամ այն տարրը երբեմն բաղդատելու հին՝ դասական կամ փարաւոնական եգիպտերէնին հետ: Ասոնցմէ վերջինը տալ բայի արմատն էր, որ երկու լեզուներուն մէջ ալ «տ» բաղաձայնն է:
Ներկայիւս ալ կը գտնեմ եգիպտերէն աճ-ուճա (աջ-ուջա) կցական բարդութիւնը, որ ճիշդ մեր աճիլ-բարգաւաճիլ-ին նշանակութիւնը ունի:
Այսպիսի մօտաւրապէս 50-60 միաւոր հաւաքած եմ, որոնց նմանութիւնը մեր երկու լեզուներուն միջեւ ակնբախ է: Թերեւս ըսէք՝ ուրկէ-ուր,– համաձայն եմ, ես ինքս ալ շատո՜նց ըսած եմ այդ բանը, սակայն ահա, այն գողին պէս, որ կ’ուզես արձակել, սակայն ինք մեկնելու նշաններ ցոյց չի տար, այլ կը յամառի շուրջդ դառնալ, փակի՛լ քեզի,– ատոնք՝ այդ համաբանութիւնները կու գան բախել դռներս:
Հայրենի լեզուաբան մը գրած է ամբողջ գիրք մը, թէեւ վտիտ, որով կը փորձէ փաստել, որ եգիպտերէնն ու հայերէնը…նոյն ծագումը ունին: Աւելին՝ եգիպտերէնը Հայաստանէն անջատուած ու գացած զարգացած ու իր սեփական կեանքով ապրած է Նեղոսի ափերուն:
Ասոր լաւագոյն փաստը կը նկատէ այն հարիւրաւոր ժայռապատկերները, որոնք կը զարդարեն Հայաստանի լեռները եւ կը նոյնանան եգիպտերէն մեհենագրերուն մէկ մասով[1]՝ աւելի քան հարիւրով: Չհաշուած շատ ուրիշ նմանութիւններ, որ ան կը գտնէ,− եւ միակը չէ ՛,− այս երկու լեզուներուն միջեւ:
Ներկայ թոհուբոհին մէջ ասոնք առասպելի տպաւորութիւն կը ձգեն, սակայն լաւ է, որ տարրական գաղափար մը ունենանք անոնց մասին: Կը սպասեմ, որ աղբիւրներս ձեռքիս տակ կարենամ հաւաքել ու քիչ մը աւելի թելադրական ու մանաւանդ պատկերազարդ յօդուած մը հրատարակել հետագային: