«Արտէմիս, Կանանց Իրաւունքներու Պաշտպան Թերթը»
Ազատուհի Սիմոնեան–Գալայճեան անգլերէն լեզուով ներկայացուցած է սոյն ուսումնասիրութիւնը «Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եդովպիոյ Հայերը գիտաժողովին», որ տեղի ունեցած էր Գահիրէ, Ապրիլ 12 2018-ին Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպութեամբ:
19-րդ եւ 20-րդ դարաշրջանի ուշագրաւ ձեռքբերումը հանդիսացաւ կանանց ամսագիրի ստեղծումը սկսեալ «Կիթառ» գրական ընտանեկան ամսագիրէն, որ հրատարակուեցաւ ելպիս Կեսարացեանի (1830-1910 կամ 1911) կողմէ Պոլսոյ մէջ 1862-ին: 40 տարի ետք, Գահիրէի մէջ (Եգիպտոս) լոյս տեսաւ «Արտէմիս»-ը հետեւեալ ենթավերնագիրով՝ «Ամսահանդէս Ընտանեկան Եւ Գրական Օրգան Քսաներրորդ Դարու Հայ Կանանց»: Քանի մը տասնեակ տարի վերջ նշանաւոր լրագրող Հայկանուշ Մառք (1884-1964) Պոլսոյ մէջ հրատարակեց «Հայ Կին» գրական ընտանեկան ամսագիրը, որ գոյատեւեց 1919-էն մինչեւ 1932: Նոյն տարին 1932-ին, Պոլսահայ բայց Լիբանան հաստատուած գրող եւ լրագրող տիկին Սիրան Սեզա (Զարիֆեան 1903-1973), Պէյրութի մէջ հրատարակեց «Երիտասարդ Հայուհի» ամսաթերթը, որ պարբերաբար լոյս տեսաւ մինչեւ 1967թ.: Գրող տիկնայք իրենց իւրայատուկ ներդրումը ունեցան ամսաթերթերու սիւնակներուն մէջ նախքան տիկնանց յատուկ գրական ընտանեկան ամսահանդէսներու հրատարակութիւններուն: Այս ձեւով յատուկ ենթահող մը ստեղծուեցաւ, ուր կիներ կրնային պաշտպանել իրենց իրաւունքները եւ առաւել պահանջել ուսում եւ զարգացում, որոնք անհրաժեշտութիւն նկատուեցան թէ՛ տան մէջ եւ թէ՛ շրջապատի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքի ոլորտներուն ծիրէն ներս: Գրողներ՝ Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր եւ Զապէլ Եսայեան մեծապէս գնահատուեցան իրենց զանազան յօդուածներով: Անոնք քաջալերեցին բոլոր դասակարգի տիկինները, որ գրեն ու արտայայտեն իրենց կարծիքը կամ համոզումը բոլոր հարցերու շուրջ, որոնք առնչուած են հայ կնոջ կեանքին:
«Արտէմիս» ամսագիրը, որ հրատարակուեցաւ Գահիրէի մէջ, արդարեւ յաջող արդիւնքն էր Ափրիկեան հողամասի վրայ նախապատրաստուած հաւաքական ճիգին, ուր համախմբուած տիկիններ որոշեցին հիմնել մշակութային, ընկերային եւ հայրենասիրական դրսեւորում ունեցող ամսաթերթ մը, որ պիտի ներկայացնէր հայկական համայնքի կեանքը: Վիքթորիա Ռաու իր յօդուածին մէջ ենթադրութիւն մը կ’ընէ՝ թէ Պէյլէրեան իր ամսագրին անունը «Արտէմիս» կոչած էր ըստ Յունական դիցաբանութեան տուեալներուն: Յունական դիցաբանութեան մէջ «Արտէմիս» որսորդութեան եւ կենդանիներու պաշտպան աստուածուհին էր, ինչպէս նաեւ նորածին մանուկներու եւ անոնց մայրերուն աստուածուհին, մանաւանդ ծննդաբերութեան պահուն: Անոր ուշագրաւ հոգածութիւնը մայրերու եւ երեխաներու հանդէպ, անկասկած մղեցին Պէյլէրեանին, որ աստուածուհիին այս ազնիւ յատկանիշները ներմուծ է «Արտէմիս» ամսագիրին մէջ: Արդէն կողքի նկարը որսորդ աստուածուհիին պատկերն է՝ նետ ու աղեղը ձեռքին եւ ոտքին տակ առիւծի գլուխ: Կողքի «Արտէմիս» վերնագիրի տակ՝ Սողոմոն Իմաստունի հետեւեալ խօսքը կը կարդանք, «Խելացի Կինը ամուսինին Թագն է»: Ուրեմն, կողքի նկարը եւ հոն տեղադրուած Սողոմոն Իմաստունի խօսքը յստակօրէն ցոյց կու տան կնոջ ազդեցիկ ըլլալը իր միջավայրին մէջ եւ զօրավիգ ամուսինին: «Այո՛, կին մը, որ դեր կրնայ ունենալ արուեստներու եւ ընկերային զարգացման ոլորտին մէջ»:
Գրող՝ Մառի Պէյլէրեան ծնած է Պէշիկթաշ, Պոլիս 1877-ին: Ուսանած է տեղւոյն Եսայեան Աղջկանց վարժարանը, ուր հետագային նաեւ դասաւանդած է: Փոքր տարիքին՝ ան մտահոգուած էր հայ ժողովուրդի ապագայով եւ ուրեմն տարօրինակ չէր զինք տեսնել որպէս կազմակերպիչներէն մէկը Պապ Ալիի ցոյցին, որ պահանջեց սպասուած բարեկարգութիւնները իրագործել հայկական գաւառներուն մէջ, զոր Սուլթան Ապտուլ Համիտ ցարդ անտեսած էր: Ան իր յանդուգն ճառով յեղափոխութիւն շեփորեց: Հալածուելով ու մահուան դատապարտուելով ստիպուեցաւ փախչիլ ու հաստատուիլ Եգիպտոս, ուր շարունակեց իր ուսուցչական ասպարէզը, դասաւանդելով Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ հայկական դպրոցներուն մէջ: Բայց միշտ իր երազն էր ամսաթերթ մը ունենալ պաշտպանելու համար իգական սեռը, եւ որ իրագործուեցաւ 1902-ին, Գահիրէի մէջ: 1908-ին, երբ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը հռչակուեցաւ, Պէյլէրեան վերադարձաւ Թուրքիա ու կրկին նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ, նախ Զմիւռնիա կեդրոնական վարժարան եւ ապա Թոքաթ հայկական վարժարաններ: Դժբախտաբար վերադարձը մահացու վախճան ունեցաւ զինք զոհը դարձնելով 1915-ի Մեծ Եղեռնի մտաւորականներու անողոք կոտորածին:
«Արտէմիս» ամսագիրի առաջին խմբագրականը կը նշէր Պէյլէրեանի նպատակը՝ ազատ գրական ընտանեկան ամսահանդէս մը հրատարակելու, որ կրնար կանանց շինիչ մասնակցութիւնը բերել ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ: Այս առումով պիտի բացատրուի հայ կնոջ պարտականութիւնները, իրաւունքները եւ պահանջքները: Քաջալերանքի եւ զօրակցութեան հետ մէկտեղ քննադատական բաժնով պիտի մատնանշուին անոր սխալները, թերութիւնները եւ տկարութիւնները: «Արտէմիս» նաեւ պիտի ըլլայ «զարթօնքի կոչ» ուղղուած գաւառի հայ կիներուն, որոնք տգիտութենէ եւ արմատացած նախապաշարումներէ կը տառապէին: «Արտէմիս» թատերաբեմը եղաւ ոչ միայն հայ կնոջական հարցերու ներկայացման, այլ նաեւ հայ կեանքին հետ առընչութիւն ունեցող բոլոր խնդիրներուն: Քանի որ «Արտէմիս»-ը բաժանորդներ ունէր աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջ, ինչպէս՝ Մոսկուա, Փարիզ, Նիւ Եորք, Թիֆլիս, Նոր Ջուղա եւ Կարս, ահա առիթ ընծայուեցաւ այս քաղաքներու կանանց, որ իւրայատուկ յօդուածներով պարզաբան են իրենց տեսակէտները՝ սպասուած նոր կեանքի հանգրուաններուն, թէ՛ ուսման վերաբերեալ եւ թէ՛ աշխատանքի մարզերուն մէջ: Անոնք գրեցին ներկայի անցուդարձերուն մասին եւ յաճախ իրենց անձնական ընտանիքի եւ անմիջական միջավայրի մասին: «Արտէմիս» անվերապահօրէն հրատարակեց ժամանակակից հանրածանօթ գրողներու յօդուածները, այր մարդու թէ կնոջ, եւ որոնք ոչ միայն առնչուած կ’ըլլային Թուրքիոյ մէջ ապրող իգական սեռին, այլ նաեւ սփիւռքի մէջ առկայ վէճերուն: Այսպէս, «Արտէմիս»-ը առաջնորդի դեր կատարեց աշխարհի չորս կողմ գտնուող հայկական համայնքներուն:
«Արտէմիս»-ի մեծագոյն ներդրումը հայկական կեանքի մէջ դրսեւորուեցաւ իր հիմնական չորս նիւթերով.- «Կանանց հիմնական իրաւունքներ», «Մայրութիւն», «Ուսում» եւ «Ինքնապաշտպանութեան իրաւունք»: Պէյլէրեան այս չորս վարկածները կարեւոր նկատեց հայ կնոջ ազգաշինութեան դերին մէջ ու այս յատկութիւններով օժտուած նոր Հայ Կինն էր, որ ուզեց ներկայացնել իր ամսագիրին մէջ: Նոր Հայ Կինը, որ ուշագրաւ ներդրում պիտի ունենար հայկական ընկերային եւ քաղաքական կեանքին մէջ, որովհետեւ ուսեալ է եւ իրազէկ շրջապատի անցուդարձերուն եւ ուրեմն կրնայ բաժին բերել ի նպաստ ազգի բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան: Պէյլէրեան կողմնակից էր այն գաղափարին, որ հայ կինը տէրը պէտք է ըլլայ իր ճակատագրին, սակայն ան թելադրեց, որ այրերու հետ ամբողջական հաւասարութեան պահանջքը որոշ շրջանի մը համար յետաձգուի եւ արծարծուի պատեհ առիթի ազգային համախոհութեան եւ միասնականութեան մթնոլորտի մէջ : «Մանուկը» խմբագրականին մէջ, Պէյլէրեան կը ներկայացնէ ազատութեան մասին իր հանգանակը, որուն ինքը կը հաւատայ որպէս հայ կնոջ հիմնական եւ բնական իրաւունքը: Ըստ այս բանաձեւին՝ հայ կնոջ իրաւունքն է ազատ կամքով ընտրել կեանքի ընկեր, ամուսին, առանց ծնողքի պարտադրանքին, որ միշտ կը հիմնուէր թեկնածուի նիւթական հարստութեան վրայ: Նաեւ հայ կինը իրաւունք ունենայ ազատօրէն խօսելու եւ իր կարծիքները յայտնելու որեւէ հանրային հարցի շուրջ միշտ արժանանալով յատուկ յարգանքի: Ան պէտք է ազատ ըլլայ մասնակցելու բոլոր այն ձեռնարկներուն, որոնք օգտաշատ են ազգի բարօրութեան համար:
Հայ կինը եւրոպական չափանիշով զարգացնելու շուրջ ստեղծուած մտաւորականններու քննարկումներու լոյսին տակ Պէյլէրեան կ’ըսէ.- «թէ նման գաղափար առ այժմ անկարելի է իրականացնել, որովհետեւ Եւրոպացի կինը արդէն յաղթահարած է ամէն խոչընդոտ, մինչդեռ հայ կինը տակաւին իր նախնական քայլերուն մէջ է»:
Սրբուհի Տիւսաբ առաջին հայուհին էր, որ 19-րդ դարու կէսին առաջարկեց, որ հայ կինը դաստիարակուի եւ պատրաստուի նաեւ որպէս տան «մայր–ուսուցչուհին»: Պէյլէրեան որդեգրեց այս գաղափարը եւ «Արտէմիս»-ի խմբագրականներու նպատակը եղաւ պատրաստել աղջիկներ, ամուսիններ եւ մայրեր այն ցանկալի օրուան համար երբ հպարտօրէն ըսուէր «ԱՀԱ ՁԵՐ ՄԱՅՐԵՐԸ, ՏՈՒԷՔ ՄԵԶԻ ԱԶԳԸ»: Այսպիսի նորակազմ ընտանիքի մը պարագային, մայրը պիտի ստանձնէր շատ աւելի մեծ պարտականութիւններ, որովհետեւ զաւակներու կարիքներուն հասնելով հանդերձ մօր պարտականութիւնը պիտի ըլլար անոնց դաստիարակութիւնը: Անշուշտ, այս կը պահանջէ, որ մայրեր պարտին ըլլալ աւելի զարգացած մանաւանդ մայրենի լեզուի, գրականութեան, ազգային պատմութեան եւ մշակոյթի բնագաւառէն ներս : Ու ահա այս ձեւով պատրաստուած ազգին զաւակները կարենան լուսաւորուիլ ուսեալ եւ զարգացած մայրերու ջանքերով: Պէյլէրեանի համար մայրութիւնը պէտք է ըլլար մօր մը առաջնահերթ պարտականութիւնը, նոյնիսկ եթէ ան ստիպուէր կաշկանդուած մնալ տան մէջ: Ըստ Պէյլէրեանի այն տպաւորութիւնները, որ մայր մը կը դրոշմէ զաւկին կեանքին մէջ անկասկած, որ իրեն կը պարգեւեն անսահման գոհունակութիւն: Իր անցեալի հարուստ ուսուցչական փորձառութեամբ, Եգիպտոս եւ Օսմանեան Թուրքիա, Պէյլէրեան կարողացաւ «Արտէմիս»-ի էջերով ճշգրտօրէն գնահատել դպրոցներու համակարգը եւ ըստ այնմ փոփոխութիւններ առաջարկել համադրելու համար զանոնք նոր դարաշրջանի պահանջքներուն: «Դպրոցը» վերնագիրով խմբագրականը՝ Պէյլէրեանի առաջարկած տեսակէտներու ներկայացումն է, ուր ան կը քննադատէ ուսումնականի տեսական ծրագիրը եւ կ’առաջարկէ գործնական նիւթեր աղջկանց համար, որովհետեւ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրելու հեռանկարը աքսորուելու եւ տուն ու տեղ կորսնցնելու մեծ հաւանականութիւնը ունի:
Պէյլէրեան ինքնին գաղթական եղած էր եւ ճաշակած կեանքի դժուարութիւններուն դառնութիւնը: Մեծ Եղեռնէն շատ տարիներ առաջ, արդէն ան գիտցած էր, որ հայ կինը պէտք է պատրաստուի որոշ գործնական հմտութիւններ ձեռք բերել դիմագրաւելու համար ապագան, եւ կ’առաջարկէր սորվիլ դերձակութիւն, ասեղնագործութիւն կամ գորգագործութիւն: Իսկ գիւղացի աղջիկներուն համար կ’առաջարկէր սորվիլ մեղրաբուծութիւն կամ մետաքսի որդ աճեցնելու հմտութիւն եւ այլն: Արդարեւ, հայ կինը Մեծ Եղեռնի գաղթականութեան օրերուն եւ անկէ ետք կրցաւ իր հմտութիւնը ի գործ դնել, սնունդ եւ ապաստան ապահովելու համար իր տարաբախտ զաւակներուն: Պէյլէրեան իր խմբագրականներուն մէջ կ’անդրադառնայ որակաւոր ուսուցիչներու պակասին եւ մանաւանդ անոնց բացակայութեան աղջկանց դպրոցներու մէջ: Ան իր «Ինչ պէտք է ընենք» խմբագրականին մէջ կ’ըսէ, թէ՝ մեր ուսուցչուհիները նման են խանութներուն մէջ ցուցադրուող պուպրիկներուն: Անոնց հոգը միայն հագուստ ու զարդեղէն ցուցադրել է: «Մենք, կ’ըսէ Պէյլէրեան. պէտք է որ ունենանք լրջախոհ եւ բանիմաց ուսուցչուհիներ, որոնք կարող են պատրաստել մեր ապագայ մայրերը եւ ազգին առաջնորդները»: Պէյլէրեանի կարծիքով լաւ ուսուցչուհին այն է, որուն օգտաշատ գիտելիքները կրնան թափանցել աշակերտին միտքին մէջ, որպէսզի հետագային աշակերտն ալ հետեւի ուսուցչուհիի օրինակին: «Ընթերցանութիւնը, կ’ըսէ Պէյլէրեան. նոյնքան կարեւոր է աշակերտի մտային զարգացումին եւ լայն աշխարհայեացքի կազմաւորման որպէս ազգի ապագայ առաջնորդը»: Անշուշտ աղջկայ մը ուսումը գործօն ազդակ է անոր աշխատանքի ընդունման: Պէյլէրեանի համար անիմաստ է այն նախապաշարումը՝ թէ շուկայի մէջ աշխատիլը անվայել է կնոջ համար, որ յարգուած ընտանեկան դիրք ունի հասարակութեան մէջ: «Ընդհակառակը, կ’ըսէ Պէյլէրեան. կանայք կ’արժեզրկուին երբ վճառովի աշխատանքի մէջ չեն գտնուիր, մանաւանդ ներկայ 20-րդ դարու յարափոփոխ պայմաններուն մէջ»: Հայ կնոջ օժանդակութեան կարիքը կայ հօր, եղբօր կամ ամուսնոյն ապրուստի բեռը թեթեւցնելու:
«Անշուշտ, կ’ըսէ Պէյլերեան. եթէ կանայք հաւասար իրաւունք կ’ուզեն ունենալ այր մարդոց հետ, ուրեմն գործատեղիի մէջ աշխատիլն ալ պէտք է ընդունուի որպէս հաւասար իրաւունք»: «Մանաւանդ որ մարդ արարածը ծնած է աշխատանք սիրող բնածին յատկութեամբ եւ ներքին գոհունակութիւն կը ստանայ երբ աշխատանքը նիւթականով կը վարձատրուի»: «Արտէմիս»-ի «Կանանց Իւրայատուկ Աշխատանքներ» խմբագրականին մէջ, Պէյլէրեան կ’առաջարկէ, որ կանանց առաջադրուած գործերը համադրուած ըլլան անոնց բնածին կարողութիւններուն: Թէ այն աշխատանքները որոնք ֆիզիքական ոյժ կը պահանջեն՝ անոնք յատկացուելու են միայն այր մարդոց, ինչպէս կրակարան սարքելը, ծխնելոյզ մաքրելը, շոգեկառք կամ ծովագնացքներ բանեցնելը, եւ այլն: Աշխատանքի տեսակներու նման ծրագրուած բաժանումը վստահաբար ներդաշնակութիւն պիտի ստեղծէ թէ՛ ընտանիքէն եւ թէ ընկերութեան կեանքէն ներս, կ’ըսէ Պէյլէրեան:
Մառի Պէյլէրեանի «Կնոջ Աշխատանքին Ստորաբաժանումները» խմբագրականին մէջ՝ ան կը զատորոշէ այն աշխատանքի տեսակը, զոր կին մը ընդգրկելու է: Ան կը հաւատայ, որ գործը պատշաճելու է կնոջ խառնուածքին եւ անոր արժանաւորութեան պահպանման: Ան կը դատապարտէ գինետուներու, սրճարաններու, սափրիչատուներու մէջ եղած աշխատանքը: Եթէ անընդունելի է, որ այր մարդը ասեղնագործ աշխատի, գուլպայ հիւսէ, կիներու մազը սանտրէ, նոյնքան անընդունելի է կնոջ մը համար այր մարդուն դէմքը ածիլելը: Կնոջ աշխատանքը արժեւորելու համար հարկաւոր է նկատի ունենալ նաեւ այրերու եւ կիներու առանձնայատկութիւնները այն գործին նկատմամբ, որ անոնք որդեգրելու են: Ֆիզիքական ուժ պահանջող գործերը պէտք է տրուին այր մարդոց ինչպէս փուռ աշխատցնելը, նաւ ղեկավարելը, շոգեկառք բանեցնելը իսկ կիներուն վերապահուի իրենց ուժին համազօր աշխատանք: Գործի այս բաժանումը ներդաշնակութիւն պիտի ստեղծէ տուեալ ընկերութեան այրերուն եւ կիներուն միջեւ լուծելու ընտանիքին առջեւ ծառացող խնդիրները:
«Արտէմիս»ի էջերուն մէջ կը հանդիպինք նաեւ Պէյլէրեանի արմատական գաղափարներուն, որոնք ընկերութեան կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կ’առաջադրեն: Ան կը շեշտէ կարիքը հայ ընտանիքի կառոյցը կերպարանափոխելու: Չարիքը կը կայանար այն ամուսնութիւններուն մէջ, որոնք գաւառներու մէջ մասնաւորաբար ծնողներու կարգադրութեամբ եւ հրամանաւ տեղի կ’ունենային: Ըստ իր «Կեսուրը» խորագրուած պատմուածքին, որ կը ցոլացնէր գաւառային կեանքը, հայրեր համաձայն կը գտնուէին իրենց աղջիկները ամուսնացնել շատ կանուխ տարիքէն այն երիտասարդներուն հետ, որոնք ամենաբարձր դրամօժիտը կ’առաջարկէին տիրանալու համար տուեալ հարսնցուին: Ըստ Պէյլէրեանի նման ամուսնութիւններու պարագային կինը լռութեան կը դատապարտուէր եւ որեւէ խօսք չէր կրնար ունենալ ընտանիքի որոշումներուն մէջ: Իր տիտղոսը «սպասուհի» էր այսինքն ծառայող եւ իրմէ կ’ակնկալուէր ծանր տնային աշխատանք իր կեսրոջ բռնատիրական իշխանութեան տակ: Երիտասարդ հարսն ու ամուսինը արտօնուած չէին որեւէ զգացում արտայայտելու իրարու հանդէպ ընտանիքի անդամներու ներկայութեան: Այս կացութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Պէյլէրեան տեսնէ կարիքը արթնցնելու կարգադրուած ամուսնութիւններու զոհ հանդիսացող կիները տէր կանգնելու իրենց պարտականութիւններուն եւ իրաւունքներուն եւ միեւնոյն ատեն զիրենք պատրաստելու առողջ ամուսնական կեանքի: Ան կը ջատագովէր փոխադարձ սիրոյ եւ հասկացողութեան ներկայութիւնը որպէս հիմք որեւէ ամուսնական միութեան, որ կը յարգէր կեանքի ընկեր ընտրելու ազատութիւնը: Միայն նման ամուսնութիւններ ազգը պիտի օժտէին բարձր կարողութեան տէր ապագայ սերունդներով 20-րդ դարու յառաջացած արհեստագիտական ոլորտին մէջ: Եթէ աւելի համեստ դասակարգի կիներ պէտք ունէին արմատական բարելաւման, դառնալու համար ընկերութեան պիտանի անդամներ, բարձր դասակարգի կիներ եւս կարիքը ունէին ամբողջական բարեփոխութեան: Անոնք արտաքին երեւոյթներու, ճոխութեան եւ հարստութեան վրայ հիմնուած կեանք մը կ՛ապրէին ծուլութեամբ յատկանշուող եւ հարուստ փեսացուի մը փնտռտուքով: ՊէյլԷրեան այս կիները ընկերութեան համար վնասակար կը նկատէր եթէ անոնք փոխուելով պատասխանատուութիւններ չվերցնէին որպէս ընկերային գիտակցութիւն ունեցող անդամներ այն հաւաքականութիւններուն որուն մաս կը կազմէին:
Իր խմբագրականներուն մէջ Պէյլէրեան իտէալ կինը կը պատկերացնէ ոչ անպայման միջին դասակարգի ընտանիքներուն պատկանող: Ան կը նկարագրէ կինը որպէս անկախ մտածողութեան տէր անհատ, գտնելու հնարամիտ կերպեր իր ուսման կարելիութիւններով ծառայելու ընկերութեան: Ան, որակաւոր ուսուցչուհի է եւ կը ներշնչէ իր իգական սեռի աշակերտներու միտքերը: Անոնցմէ աւելի բարեկեցիկները դպրոցներու, որբանոցներու, ծերանոցներու հիմնադիրներ են եւ լծուած են բարեսիրական ծառայութեանց: Իտէալ կինը՝ լուսամիտ դաստիարակ մայրն է՝ գաղափարակից եւ կարող կին մը իր ամուսնին: Ան կատարեալ տանտիրուհի է, եւ եթէ տունէն դուրս գործ ունի, ան ի վիճակի է ներդաշնակել իր տան եւ ասպարէզի պատասխանատուութիւնները: «Իտէալ կիները» խմբագրականին մէջ Պէյլէրեան կը շնորհաւորէ Անատոլիայէն երկու կիներ, որոնք բժշկութիւն եւ ճարտարագիտութիւն ուսանելով Միացեալ Նահանգներ, վերադարձած են իրենց բնօրրանը ծառայելու համար իրենց հայրենակիցներուն: Փոխանակ ապրելու քաղաքակիրթ աշխարհի մը մէջ ՝ իր բոլոր առաւելութիւններով, անոնք իրենց հանգիստը զոհելով՝ մեկնած են Անատոլուի հեռաւոր ու խուլ գիւղերը որպէսզի աղքատութեան եւ վատառողջութեան մէջ տուայտող իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն պէտք եղած բժշկական հոգատարութիւնը հասցնեն՝ մարդասիրական եւ բարոյական օգնութեան կողքին:
Վերջաբան
Թէեւ «Արտէմիս» կարճ կեանք մը ունեցաւ, բայց ան իրագործեց իր առաքելութիւնը հրատարակութեան երկու տարիներուն ընթացքին: «Արտէմիս» ջատագովեց հաւասարակշռուած կեցուածք մը արեւմտեան ֆեմինիզմի հարցերուն եւ անոր ազատագրութեան հետ կապուած խնդիրներուն: Միեւնոյն ժամանակ, «Արտէմիս» պահանջեց հայ ազգի կեանքին մէջ կնոջ գրաւելիք տեղը իրաւահաւասար գետնի վրայ:
Վիքթորիա Ռաուի հատորը նուիրուած է վեց հայ կին գրողներու, որոնցմէ մէկը «Մարի Պէյլէրեան եւ «Արտէմիս» խորագիրը կը կրէ եւ Լերնա Էքմէքճիօղլուի յօդուածը՝ «Արտէմիս» Հայ Կանանց Հանդէսը Հրատարակուած Եգիպտոսի մէջ 1902-1904», որոնք կը պեղեն վերոյիշեալ հանդէսի կոյս հողը միաժամանակ քաջալերելով նոր բանասէրներու եւ հետազօտողներու յայտնութիւնը: Այսօր, անհրաժեշտութիւն է ամբողջական արժեւորումի ենթարկելով նաեւ բացայայտելու «Արտէմիս»-ի բերած եզակի նպաստը հայ կանանց բարձր կարգավիճակի նուաճումին 20-րդ դարու սկիզբը :
Ազատուհի Սիմոնեան–Գալայճեան
Գահիրէ, Ապրիլ 12, 2018