ԵԹՈՎՊԻԱ – Բեմադիրներ Գալայճեանի եւ Պապոյեանի «Թեզեթա» ֆիլմը միջազգային փառատօնին արժանացած է մրցանակի
Բեմադիրներ Արամազդ Գալայճեանի եւ Գարեգին Պապոյեանի «Թեզեթա» գեղարուեստական-վաւերագրական ֆիլմը «Ատտիս»-ի 18-րդ միջազգային փառատօնին (Ատտիս-Ապեպա (Եթովպիա), Մայիս 15–19) արժանացած է «Հանդիսատեսի ընտրութիւն» մրցանակին։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի ազգային շարժարուեստի կեդրոնը։
Ժապաւէնը՝ երաժշտութեան մասին պատմութիւն մըն է, որ տարիներով եղած է երկու մշակոյթներու միջեւ կապ հաստատող ամուր կամուրջը։ Գէորգ Նալբանդեան (1930-1974) Եթովպիոյ առաջին ազգային փառերգի հեղինակն է, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած քառասուն հայ որբերու հետ Եթովպիոյ կայսր Հայլէ Սելասիէի հրաւէրով գացած է Եթովպիա եւ հետագային հիմնադրած կայսերական փողերային նուագախումբը։ Ապա անոր զարմիկը՝ Ներսէս Նալբանդեան, հիմք ունենալով կայսերական նուագախումբի կատարած երաժշտութիւնը, ստեղծած է ժամանակակից եթովպիական ճազային երաժշտութիւնը։
«Նոր Յառաջ»