Անհամասեռութիւն
Անհամասեռութիւնը գրողական կարեւոր թերութիւն մըն է, որ կը կայանայ խօսքի համադաս բառերը անմիօրինակ ձեւաւորելու մէջ: Օրինակ՝
***«Ե. դարու մատենագիր Ղազար Փարպեցի պատմիչը եւ ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեանը մեծապէս յայտնի են…»:
—Պատկերացնենք մէկը, որ ոչ մէկ գաղափար ունի այստեղ յիշուած յատուկ անուններու մասին եւ այս կարդացածովը պիտի հաստատէ իր առաջին ծանօթութիւնը: Արդ, ի՞նչ կ’ըսէ այս նախադասութիւնը ընթերցողին, ճիշդ ի՞նչ տեղեկութիւն կու տայ ան:
Եթէ ճիշդ կը հասկնանք մեր ընթերցածը, ապա պարտինք ենթադրել, թէ մատենագիր Ղազար Փարպեցի եւ ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեան կը պատկանին… Ե. դարուն, այսինքն՝ ապրած են Ե. դարուն: Այսպէս պիտի ընկալենք, քանի որ «Ե. դարու» բնորոշումը քերականօրէն կը վերաբերի իրեն յաջորդող զոյգ անուններուն:
Բայց ահա մեզմէ շատեր գիտեն, որ եթէ Ղազար Փարպեցի կը պատկանի Ե. դարուն, ապա Մկրտիչ Ներսիսեանը կը պատկանի… 20-րդ դարուն:
Ուրեմն ինչպէ՞ս ըսել կամ գրել, որ տրուած տեղեկութիւնը ճիշդ ընկալուի:
Ահաւասիկ. «Ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեանը եւ Ե. Դարու մատենագիր Ղազար Փարպեցին մեծապէս յայտնի են…»:
Այս շարադասութեամբ, սակայն, մենք փարատած կ’ըլլանք թիւրիմացութիւն մը միայն, այսինքն՝ յստակացուցած կ’ըլլանք, որ ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեանը Ե. դարուն չի պատկանիր, ինչպէս Ղազար Փարպեցին կը պատկանի: Սակայն բաւարար՞ր է այս տրուածը,− ո՛չ, բաւարար չէ, կայ տեղեկատուական թերի մը, որ հետեւեալն է. եթէ կարեւոր է շեշտել, որ Փարպեցի կը պատկանի Ե. դարուն, ապա նոյնքան կարեւոր պէտք է նկատուի այն դարը, որուն կը պատկանի ակադեմիկոսը:
Յիշեալ թերին կարելի է դարմանել հետեւեալ կառոյցներով.
— Ե. դարու մատենագիր Ղազար Փարպեցին եւ մերօրեայ ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեանը:
Մերօրեայ-ին փոխարէն կարելի է դնել նաեւ ժամանակակից կամ պարզապէս՝ 20-րդ դարու ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեանը: Ասոնք բոլորն ալ ի վիճակի են հակակշռելու «Ե. դարու»-ն ը:
* * *
Տեսնենք անհամասեռութեան երկրորդ օրինակ մըն ալ:
***«Սեղանին վրայէն կը ժպտէին ֆրանսական գինին, պանիրը եւ ձկնկիթը»:
—Ինչպէս վերի, այնպէս ալ այս օրինակին մէջ ֆրանսական ածականը քերականօրէն կը վերաբերի գինիին, պանիրին, ձկնկիթին: Այսպէս պիտի գրէինք այն պարագային, ուր ժպտող գինին, պանիրն ու ձկնկիթը իրօք ֆրանսական ծագում ունենային:
Իսկ եթէ այդպէս չէ, եւ միայն գինին է, որ ֆրանսական է, ապա գրողը պարտէր ձեւը գտնել եւ մեկուսացնել «ֆրանսական գինին»: Օրինակ՝ «Սեղանին վրայէն կը ժպտէին պանիրը, ձկնկիթը եւ ֆրանսական գինին»:
Այս վերջին պարագային ալ կառոյցը խոցելի է անհամասեռութեամբ. արդարեւ, եթէ հաղորդական շղթային մէջ կարեւոր էր ժպտող գինիի ծագումին յիշատակումը, ապա նոյնքան կարեւոր պէտք էր սեպել ծագումը պանիրին ու ձկնկիթին. օրինակ՝ «Սեղանին վրայէն կը ժպտէին ֆրանսական գինին, յունական պանիրն ու պարսկական ձկնկիթը»:
* * *
Տեսնենք անհամասեռութեան կարգ մը այլ տիպարներ:
ա) Բայական անհամասեռութիւն
Այսպէս կը կոչենք այն կացութիւնը, ուր չէ յարգուած համադաս բայերու սեռը:
Օրինակ. «Գրիգոր ստիպուած է յարգել ու հնազանդիլ վարպետին»:
Վարպետին խնդիրը, որ տրական հոլով դրուած է, կը գոհացնէ միայն հնազանդիլ բայը, որ չէզոք է: Մինչ յարգել բայը, որ ներգործական է, կը պահանջէ հայցական հոլով խնդիր՝ վարպետը:
Ուրեմն իր ոճը խնամողը պիտի ըսէր. «Գրիգոր ստիպուած է յարգել վարպետը եւ հնազանդիլ անոր»:
Նաեւ՝ «Ան ծանօթացաւ եւ շատ սիրեց հայկական երաժշտութիւնը»:
Ծանաօթանալ չէզոք բային եւ սիրեց ներգործական բային տրուած է նոյն հայցական հոլով խնդիրը՝ երաժշտութիւնը: Ուրեմն գոհացած է բայերէն մէկը միայն, իսկ միւսը՝ ո՛չ:
Սա իր կարգին պէտք է տար. «Ան ծանօթացաւ հայկական երաժշտութեան եւ շատ սիրեց զայն»:
Երբեմն կացութեան տրուելիք լուծումը վանողական է, եւ կարծես գրողը գիտակցաբար կը դիմէ անհամասեռութեան՝ հնազանդելով գեղագիտական ներքին ձայնին:
Օրինակ՝ «Ահա իմ հասկացած եւ հաւատացած բարեկամութիւնս»:
Նոյն կացութիւնն է՝ հասկնալ կը պահանջէ հայցական հոլով, հաւատալ կը պահանջէ տրական հոլով, եւ այստեղ ունինք մէկ հայցական հոլով խնդիր՝ բարեկամութիւնս:
Եթէ փորձենք այս կուռ ու սեղմ ամբողջութիւնը քանդել՝ համասեռութեան սիրոյն, ապա պիտի ստեղծուէր ճապաղ կացութիւն մը. «Ահա այն բարեկամութիւնը, որ ես կը հասկնամ եւ որուն կը հաւատամ»:
Ո՞ր մէկը ընտրել եւ ո՞ր մէկը զոհել… կանոնակա՞նը, որ կը նմանի անհրապոյր կնոջդ, թէ՞ հակականոնականը, որ կը նմանի հրապուրիչ քարտուղարուհիիդ:
բ)Անուանական անհամասեռութիւն
«Անուանական» կը կոչենք ոչ-բայական բառերը:
Օրինակ՝ «Ցուցարարները կը պնդէին, թէ սա ոչ թէ կուսակցութիւններու, այլ քաղաքացիական պայքար է»:
Այստեղ պայքար գոյականին տրուած են երկու լրացումներ՝ կուսակցութիւններու (պայքար) եւ քաղաքացիական (պայքար), որոնց առաջինը սեռական հոլով գոյական մըն է, երկրորդը՝ ածական մը: Ինչ որ ոճականօրէն ընդունելի չէ. այդ լրացումները պէտք է պատկանէին խօսքի նոյն մասին. օրինակ՝ «կուսակցութիւններու եւ քաղաքացիներու պայքար» եւ կամ «կուսակցական եւ քաղաքացիական պայքար»:
Նաեւ՝ «Առիթ կ’ընծայեն օտար տէրութիւններու քննադատութեան եւ միջամուխ ըլլալուն»: Ուր ընծայել բային տրուած են երկու տրական հոլով խնդիրներ՝ քննադատաութեան եւ միջամուխ ըլլալուն, որոնց առաջինը գոյական մըն է՝ քննադատութեան, իսկ երկրորդը դերբայ մը՝ միջամուխ ըլլալուն:
Այս անհամասեռութիւնը կը սրբագրուի հետեւեալ միջոցներով.
—Առիթ կ’ընծայէ օտար տէրութիւններու քննադատութեան եւ միջամտութեան:
—Առիթ կ’ընծայէ օտար տէրութիւններու քննադատելուն եւ միջամուխ ըլլալուն:
գ) Շարահիւսական անհամասեռութիւն
Այստեղ խնդրոյ առարկայ են ամբողջ խօսքը յղանալու եւ զայն ձեւաւորելու վերաբերող թերութիւններ:
Օրինակ՝«Արկածեալը ունէր կոտրած անրակ մը, ճաթած կողոսկրներ եւ անոր թոքերէն մէկը վիրաւորուած էր»:
Ուրեմն ներակայացուած են վիրաւորին կրած երեք վնասնրը.
–կոտրած անրակ
–ճաթած կողոսկորներ
–անոր թոքերէն մէկը վիրաւորուած էր
Այս երեքէն առաջին երկուքը որոշիչ-որոշեալ բառակապակցութիւններ են, մինչ երրորդը ամբողջ նախադասութիւն մըն է:
Ինչպէ՞ս լուծել հարցը. պարզ է, փորձելով նախադասութիւնը վերածել որոշիչ-որոշեալ բառակապակցութեան մը. այսինքն՝ վիրաւորուած թոք մը: Այսինքն՝
«Արկածեալը ունէր կոտրած անրակ մը, ճաթած կողոսկրներ եւ վիրաւոր թոք մը»:
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ