Արեւմտահայերէնը Որպէս Վտանգուած Լեզու.Ալպէր Քէշիշ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ կը նշուի Միջազգային Մայրենի Լեզուներու Օրը՝ յուզում պատճառելով բազմաթիւ ազգերու, որոնց լեզուները ենթակայ են անհետացման վտանգին: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գլխաւոր հիմնարկութիւններէն Իւնէսկոյի տեղեկագիրին համաձայն, արեւմտահայերէնն ալ կը պարզէ նոյն երեւոյթը՝ լուրջօրէն վտանգի ենթակայ այլ լեզուներու կողքին:
Լեզուները որպէս կենդանի էակներ, կը ծնին, կը զարգանան եւ կը դադրին գոյատեւելէ՝ աննպաստ պայմաններու բերումով: Խեթերէնը, Լատիներէնը եւ նման բազմաթիւ այլ լեզուներ, որոնք եղած են մեծ պետութիւններու եւ կայսրութիւններու պաշտօնական լեզուները, այժմ դուրս եկած են ներկայ կենդանի լեզուներու շարքէն: Երկրագունտի տարածքին վրայ գոյութիւն ունեցող մօտաւորապէս 6,000 լեզուներէն գրեթէ 2,500-ը, ըստ ենթադրութիւններու, պիտի անհետանան՝ մինչեւ ԻԱ դարու վերջաւորութիւնը: Բախտագուշակութիւն չպիտի ըլլայ կռահել, թէ արեւմտահայերէնն ալ պիտի բաժնէ նոյն ճակատագիրը:
Արեւմտահայերէնը, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն մինչեւ Հեռաւոր Արեւմուտքի տարածքը՝ սփիւռքահայութեան մայրենի լեզուն է: Սակայն ժամանակի ընթացքին, յատկապէս արեւմտեան երկիրներու մէջ՝ լուրջ անկում մը կրելով հասած է անհետացման շեմին: Իսկ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրները՝ ինչպէս Լիբանանը եւ Սուրիան կարելի է համարել արեւմտահայերէնի վերջին ամրոցները: Յիշեալ երկիրներէն, մասնաւորաբար ողբերգական իրադարձութիւններու հետեւանքով Սուրիայէն դէպի արեւմուտք կամ Հայաստան կատարուած գաղթի պատճառաւ բնակչութիւնը հետզհետէ կը նօսրանայ: Այս երեւոյթը կ’արագացնէ արեւմտահայերէնի նահանջը: Անցեալի հսկայ արեւմտահայ գաղութներէն Եգիպտոսի եւ Իրաքի հայ բնակչութիւնը պայմաններու բերումով նօսրացած է, պատճառ դառնալով՝ արեւմտահայերէնի նահանջին:
Լեզուի մը վտանգի ենթակայ ըլլալու երեւոյթին փաստերէն մէկն ալ անոր սերունդէ սերունդ փոխանցումին դադրիլն է: Արեւմտահայերէնը զուրկ է այդ փոխանցումէն՝ քանի մը պատճառներով: Նախ եւ առաջ, ալ տան մէջ խօսակցական լեզուն ըլլալու հանգամանքը կորսնցուցած է, տեղի տալով տեղական լեզուին: Արեւմտահայ մամուլը, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հաղորդումները չափազանց սահմանափակ են, համեմատելով՝ արեւելահայերէնի հետ: Արեւմտահայ գրականութիւնը շատ հեռու է իր անցեալի շքեղութենէն եւ առատութենէն՝ բացառութիւնները յարգելով հանդերձ:
1915-ի եղեռնագործութիւնը արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակին հիմնական պատճառը կը կազմէ: Նախ եւ առաջ, Մեծ Եղեռնը ոչնչացուց արեւմտահայ մտաւորական դասակարգը եւ բազմաթիւ բարբառները: Բարբառները՝ որպէս խօսակցական լեզուի տարբերակներ, կը զօրացնեն եւ կ’ամրապնդեն գրական լեզուն, երաշխաւորելով անոր գոյատեւումը: Ափսո՜ս, որ արմատախիլ եղած եւ անհետացած են Ակնի, Արաբկիրի, Բաղէշի, Բայազէտի, Գամիրքի, Դիադինի, Երզնկայի, Եւդոկիայի, Խարբերդի, Կարինի, Մալաթիայի, Մուշի, Շապին-Գարահիսարի, Չմշկածակի, Սեբաստիայի, Վանի եւ արեւմտահայոց բազմաթիւ այլ բնակավայրերու բարբառները:
Խորհուրդային Միութեան փլուզումով եւ հետեւաբար՝ Հայաստանի անկախացումով մայր հայրենիքէն դէպի սփիւռք տեղի ունեցած արտագաղթը նաեւ փոխեց սփիւռքահայ գաղութներու աւանդական դիմագիծը: Արեւելահայերէնը արեւմտահայ համայնքներուն տիրապետող մայրենի լեզուն դարձաւ: Արդէն բաւականին անկայուն եւ օտար լեզուի մը երեւոյթը պարզող արեւմտահայերէնը ալ աւելի արագօրէն կորսնցուց սփիւռքահայոց հիմնական լեզուն ըլլալու բնոյթը, քանի որ սփիւռքահայութիւնը խառն հանգամանք մը ու կերպար մը ստացաւ՝ իր արեւմտահայ եւ արեւելահայ բնակչութիւնով:
Վերոյիշեալ նկարագրումին կարելի է աւելցնել արեւելահայերէնին Հայաստանի պետական եւ պաշտօնական լեզուն ըլլալու հանգամանքը: Այս երեւոյթը կը պարզէ արեւելահայերէնի գոյատեւման կարեւոր երաշխիքներէն մին, որ կը պակսի արեւմտահայերէնի մօտ: Հայաստանի իշխանութիւնները կարող են հնարաւոր բոլոր միջոցները գործադրել արեւմտահայերէնը պահպանելու համար: Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ հայաստանցիներու խօսակցական լեզուն արեւելահայերէնն է, նման նախաձեռնութիւնները բաւարար չպիտի ըլլան արեւմտահայերէնին գոյատեւումը ապահովելու աւելի քան թէ թանկարժէք իրի մը պահպանումը՝ թանգարանին մէջ:
Արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակը ու անոր հետ առնչուող առկայ քաղաքական, աշխարհագրական, տնտեսական, ընկերային եւ բազմաթիւ այլ խնդիրները կը դժուարացնեն մեր լաւատեսութիւնը՝ հեռաւոր ապագային վերաբերեալ: Եթէ անակնկալ զարգացում մը տեղի չունենայ, արեւմտահայերէնը՝ հայոց լեզուի ճոխ եւ հսկայ ժառանգութեան մը տէր այս կարեւոր հատուածը, դատապարտուած է պատմութեան մէջ իր պատուաւոր տեղը գրաւելու՝ գրաբարի նման:
Ալպէր Քէշիշ
Պոլիս