Արփի Մաղաքեանի «Արքայական հեքիաթաշար» գիրքերու շնորհահանդէսը՝ Տորթմունտ քաղաքին մէջ
Յունիս 16-ին, Գերմանիոյ Տորթմունտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է հեքիաթագիր Արփի Մաղաքեանի «Արքայական հեքիաթաշար» գիրքերու շնորհահանդէսը, տեղւոյն «Մենք» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ։ Հեղինակը հայ համայնքին ներկայացուցած է «Տիգրան Մեծ» եւ «Արտաւազդ արքայ» հեքիաթագիրքերը:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուողները առիթ ունեցած են վայելելու գեղեցիկ նկարազարդումներով որակեալ գիրքերը, հանդիպելու անոնց գլխաւոր կերպարներուն հետ եւ աւելին իմանալու Արտաշիսեան թագաւորական տոհմի մասին: Բացի ատկէ, անոնք հարցումներ ուղղած են Արփի Մաղաքեանին եւ բացայայտած հեքիաթներու ստեղծման գաղտնիքները:
“Դժուարութիւնները, յոգնութիւնը կը չքանան, երբ մուտք կը գործես սրահ մը, ուր հայու գեղեցիկ աչքեր կան։ Այդ աչքերուն մէջ այնքա՜ն կարօտ կայ, այնքա՜ն չըսուած բառեր կան… այնքա՜ն հայրենիքի, արմատներու մասին նորը իմանալու փափաք կայ”,– ըսած է հեքիաթագիրը։
Արփի Մաղաքեան կը բնակի Հայաստան. անոր հեքիաթագիրքերն են՝ «Երեւանեան հեքիաթներ» (2019), «Արեւի համբուրած Շուշին» (2022), «Արտաւազդ արքայի հեքիաթը» (2023), «Տիգրան Մեծ արքայի հեքիաթը» (2024)։
«Նոր Յառաջ»