Ժամանակի Պատմագիրն ու Վկան. Կայացած է «Զահրատ։ 100 Բանաստեղծութիւն» Ժողովածուին Շնորհանդէսը
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան երեւանեան գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Խ.Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնին համագործակցութեամբ օրերս լոյս տեսած է «Զահրատ։100 բանաստեղծութիւն» ժողովածուն, իսկ այսօր Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանին մէջ կայացած է ժողովածուին շնորհանդէսը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան երեւանեան գրասենեակը։
«Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Խ.Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնին համագործակցութեամբ օրերս լոյս տեսած է «Զահրատ։100 բանաստեղծութիւն» ժողովածուն։
Հոկտեմբեր 10-ին, Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանին մէջ կայացաւ ժողովածուին շնորհանդէսը։
Շնորհանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան։
«Զահրատի բանաստեղծութիւնը նշանաւոր է երեք կարեւոր հանգամանքներով։ Նախ, որ այն պարզ է, մաքրամաքուր ու անպաճոյճ։ Երկրորդ` նա պատմողական բանաստեղծութիւն է ստեղծել, եւ երբ կարդում ենք, կարծես հեքիաթ ենք կարդում։ Երրորդ առանձնայատկութիւնն էլ այն է, որ Զահրատը բանաստեղծութեան մղջ ստեղծում է կերպարներ, որոնք համամարդկային են»,- իր խօսքին մէջ շեշտեց Ռուզան Առաքելեան`առանձնացնելով Զահրատի իւրայատուկ տողն ու գիրը պոլսահայ գրականութեան մէջ։
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով ներկաներուն ողջոյնի խօսք յղեց ԿՎ անդամ Արտաշէս Շահբազեան։
«Զահրատը մեզ համար նաեւ ժամանակի պատմագիր է ու վկայ։ Եւ այս իմաստով շատ կարեւոր է, որ հրատարակելով այս գիրքը` կարողանանք այդ ժառանգութիւնը փոխանցել այսօրուայ ու վաղուայ սերունդներին»,- ընդգծեց Արտաշէս Շահբազեան։
Զահրատ բանաստեղծի մասին իր սրտի խօսքը ըսաւ գրականագէտ, սոյն ժողովածուի կազմող Սուրէն Դանիէլեան։ Ան շեշտեց, որ Զահրատը կը գրէր մարդու մասին` տառապող մարդու մասին։ «Յիշում եմ նրա նշանաւոր մի արտայայտութիւն` թախծոտին կեանք ու խինդ, իսկ մեռնողին` յիշատակի զօրութիւն։ Զահրատը մեր պոեզիայի համար բերեց այդ կեանքն ու խինդը։ Զահրատը նաեւ վերադարձրեց Պոլսին նրա առաջնային դերը։ Նա նոր արթնութեան նշան էր»,- կարեւոր համարեց Դանիէլեան` նաեւ նշելով, որ բոլորս ալ Զահրատի ստեղծագործութիւններուն տիպարներն ենք` տառապող, մենութիւն ու երկուութիւն ապրող մարդու տեսքով։ Ուստի` Զահրատը կ՝ապրի բոլորիս մէջ։
Խօսք ըսին նաեւ գիրքի խմբագիր, գրականագէտ Քնարիկ Աբրահամեանը, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանը, գրականագէտ Նոնա Դաւթեանը։
Շնորհանդէսի ժամանակ Զահրատի երգի վերածուած բանաստեղծութիւնները կատարեց ամերիկահայ երգիչ, թարգմանիչ Պերճ Թիւրաբեան։
Բանաստեղծի ստեղծագործութիւններէն ընթերցեցին դերասան Արամ Կոստանեանը եւ ասմունքող Գայանէ Սամուէլեանը։
Ձեռնարկը ամփոփուեցաւ գրադարանի տնօրէն Ռուզաննա Բարսեղեանի խօսքով։
Նշենք, որ գիրքը լոյս ընծայուած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արեւիկ Գաբրիէլեանի հովանաւորութեամբ, որուն միացած են նաեւ Պերճ եւ Անահիտ Թիւրաբեանները, Արթօ եւ Զապէլ Խրիմեանները եւ Լենա Օհաննէսեան-Սթրիթըրը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։