Արեւմտահայերէն… Սփիւռքահայ Գրականութիւն…(1)
Սփիւռքահայ գրականութեան եւ արեւմտահայերէնի այսօրուան ու վաղուան մասին հնչող ծանրագոյն յոռետեսական արժեւորումները զիս կրկին մղեցին մտորելու լեզուի եւ գրականութեան մասին ու անգամ մը եւս հաստատելու, որ
ՉԿԱՅ ԳՐԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԵԹԷ ՉԿԱՅ ԴՊՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴՊՐՈՑ:
Ու կրկին՝
ՉԿԱՅ ԳՐԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԵԹԷ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ԾԱՆՐ ԹԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԻ:
Յիշենք, որ արեւմտահայութեան զարթօնքին համար նախախնամական դեր ունեցաւ Կ.ՊՈԼԻՍը, ուր 1790-ականներէն սկսեալ գոյութիւն ունէին ու նորերով կը համալրուէին բազմաթիւ նոր ոճի վարժարաններ: Արեւմտահայերէնի կազմաւորումը, այսպէս թէ այնպէս, կը կապուի գլխաւորաբար Կ. Պոլսոյ հետ, եւ արեւմտահայ գրականութիւնը սկիզբէն արմատապէս եւ էապէս պոլսահայ գրականութիւն է: 1866-ին Կ. Պոլսոյ մէջ կը գործէին 46 դպրոց, որոնցմէ 32-ը՝ արական, 14-ը՝ իգական, ունէին 4700 աշակերտ եւ 1472 աշակերտուհի: Պատկերացուցէ՛ք, եթէ չըլլային Կ. Պոլսոյ Սկիւտարի, Եսայեան, Մաքրուհեանց, Արամեան, Մխիթարեան, Կեդրոնական, Պէրպէրեան եւ միւս ճեմարաններն ու դպրոցները, եթէ չըլլային Եւրոպայի մէջ մխիթարեան հայրերու բացած Ռաֆայէլեան եւ Մուրատեան վարժարանները, որոնց շրջանաւարտները ստեղծագործեցին Կ. Պոլսոյ միջավայրին մէջ, ո՛վ պիտի խօսէր արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայ գրականութեան մասին՝ վիպապաշտներ, իրապաշտներ, արուեստագէտ սերունդի գրողներ: Պոլսական մեր թերթերու խմբագրատուները նաեւ խորհրդատուն կը դառնային, մկրտարան՝ դպրոցներէն եկող սկսնակներուն: Ի վերջոյ պոլսական միջավայրի ծնունդ էր աշխարհաբարի քերականութեան հայրը՝ հայր Արսէն Այտընեան, որ 1866-ին հրատարակեց իր «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար լեզուի» դարադարձիկ դասագիրքը. անով փաստօրէն ճանապարհ բացուեցաւ հայ դպրոցներուն մէջ արեւմտահայերէնի հիմնաւոր ուսուցման։
Պէտք է ընդունիլ, որ արեւմտահայերէնի տարածումը դէպի գառառներ, ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան տարածքով մէկ, դարձեալ պոլսական ներշնչում եւ առաքելութիւն էր: Ստեղծուեցան բազմաթիւ միութիւններ (Արարատեան, Արեւելեան, Դպրոցասիրաց, Կիլիկեան, Միացեալ հայոց, Համազգային, Ազգանուէր հայուհեաց եւ այլն ), որոնք ծանրագոյն արկածներու եւ հետապնդումներու տակ, բայց անօրինակ քաջութեամբ, հաւատքով ու նուիրումով գաւառներու մէջ դպրոցներ բացին՝ իրենց ներուժը Պոլիսէն ստանալով, կրթական մշակներ, ծրագիրներ, դասագիրքեր, հովանաւորչութիւն, որպէսզի արեւմտահայերէնը վերածուի համայն արեւմտահայութեան գրական լեզուի, որպէսզի հոն եւս ծլարձակի, ԵՐԿԻՐ բուրէ արեւմտահայ գրականութիւնը:
1901-1902 տարեշրջանին կայսրութեան մէջ արդէն կը գործէին 803 ազգային վարժարաններ 81208 աշակերտ-աշակերտուհիներով: Արեւմտահայերէնը եւ արեւմտահայ գրականութիւնը ազգային երկունքի մը՝ ծանրագոյն երկունքի մը ծնունդը եղան: Մենք պէտք չէ մոռնանք, որ անոնք նախ հաւաքական գիտակցութեան մը եւ ի գործ նետուող նուիրումի մը արդիւնքը եղան: Մեր ժողովուրդը, առանց պետական հովանաւորութեան, բանուորէն մինչեւ ամիրան, սիրեց իր դպրոցը, զօրավիգ եղաւ, լիաբուռն նպաստեց, իր զաւակները վստահեցաւ անոր եւ վերանորոգուեցաւ ու վերազինուեցաւ անոնց լեզուէն ու գրիչէն հոսող մեր զրահանդերձ հայոց լեզուով:
Այո , նշուած թիւերը չափազանց փոքր են: Ապտուլհամիտեան բռնաճնշումներուն տակ հեւացող հեռաւոր գաւառներուն մէջ դեռ հազարաւոր գիւղեր եւ աւաններ կային առանց դպրոցի, իսկ ժողովուրդը թրքախօս էր, քրտախօս, արաբախօս, բախտաւոր պարագային ՝ բարբառախօս: Արեւմտահայերէնը դեռ ճամբայ ունէր կտրելիք, եւ դեռ պիտի գար Վաղուան գրականութիւնը…
Երբ տեղի ունեցաւ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԸ:
(շարունակելի)
Յակոբ Չոլաքեան