Երկու մտորում՝ օրուան համահունչ
Ի՜նչ լաւ է, երբեմն դարձնել էջերը այն հատորներուն, որոնք կտակուած են միտքի մարդոց կողմէ: Յաճախ ալ հոն գտնել այժմէական միտքեր, մեր օրերուն զուգահեռ դրուագներ, մերօրեայ կեանքին համահունչ մտորումներ, որոնք պիտի կրնային ուղղորդել շատերը, եթէ… անոնք տրամադիր ըլլային անսալու անոնց:
Ուրեմն, այժմ թերթենք ֆրանսահայ գրող, բժիշկ, հրապարակագիր Շաւարշ Նարդունիի (Ասքանազ Այվազեան) երկու տարբեր գրութիւնները, որ կարծէք ան գրած է այս օրերուն: Առաջինը՝ «… Ամէն Բանէ Վեր», երկրորդը՝ «Կարօտ Հայ Լեզուին»:
Առաջին գրութեան մէջ, դէպքը կը պատահի Երկրորդ Աշխարհամարտի վաղորդայնին, երբ Գերմանիա խորտակուած է ամբողջովին. երկիրը համատարած աւերի ու աւարի մէջ: Ընկճուած է երէկուան գոռոզ Գերմանիան. շնչելու իսկ կարողութենէ զրկուած: Բայց ի զարմանս Փարիզ ապրող հեղինակին, ահա թէ ինչ կը պատահի. «Մեր անթելը կը հաղորդակցի Պերլինի հետ: Այս ժամուս, գերմանները նուագահանդէս են սարքեր:
Գիշեր: Փարիզ հետզհետէ կը խելօքնայ: Ու մենք, հոս, խաղաղութեան մէջ ընկղմած, հիւանդի պէս ուժաքամ, մտիկ կ’ընենք հեռաւոր գերմանացիներուն:
Այժմ կ’աւարտի նուագահանդէսը: Փակումը կը կատարուի գերման ազգային երգով.
Գերմանիա՜, ամէն բանէ վեր…»
Գրութիւնը կը շարունակուի. «Երկու ականջներս ձգեցի գրասեղանին վրայ: Առի երկու աչքերս եւ ճամբայ ելայ դէպի Պերլին: Ջերմեռա՜նդ ժողովուրդ: Լո՜ւռ, կը խմէ երաժշտութիւնը, որ անուշ է, միստիկ եւ բարկ:
-Ո՜վ գերմանացիներ, պատերազմ ըրիք ու յաղթուեցաք: Բայց, այս իրիկուն, դարձեալ, հաւաքուեր էք՝ ամբաստանեալ ու ամբաստանող, քով քովի, եւ կ’երգէք.
Գերմանիա՜, ամէն բանէ վեր…»
Ի՞նչ տեսանք եւ լսեցինք այս վերջին ամիսներուն. բացի պարտութեան անողոք դառնութենէն, զիրար վարկաբեկելու, մեղադրելու, գռեհկօրէն խծբծելու, մեղաւորներ բացայայտելու տենդագին արշաւ մը: Երկար է շարքը մեղաւորներուն, սակայն եթէ այս ինքնակործան ոլորապտոյտը շարունակուի, նոր աղէտներ չենք կրնան բացառել: Փոխանակ զգաստութեամբ եւ պատասխանատու լրջութեամբ վէրքերը ամոքելու եւ նորովի թարմանալու, ազգովին կը գլտորինք խորխորատը ինքնաքայքայման: Անձ մը, հրամանատար մը, միայն մէկ հատուած մը չեն պարտուողները, այլեւ՝ ազգը ամբողջ եւ հետեւաբար՝ միայն ազգովին կարելի է յաղթահարել խոչերը եւ հաւաքաբար ծառանալ գալիք մարտահրաւէրներուն դիմաց: Այս գիտակցութեան համար, այս մշտահունչ ղօղանջին ի խնդիր, ահա Շ. Նարդունի օրինակը ունի գլխովին ջախջախուած Գերմանիան, որ իր ամենամռայլ օրերուն, բոլորը միասնաբար խանդավառօրէն երգեցին՝ «Գերմանիա՜, ամէն բանէ վեր…»:
Ինչպէս այսօր, իր օրերուն եւս հայ կեանքը ապրած է նոյնանման օրեր. «Իսկ մե՞նք: Բզկտեցի՜ն մեզ՝ ուրիշները, փրցուցին մեզ՝ մեր հողէն, ինչպէս ծաղիկը թաղարէն: Նետեցին մեզ ամպավարիկ երկիրներ: Ու հիմա, ափսո՜ս, մեր ժողովուրդը ինքզի՜նքը կը բզկտէ, եղբայրը եղբօր արիւնը կը գողնայ, զի չունի՜ իր «… ամէն բանէ վեր»ը, որ լռեցնէր, խոնարհեցնէր ու ներշնչումի նստեցնէր»:
Արդեօ՞ք կրկնօրինակին ականատեսը չենք հիմա: Բարեփոխութիւն կրնա՞ք նշել միթէ: Այսքա՜ն համանման զուգահեռներ վերապրիլ, դժուար է հաւատալ: Եւ հեղինակին մաղթանքն է. «Եւ թող մեր ժողովուրդը հետեւի ձայնիդ, բոցի պէս ժայթքի երգը թոքերէն ցնծութեամբ եւ արցունքով, դղրդագին ու ահեղ, կիրքերը դադրած, կարգապա՜հ ու սիրալիր. ե՜րգը, տէ՜ր, մեր երգը, տո՜ւր, որ երգենք մեր երգը.
Հայաստա՜ն, ամէ՜ն բանէ վեր…:»
Առանց Տիրոջ ապաւինելու, մի՞թէ կարելի չէ ունենալ մեր ազգային կարգախօսը՝ Հայաստա՜ն, ամէն բանէ վեր…:
Երկրորդ գրութիւնը կարօտագին զեղում մըն է հայերէն լեզուին շուրջ, որ կը սկսի այսպէս. «Երկար ատենէ ի վեր՝ հայերէն չեմ խօսած»: Յետոյ զրոյց մըն է կատուի մը հետ՝ հայերէն լեզուով: Կատուն հայերէն գրութեամբ թղթիկ մը կը բռնէ ճանկերով: Եւ հեղինակին կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ հոս ինկեր է», ան կը պատասխանէ՝ «Մենք հիմա ինկած ենք ամէն կողմ»: Եւ երբ նիւթ կը դառնայ հայոց մասին եւ կատուն կ’ուզէ իմանալ մեր պատմութիւնը, հեղինակը կ’ըսէ՝ «Երկա՜ր պատմութիւն»: Ահա կատուին դիպուկ պատասխանը եւ այնքա՜ն համահունչ մերօրեայ իրականութեան. «Խօսքը ժամանակի կորուստ է, առարկեց կատուն, աչքերը բացխփելով: Եթէ կ’ուզէք յաջողիլ, մեզի պէս ըրէք: -Երբեք չխօսիլ: Եւ երբեք չխղճալ մուկերուն: Երբեք երախտագիտական զգացում չունենալ, ապերախտ ըլլալ նոյն իսկ տիրոջ հանդէպ: Երես դարձուցէք զգացումներուն: Եթէ մանուկի մը ձեռքը կարագ կայ, բարեկամացէք: Ձեր կռնակը քսեցէք անոր մերկ ոտքերուն: Մանուկը հաճոյք կը զգայ մուշտակէն եւ կը ձգէ ձեռքի կարագը: Յափշտակեցէք, կերէք, եւ գացէք երազել տաք օճախին անկիւնը: Եթէ տանտիրուհին գոռայ ու պոռայ իր տղոցը, դուք փակեցէք ձեր աչքերը, քնանալ ձեւացուցէք: Սակայն միշտ արթո՜ւն եղէք, պատրաստեցէք ճանկերը՝ եթէ ծեծելու գան»: Եւ կատուին գործնական խրատն է՝ «Զգացումները կը մոլորեցնեն ձեզ…»:
Գործնապաշտ քաղաքականութեան մը այլաբանական պատկերն է այս՝ հեռու զգացական, վիպապաշտ եւ երազային երանգներէ: Ի՞նչէ տառապած ենք առաւելաբար՝ եթէ ոչ՝ գործէ աւելի խօսքերու շռայլութենէն, ճոռոմաբան ելոյթներէ, շրթնային մարտունակութենէ: Սակայն՝ կեանքը ուրիշ կանոններով է որ կը թաւալի: Ինչքա՜ն ամբոխավառ ելոյթներ լսեցինք անցեալ տասնամեակներուն եւ պարզուեցաւ՝ խօսքեր են եւ ոչ գործեր: Մեր աշխարհագրական դիրքը կը պարտաւորեցնէ ունենալ ճանկեր եւ հեռու մնալ զգացական թրթիռներէ: Աշխատիլ միտքով, հաշուարկով եւ հաշիւով եւ ոչ թէ բարեպաշտական պատուիրաններով: Թշնամիներ չե՞ն նկատած մեր այս թուլութիւնը: Չե՞ն նշմարած այն թերութիւնները, որոնք եղան մեզմէ անբաժան: Ահա թէ ինչու ֆրանսահայ մտաւորականը կատուին ընդմէջէն կը փոխանցէ իրապաշտ քաղաքականութեան մը սկզբունքները, գոյատեւելու համար՝ խորամանկելու նուրբ արուեստը: Եւ այս, տասնեակ տարիներ առաջ, որոնք անշուշտ մնացած են անլսելի, անարձագանգ:
Այնուամենայնիւ, վերոնշեալ մտորումները կը բղխին անցեալէն, մեր ցաւոտ պատմութենէն եւ կ’առնչուին մեր օրերուն: Յաւելեալ ինքնաճանաչումէ ետք, անյապաղօրէն պէտք չէ՞ սրբագրուին խոցելի կէտերը մեր կեանքին: Օրուան համահունչ միտքեր չե՞ն անոնք:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ
«Արարատ» 2 Յուլիս 2021