Ամփոփուեցաւ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը
Յուլիս 3-էն 28-ը, 18 երկրներէ ժամանած շուրջ 60 սփիւռքահայ ուսուցիչներ վերապատրաստուեցան 7 տարբեր ծրագիրներով՝ «Ուսուցում մանկապարտէզի մէջ», «Ուսուցում միօրեայ դպրոցի մէջ», «Տարրական ուսուցում», «Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդում», «Հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթի պատմութիւն», «Պարարուեստ» եւ «Տնօրէններու վերապատրաստում»:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան պետ Արկադի Պապոյեանը սփիւռքահայ ուսուցիչները շնորհաւորեց վերապատրաստման ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտելնուն առիթով եւ նշեց. «Կրթութեան գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը ջանք չի խնայեր սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը յագեցած բովանդակութեամբ եւ առաւելագոյնս արդիւնաւէտ կազմակերպելու համար: Վստահ ենք, որ այս ընթացքին ձեռք բերած գիտելիքներն ու հմտութիւնները լաւագոյնս պիտի կիրառէք ձեր կրթօճախներէն ներս, եւ այդպիսով պիտի ապահովուի բոլորիս առջեւ դրուած նպատակը՝ հայեցի կրթութեան տարածումն ու զարգացումը սփիւռքի մէջ»:
Արկադի Պապոյեանը նաեւ կարեւորեց մանկավարժներուն դիտարկումներն ու առաջարկները՝ ծրագիրը տարուէ տարի կատարելագործելու եւ բարելաւելու տեսանկիւնէն:
Վերապատրաստուած մանկավարժները շնորհակալութիւն յայտնեցին ծրագրին յաջող իրականացման եւ յագեցած դասընթացներուն համար:
«Վստահաբար կրնանք ըսել, որ վերապատրաստման աւարտին, մեր իմացութիւնը բազմապատկուած է: Մենք հաղորդակից եղանք կրթական նոր մեթոտներու, ինչ որ աւելի պիտի զարգացնէ հայրենիքէն դուրս հայանպաստ մեր գործունէութիւնը: Ծրագիրը կարեւոր է ոչ միայն գիտելիքի ձեռքբերման, այլ նաեւ՝ աշխարհի միւս ծայրը գտնուող մեր հայրենակից մանկավարժներուն հետ փորձի փոխանակման առումով: Ի վերջոյ, ուր ալ ըլլանք, որպէս մանկավարժ՝ նոյն ազգանուէր առաքելութիւնը ունինք»,- ըսաւ Ռուսիոյ Վոլկոկրատ քաղաքի հայկական դպրոցի ներկայացուցիչ Սուսաննա Բարսեղեանը:
Մէկ այլ մանկավարժի՝ Քրասնոյարսք քաղաքի հայկական դպրոցը ներկայացնող Սիւզաննա Պեքճեանի գնահատմամբ՝ սփիւռքահայ ուսուցիչին իւրաքանչիւր օրը պայքար է հայ երեխային մէջ մայրենին սերմանելու եւ հայկական աւանդոյթները պահպանելու համար. «Մեր մասնագիտութիւնը մշտապէս կատարելագործման եւ արդիականացման կարիք ունի, ինչին ալ միտուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան այս ծրագիրը: Մէկ ամսուան ընթացքին զինուեցանք մեծ եռանդով եւ գիտելիքներով, որոնք յետագային մեզի պիտի օգնեն աւելի արդիւնաւէտ աշխատելու»,- ըսաւ Պեքճեանը:
Ծրագրին ամփոփիչ միջոցառման ընթացքին, մանկավարժները հանդէս եկան ազգային երգ ու պարի կատարումներով, ասմունքեցին հատուածներ՝ հայ դասական գրականութենէն եւ իրենց ստեղծագործութիւններէն: