Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ՝ Կեանքի Մեծ Հարցումները Փոքրիկ Ընթերցողներու Համար
«Կրթէ անուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի երբ մեծնայ՝ անկէ չշեղի» (Առակած 22:6):
«Յաճախ մանուկներ հարցումներ կը հարցնեն եւ ծնողք կամ ուսուցիչ կը շուարին, թէ ինչպէ՛ս պատասխանեն, ի՛նչ ըսեն, ի՛նչ չըսեն կամ ինչպէ՛ս պարզ բայց ճշմարիտ եւ ճշգրիտ պատասխան տան: Ըստ մանկավարժներու եւ հոգեբաններու՝ անոնց փնտռածը բացատրութիւններ են, որպէսզի ապահով զգան եւ հասկնան, թէ ի՛նչ կը պատահի իրենց շուրջը: Այս յատուկ Աստուածաշունչը՝ 6-12 տարեկան մանուկներու համար, լուրջի կ՛առնէ փոքրերու հարցումները՝ իրենց մասին, շուրջի մարդոց մասին եւ աշխարհին մասին եւ պատասխաններ կու տայ հիմնուած Աստուածաշունչի պատութիւններուն վրայ: Այս իմաստով, գիրքը խիստ օգտակար է ոչ միայն ծնողներու այլ նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցի եւ առօրեայ դպրոցի ուսուցիչներու համար», կը բացատրէ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտողար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան:
ԳԻՐՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
Գիրքին հեղինակները՝ Սուզըն Ճաշ եւ Քրիսթինա Շնըրլ, հոգեւոր հովիւներ են Շթութկարթի «Օլկա» մանուկներու հիւանդանոցին մէջ, ուր տարիներու ընթացքին եւ իրենց փորձարութիւններէն մեկնած՝ մօտէն ծանօթացած են փոքրիկներու փնտռտուքներուն: Անոնք հաւաքած են այդ հարցումները եւ ներկայացուցած են զանոնք աստուածաշնչական պատմութիւններու միջոցով: Իսկ Մաթիաս Ուէպըր ներկայացուցած է պատմութիւնները պարզ եւ գեղեցիկ գծագրութիւններու միջոցով:
120 էջերով պատկերազարդ գիրքը կը բաղկանայ երեք մասերէ՝ «Դուն», «Դուն եւ Ուրիշները», եւ «Դուն եւ Աշխարհը»: Իւրաքանչիւր բաժին ունի
իր ենթաբաժինները: Օգտագործուած բոլոր աստուածաշնչային հատուածները զետեղուած են գիրքին վերջաւորութեան:
Այս գիրքին պատմութիւններու շարքը չի հետեւիր Աստուածաշունչին պատմութիւններու շարքին: Հեղինակներուն նպատակը աստուածաշնչային լոյս սփռել է փոքրիկներու եւ պատանիներու կեանքերուն ու կարիքներուն վրայ, նաեւ կապ մը ստեղծել անոնց եւ Աստուածաշունչի մէջ գտնուող անձնաւորութիւններուն միջեւ: Այսպիսով, անոնք իրենց կեանքերը հաստատուն հիմերու վրայ դնելով՝ պիտի գիտնան, թէ Աստուած գիտէ, կը սիրէ եւ կը պահպանէ զիրենք:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ
Արաբական Ցոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւնը միջեկեղեցական, ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն մըն է եւ անդամ՝ Համաշխարհային Միացեալ Աստուածաշունչի ընկերութիւններուն: Սոյն կազմակերպութեան առաքելութիւնն է՝ Աստուածաշունչը թարգմանել եւ բաժնել, որպէսզի աշխարհի բոլոր ժողովուրդները Աստուածաշունչը կարդան իրենց մայրենի լեզուով: