Արտաշէս Յարութիւնեան (1873-1915). Նահատակ Հայ Գրողներուն Գեղապաշտ Ներկայացուցիչը
Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան զոհերէն է տաղանդաւոր գրող Արտաշէս Յարութիւնեան, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք հոկտեմբեր 3-ին:
Հայ մտաւորականութեան արժանաւոր այս ներկայացուցիչը հազիւ 42 տարեկան էր, երբ եղեռնագործ թուրքը արեան մէջ խեղդեց անոր գեղեցիկ խօսքի եւ խորազգած խոկումի տաղանդաւոր ձայնը:
Արտաշէս Յարութիւնեան օժտուած էր իր ներաշխարհը` յոյզերն ու խոհերը ամենայն պարզութեամբ եւ գեղեցկութեամբ ընթերցողին առջեւ բանալու բնատուր ձիրքով, ինչպէս որ կը հաստատէ, օրինակի համար, «Կարօտներս» խորագրով 1912-ին գրուած իր բանաստեղծութիւնը.
Հոգւոյս խորը կարօտներ կան`
Որ կը քանդեն զիս օրէ օր,
Ինչպէս բոցին կարմիր լեզուն`
Մոմին ճերմակ մարմինն աղուո՜ր:
Կարօտներ կան խորը մըտքիս,
Որ անդադար զայն կը փորեն.
Լա՛ւ, ի՞նչ է վերջն այս ցաւերուն,
Լուռ` կը խորհիմ ես ինքնիրեն:
Ու կը լայննա՜յ վէրքը տակաւ
Չըդարմանուած կարօտներուն.
Ո՛չ ո՛ք գիտէ զանոնք,- ի՜նչ փոյթ,
Ես դագաղն եմ այդ ցաւերուն:
Չընչի՞ն ցաւեր. է՜, ո՜վ գիտէ.
Խորհուրդներն են անոնք հոգւոյս.
Մեծ երազներ եւ իղձեր վառ`
Կը մարին խորն այդ ցաւերուս:
Ու կարօտներն իմ մեծամոլ
Կը սպառեն զիս մինչեւ ըզմահ,
Ինչպէս բոցի կարմիր լեզուն`
Մոմին մաքուր մարմի՜նն աղուոր:
Արտաշէս Յարութիւնեան ծնած էր 142 տարի առաջ, Ռոտոսթոյի մերձակայ Մալկարայի մէջ: Հայ գիւղի հարազատ ծնունդ էր ան, որ հայոց հողին բոյրն ու գոյնը, լոյսն ու շաղը, համն ու յագեցնող ջուրը ամբողջապէս իւրացուցած էր եւ դարձուցած` իր մտքին ու հոգիին կենսախինդ շաղախը:
Եղա՛ւ 1900-ականներու գեղապաշտ սերունդին եւ անոր նուաճած հայաստանեա՛ն գրականութեան բարձրաճակատ դրօշակիրներէն, որ, ճիշդ է, եթէ չկրցաւ ճառագայթող աստղ մը դառնալ իր մշակած քերթողութեան կամ գրական-քննադատութեան մէջ, բայց անվիճելիօրէն կրցաւ գեղարուեստական շքեղութեան հասցնել հայոց աշխարհաբարը:
Արտաշէս Յարութիւնեան գրեթէ ամբողջ կեանքը ապրեցաւ իր ծննդավայրին մէջ, թէեւ վաղաժամ պոկեցին անոր կեանքին թելը: Հնարաւորութիւն չունեցաւ բարձրագոյն ուսման հետեւելու, որովհետեւ ստիպուեցաւ կանուխ տարիքէն կեանքի ասպարէզ նետուիլ եւ ապրուստը ապահովել: Բայց իր ծննդավայրի միջնակարգ դպրոցէն ստացած ուսումը եւ ֆրանսերէնի իմացութիւնը ինքնաշխատութեամբ այնքան զարգացուց, որ կրցաւ ոչ միայն ֆրանսական գրականութեան նորաշունչ հոսանքներուն մօտէն հետեւիլ եւ քայլ պահել իր ժամանակին հետ, այլեւ` համապատասխան նորարարական շունչ բերել քսաներորդ դարասկիզբի հայ գրականութեան:
Իբրեւ բանաստեղծ մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս: 1890-ականներուն լոյս տեսան անոր «Լքուած քնար» եւ «Երկունք» բանաստեղծական ժողովածուները, որոնք այնքան ալ չգրաւեցին ընթերցողին ուշադրութիւնը: Լեզուական գեղեցկութեամբ, խոհական պատկերներով եւ արուեստագէտի ճոխ երանգապնակով յատկանշուող ոտանաւորներ էին, որոնց սակայն կը պակսէր բանաստեղծական թռիչքն ու իրա՛ւ յուզականութիւնը: Գրականագիտական եւ գեղարուեստական բարձրորակ մշակոյթի տէր գրողի մը առկայութեան մասին վկայելով հանդերձ, այդ քերթուածներուն կը պակսէր սակայն իրա՛ւ բանաստեղծի դրոշմը, շո՛ւնչը: Պէտք եղաւ, որ ան կտրէ հասունացման տասնամեայ ուղի մը, որպէսզի 1910-ին իր լոյս ընծայած բանաստեղծական երրորդ հատորով` «Նոր քնար»-ով, Արտաշէս Յարութիւնեան հայ գրականութեան ընծայէ ուշագրաւ քանի մը գործեր, որոնք զինք արժանացուցին նահատակ մեր գրողներու կրտսեր արժանաւորներու պատուանդանին:
1895-96-ի համիտեան կոտորածները ոչ միայն ֆիզիքապէս խոցեցին հայ ժողովուրդը, այլեւ մեծապէս ամայացուցին հայ գրական հրապարակը: Տաղանդաւոր մեր գրողներէն շատեր կա՛մ բրտօրէն Պոլսէն աքսորուեցան, կա՛մ ապաստանեցան եւրոպական ափեր` ազատ ոստաններ փնտռելով իրենց ստեղծագործական աշխատանքը շարունակելու համար:
Յառաջացած ամայութիւնը «լեցնելու» ելան ընդհանրապէս անորակ եւ սուլթանին ծառայամիտ գրողներ:
Նոյն այդ մթնոլորտին մէջ, սակայն, ի յայտ եկան նաեւ նորարար ձայներ, որոնց շարքին` Պոլսոյ «Հայրենիք» օրաթերթի էջերուն գրականագիտական եւ ազգային-մշակութային ընդգրկուն յօդուածներ լոյս ընծայող մալկարացի այս երիտասարդը: Արեւմտահայ արձակի իրենց բարձրորակ մշակումով եւ դարաշրջանի ամէնէն յառաջապահ շարժումներու արձագանգով` Արտաշէս Յարութիւնեանի հրապարակումները անմիջապէս գրաւեցին ընթերցող հասարակութեան ուշադրութիւնը: Աւելի՛ն. իր ստորագրած նիւթերը Պոլսոյ գրական ամայացած հրապարակը լեցուցին եւ ջերմացուցին հայաստանեան գրականութեան կրակը արծարծող վերլուծումներով, խորհրդածութիւններով եւ գրախօսականներով:
Իբրեւ այդպիսին` Արտաշէս Յարութիւնեան մինչեւ 1908-ի սահմանադրութեան հռչակումը բառին լաւագոյն իմաստով տեղապահի դեր կատարեց արեւմտահայ գրականութեան մէջ: Նորահաս գրողներուն եւ ընթերցող հասարակութեան միջեւ կամուրջի դեր ստանձնեց:
Եւրոպական մտքի եւ գրական շարժումներուն առջեւ փակուած լուսամուտները ետ բացաւ` յատուկ ճիգ թափելով, որպէսզի հայաստանեան գրականութեան պատուաստումին ծառայեն այդ ներարկումները: Բայց մանաւանդ ներքին գաւառներու հայութեան ձայնը լսելի դարձուց հետեւողականօրէն` հայրենի հողն ու տոհմիկ աւանդութիւնները հաղորդական եւ սիրելի ընծայելով օսմանեան մայրաքաղաքի հայութեան:
Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, երբ արեւմտահայ գրականութեան գեղապաշտ սերունդը իր փառքի օրերը ապրեցաւ, երբ «Մենք»-ն ու «Մեհեան»-ը, «Նաւասարդ»-ն ու «Ազատամարտ»-ը նոր ու լայն հորիզոններու բացին հայ գրականութիւնն ու ընդհանրապէս հայ միտքը, Արտաշէս Յարութիւնեան աշխուժ մասնակիցն ու յառաջապահ դրօշակիրը մնաց վերազարթնումի եւ վերանորոգման այդ բոլոր շարժումներուն:
1913-ին վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պոլիս` աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու համար գրական հրապարակի աշխուժացման: Բայց հասունացման իր տարերքին հասած Արտաշէս Յարութիւնեանի երթը յանկարծ խափանուեցաւ 1915-ի ապրիլ 24-ին, երբ մեր հոգեմտաւոր ամբողջ սերուցքը բրտօրէն ձերբակալուեցաւ, հաւաքաբար աքսորուեցաւ եւ թրքական վայրագութեան ու գազանութեան «խրախճանքներ»-ու մէջ… նահատակուեցաւ:
Արտաշէս Յարութիւնեան իր ուրոյն տեղը նուաճեց հայ գրականութեան մէջ: Խիտ ու պատկերաւոր, խոհուն եւ գեղեցիկ իր աշխարհաբարով ու իմացական զեղումներով ան ուղի հարթեց հայ գրականութիւնը ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ իր ակունքներով ու աւանդներով վերանորոգելու եւ արդիականացնելու շարժումին առջեւ:
Իր յիշատակը վերաթարմացնող այս հակիրճ վկայութիւնը կ՛արժէ եզրափակել` «ԺԱՅՌԵՐԸ» խորագիրը կրող հետեւեալ քերթուածով.
Սա ժայռերը որոնց վըրայ բազէները կը ճախրեն,
Ուր օձերը` գալարուն` կը սողան ու կը սուլեն,
Եւ մամուռներ փաթթըւած են անոնց խիզախ կողերուն,
Ատենօք,
Աւանդութիւն մը կ՛ըսէ,
Այդ ժայռերը մարդիկ էին մեզ պէս` միսէ:
Անյիշատակ օրեր առաջ, օր մը, հո՛ն,
Խոպան ու չոր այդ ամայի վայրերէն,
Հպարտ ամբոխ մը կ՛անցնէր.
Հարսնեւորի խուժան մը` երկիրներէ հեռաւոր:
Եւ թմբուկին, դափին ձայնը յաղթական,
Երգողներուն, ծնծղաներուն հնչիւնն անուշ
Եւ շողիւններն ըզգեստներուն երփներանգ,
Դէպի հեռո՛ւն, կ՛երկննային դաշտին մէջ:
Հարսն ալ` քօղքին տակ ծածկըւած`
Իր գեղն ամուր կը պահէր:
Յանկարծ, սակայն, անզուսպ փափաք մը` հարսին
Կ՛ուռեցընէ սիրտը` որ դէմքը բանայ,
Ու բարբարոս, վայրի սիրով մը ուժգին,
Այս անծանօթ, այս ամայի վայրերուն`
Հանդիսադրէ գեղեցկութիւնն իր թրթռուն:
Ու նետելով իր քողն անդին`
Հոն ցոյց կու տայ կուսական չքնաղ դէմք մը` Արեւին:
Ալ բնութիւնը զայրացած
Ամբարտաւան գեղեցկութեան այս ցոյցէն,
Այդ ամբոխը կ՛անիծէ իր շանթերուն
Անէծքներովն անկարեկիր.
Ու բոլորն ալ քար կը դառնան, կը սառին`
Գամուած, անշարժ ու լըռին:
Հիմակ, այնտեղ, ըսպասումով մըշտական,
Այդ ժայռերը – սառած մարդիկ – կը սպասեն:
Կը նշմարուին այնտեղ շփոթ, աւրըւած,
Ու խանգարուին դիմագիծեր բազմաթիւ
Մանուկներու, պարմաններու, պառաւի:
Վայրագ աչքեր կան, ահռելի սեւեռմամբ,
Ու մոլեգին կիրքով մը բաց մընացած,
Ու կծկըւած, խորշոմած երեւոյթներ դիւահար,
Որ կը թուէր պիտի լային` ու չեն լար`
Ցաւ մը անհուն կը յայտնըւի համօրէն,
Որ այդ պահուն տանջեց զանոնք ուժգնօրէն:
Եւ դեռ հոն են, անոնք յաւէ՛տ
Պիտի մնան դեռ այնտեղ,
Արշալոյսի արեւին տակ ձիւնաւէտ
Կամ իրիկուան ցոլքերուն մէջ ոսկեհեղեղ:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Ազդակ»