Գահիրէի մէջ լոյս տեսաւ Մարուշ Երամեանի «Մենք ու մերոնք» գիրքը
2024-ի վերջերը, Գահիրէի մէջ լոյս տեսաւ հալէպահայ գրող Մարուշ Երամեանի «Մենք Ու Մերոնք» գիրքը, տպագրութիւնը՝ Nubar Digital-ի։
Հեղինակը գիրքին մասին դիմատետրի իր էջին վրայ հետեւեալը կը գրէ.
« Եթէ չըլլար Սուրիոյ, մանաւանդ Հալէպի վրայ սանձազերծուած պատերազմը 2011 թուականէն սկսեալ, այսօր իմ զաւակներս եւս, որպէս 5րդ սերունդ, պիտի շարունակէին ապրիլ Հալէպի մէջ:
Ե՛ւ հօրենական, ե՛ւ մօրենական պապերս Հալէպ եկեր են Ջարդերէն բաւական առաջ, կայք հաստատեր, բարգաւաճեր այնտեղ, եւ ունեցեր են իրենց դերն ու ազդեցութիւնը այդ օրերու Հալէպին վրայ, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ պատմական առումներով:
Այս գիրքը իրենց մասին է՝ պապերուս, հօրս, մօրս, որոնց երակներուն մէջէն անցաւ արեւմտահայուն արիւնը, հասաւ ինծի եւ հիմա կը հոսի զաւակներուս եւ թոռնուհիիս` Նովային երակներուն մէջէն:
Իրենց պատմութիւնն է եւ իմ յարգանքի եւ սիրոյ արտայայտութիւնս իրենց եւ զաւակներուս»: