ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան Արեւմտահայերէն Տեսանիւթերու Շարքը

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը կը յայտարարէ, որ պիտի սկսի հրապարակել իր նախաձեռնութեամբ պատրաստուած արեւմտահայերէն տեսանիւթերու հերթական շարքը, որուն մէջ ներառուած են «Մեր Լեզուն» դասագիրքի պատմութիւններէն ընտրանի մը (հեղինակներ՝ Լիզա Կապուտեան, Սոնա Վարդապետեան եւ Ալիս Վարդապետեան)։
ՀՕՄի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նպատակն է՝ այս տեսաշարքին միջոցով, նոր սերունդին համար արեւմտահայերէնի ուսուցումը աւելի գրաւիչ եւ մատչելի դարձնել։
«Դաստիարակչական տեսանիւթերու այս շարքը լաւագոյն առիթն է՝ նոր սերունդը կապելու մայրենի լեզուին եւ ամրապնդելու իրենց հայերէն լեզուի հմտութիւնը: Մենք հպարտ ենք, որ հնարաւորութիւնը ունինք այս միջոցը հրամցնելու բոլորին՝ առանց սահմանափակումներու եւ յոյսով ենք, որ անիկա ձեր գնահատանքին արժանանալով, պիտի ներշնչէ ձեզ ծանօթանալ մեր հարուստ մշակութային ժառանգութեան», ըսաւ ՀՕՄի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին Քարոլին Շմաւոնեան:
Տեսանիւթերը բծախնդրութեամբ պատրաստուած են արեւմտահայերէն կրթական յայտնի տեղեկատուական կայքին՝Armlands.com-ի եւ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ YouTube-ի ալիքի հիմնադիր խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեանի կողմէ։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը հրաւիրէ բոլորդ այցելել այս կայքը, ուր տեղադրուած են այս հետաքրքրական տեսանիւթերը եւ լայնօրէն տարածելու զանոնք՝ ձեր ընտանեկան եւ ընկերական շրջանակներուն մէջ: