Գալիֆորնիոյ աւանդական՝ Վարդերու շքերթին հայկական ծաղկասայլը արժանացած է յանձնախումբի յատուկ մրցանակին
Արդէն 130 եւ աւելի տարիէ ի վեր ամերիկեան աւանդոյթ մը կայ. Գալիֆորնիոյ նահանգի Փասատինա քաղաքին մէջ Նոր տարին կը սկսի Վարդերու շքերթով:
Շուրջ 135 տարի շարունակ «Փասատինայի վարդերու մրցաշարերու ընկերակցութիւն»ը Փասատինա քաղաքէն ներս կը կազմակերպէ նահանգի շքերթներուն մէջ ամենէն մեծը՝ Վարդերու շքերթը: Այս շքերթին, 2015 թուականէն սկսեալ կը մասնակցի նաեւ Գալիֆորնիոյ հայկական համայնքը, որ նահանգի համայնքներու մեծագոյններէն մէկն է՝ իր բազմաթիւ կառոյցներով:
Արդէն շուրջ ինն տարիէ ի վեր հայ համայնքի զարդարած ծաղկասայլը հայկական նիւթ մը ներկայացնելով կը մասնակցի Վարդերու շքերթին եւ սովորաբար կը գրաւէ մասնակիցներուն ուշադրութիւնը, կ՚արժանանայ մրցանակներու, իսկ 2017 թուականին ալ ճանչցուած է լաւագոյնը:
Այս տարի նոյնպէս հայերու պատրաստած վարդերու ծաղկասայլակը արժանացած է յանձնախումբի յատուկ մրցանակին: Հայկական սայլին համար գործածուած է շուրջ 90 հազար ծաղիկ եւ կառքը զարդարած են 600 կամաւորներ՝ համայնքէն: Հայ համայնքը այս ձեռնարկին վրայ ծախսած է 350 հազար ամերիկեան տոլար: Այս ամէնը կը համակարգէ տասը տարի առաջ ստեղծուած Ամերիկեան ծաղկասայլի հայկական ընկերակցութիւնը, որ հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը ներկայացնող այս ձեռնարկի գումարները կը հայթայթէ զանազան միջոցներով:
Հայկական շարժական սայլակը, խումբ մը հայերով շրջապատուած, կը շարժի քաղաքի գլխաւոր պողոտայէն: Ոչ միայն հայերու սայլը, այլեւ շքերթի մասնակից բոլոր սայլերը դիտելու կ՚ելլեն հազարաւոր բնակիչներ, զբօսաշրջիկներ, որոնք յատուկ այս արարողութեան համար ժամանած կ՚ըլլան Փասատինա:
Այս շքերթը լաւագոյն միջոցն է բազմազգ նահանգին մէջ ապրող զանազան ազգերու մշակութային հաղորդակցութեան համար, եւ հայերը առիթը կ՚արժեւորեն՝ ծաղկասայլի միջոցով ներկայացնելու մեր մշակոյթը, պատմութիւնը, հարուստ աւանդութիւնները: Այդ ամէն ինչը կը կատարուի զանազան ծաղիկներու եւ զարդարանքներու միջոցով: Մասնակից բոլոր համայնքները կը ջանան ներկայացնել մէկը միւսէն հետաքրքրական, շքեղ եւ գրաւիչ ծաղկային սայլակներ, որոնց միջոցով պատմութիւններ կը պատմուին:
Ամէն տարի Վարդերու շքերթը նշանաբան մը կ՚ունենայ: Այս տարուայ նշանաբանն է՝ «Տօնենք համաշխարհային երաժշտութիւնը»:
Երաժշտութիւնը հաղորդակցութեան հզօրագոյն միջոց մըն է, որ կարող է միաւորել սիրտեր եւ հոգիներ, ջնջել երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանները:
Հայերը այս տարի հայոց երաժշտութեան բազմադարեան աւանդութիւնները համադրած են մեր պատմութեան հետ, եւ գլխաւոր ըսելիքը առընչելով Արցախին՝ նիւթ մը ներկայացուցած են, որ մէկ կողմէ տխուր իրողութիւններ ցոյց կու տայ, միւս կողմէ՝ ապրելու եւ արարելու կամք: Հայկական ծաղկասայլի գլխաւոր կերպարը կին մըն է, որ մանուկը վեր պահած, կարծես զայն կը փրկէ աղէտներէ, փորձանքներէ, կը պաշտպանէ իր մայրական ձեռքերուն մէջ: Կազմակերպիչները յայտարարած են, որ այսպէս եղած է մեր ողջ պատմութեան ընթացքին եւ Արցախի վերջին գաղթն ալ ցոյց տուաւ, որ հայ մայրը առաջինը իր մանուկը գրկեց եւ փախցուց վտանգէն: Մայրը միշտ հայ տունին հիմքը եղած է, իսկ հայ ընտանիքը դարէ դար գոյատեւած է նաեւ խելացի հայ մօր շնորհիւ: Մէկ կողմէ մայրը մանուկը հեռու կը պահէ վտանգէն, բայց միւս կողմէ այս կերպարին մէջ կարելի է տեսնել պարող ձեռքեր, որոնք մանուկը վեր հանած են պարելու ժամանակ: Ամէն մէկը իւրովի կը մեկնաբանէ հայկական ծաղկասայլի այս մտայղացումը:
Ծաղկասայլի ձեւաւորումին մէջ ներկայացուցած են հայկական երաժշտական գործիքներ, պարուհիները հայկական երաժշտութեան ներքոյ պարելով շարժած են ծաղկասայլին հետ: Ձեւաւորումին մէջ կան նաեւ հայկական բնաշխարհին յատուկ թռչուններու կերպարներ, որոնց դայլայլը ինքնին երաժշտութիւն է:
Դուդուկը, շուին, պարկապզուկը, սրինգը, դհոլը անգամ մը եւս ներկայացուեցան աշխարհին, իբրեւ հայկական երաժշտութիւնը հոգեհարազատ կերպով վերարտադրող գործիքներ: Հայկական ծաղկասայլին անունը այս տարի «Հայկական մեղեդիներ» է:
Գալիֆորնիոյ մէջ տակաւին կը շարունակուին տարուայ առաջին օրուան տօնական շքերթին արձագանգները:
Այս տարուայ Վարդերու շքերթին մասնակցած է աւելի քանի ութ հարիւր հոգի, շքերթը հեռարձակուած է ուղիղ եթերով եւ աւելի քանի յիսուն միլիոն դիտում ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ մօտաւորապէս երկու հարիւր երկիրներու մէջ:
1890 թուականին սկիզբ առած այս շքերթը ոչ մէկ տարի յետաձգուած է, անոր իրականացման աւանդոյթը երբեք չէ խախտուած. միայն երեք անգամ՝ համաշխարհային երկու պատերազմներուն եւ Քովիտ համաճարակին ժամանակ շքերթը չէ կայացած: Ամերիկեան մեծ ճգնաժամերը, սակայն, երբեք չեն խանգարած, որ վարդերով ու գունաւոր ծաղիկներով զարդարուած սայլակները եւ անոնց ուղեկցողները տարուան մէջ մէկ օր քալեն ամերիկեան այս քաղաքի գլխաւոր պողոտայէն եւ հազարաւոր մարդիկ մասնակից ըլլան այս իւրայատուկ ծաղկային տօնին: Աշխարհի ամենայայտնի ծաղկային փառատօներէն մէկն է Վարդերու շքերթը: