ԸՆԹԵՐՑԵԼՈՎ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆԻ «ՆԱՄԱԿԱՆԻ Յ. ԳԵՂԱՐԴԻ ՀԵՏ» ԳԻՐՔԸ

Բախտաւորներէն եղած եմ զայն ճանչնալու Կիպրոս ոտք դրած օրէս, դարձած ենք բարեկամներ, որոնք կը մնան սրտամօտ ու անդաւաճան, որքան ալ տարիներն ու հանգամանքները իրենց յարափոփոխ պայմաննները պարտադրեն մեզի:
Վերջերս, 4 Մարտ 2024-ին, իր գեղեցիկ ընծայագիրով ստացայ իր նոր գիրքը՝ «ՆԱՄԱԿԱՆԻ Յ. ԳԵՂԱՐԴԻ ՀԵՏ» վերտառութեամբ, հրատարակուած 2023-ին, Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» տպարանին կողմէ ի Պէյրութ եւ խմբագրութեամբ Եղիա Գայայեանի:
Նամակագրութիւնը գրականութեան իւրայատուկ սեռ է, ուր նամակագիրները ամենայն ակեղծութեամբ եւ անմիջականութեամբ կ’արտայայտեն իրենց առօրեայ յոյզերն ու խռովքները, միտքերն ու ապրումները՝ հոգիէ հոգի ծիածանումով, առանց այսպէս ըսած «գրականութիւն» ընելու երբեմն արուեստակեալ ճիգին: Անսեթեւեթ եւ ինքնաբուխ արտայայտչականութեամբ: Մաքրամաքուր արուեստով: Այս պարագային, նամակները երկուստեք կը դառնան նաեւ օգտաշատ եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ պարունակող սկզբնաղբիւրներ կամ տեսակ մը արխիւ՝ Կիպրոսի, Լիբանանի հայագաղութներուն մասին: Անոնց կրթական-մշակութային կեանքի մասին: Անոնց հայապահպանումի եւ հայակերտումի անխոնջ պայքարի մասին: Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու թոհուբոհին մասին, սփիւռքահայ կեանքի վերիվայրումներուն մասին, որոնց մէջ կ’առկայծին միշտ սէրը, նուիրումը հայ մշակոյթին, հայ գիր ու դպրութեան հանդէպ: Վարդան Թաշճեան եւ Յարութիւն Գեղարդ՝ երկու նուիրեալ մշակները Մեսրոպեան աւանդին, արհամարհելով ամէն դժուարութիւն եւ խոչընդոտ, սփիւռքահայ կեանքի տարականոն պայմանները, անոր տագնապներն ու տուայտանքները, ոյժ կը գտնեն իրենց մէջ ստեղծագործելու, թիավարելու ազգային նահանջականութեան հոսանքն ի վեր, նշոյլ մը լոյս սփռելու հայ կեանքի երբեմն մթամած հորիզոններուն, յոյս ու հաւատք ներշնչելու տարագիր հոգիներուն…:
Յարութիւն Գեղարդ՝ Պէյրութի ֆրանսական Բժշկական Համալսարանէն վկայեալ վիրաբոյժ-ատամնաբոյժը, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ երեսուն տարի անընդմէջ հրատարակելու «ԲԺԻՇԿ» ամսագիրը, որմէ կը յիշեմ օրինակ մըն ալ կ’առաքուէր մեր տունը, ուր յափշտակութեամբ կը կարդայինք առողջապահական այն կարեւոր գիտելիքներուն մասին, որոնք կային անոր էջերուն մէջ: Ան նաեւ պատասխանատուներէն է ԲԱԳԻՆ գրական ամսագրին, անոր հիմնադիրն ու արտօնատէրը, ՀՄԸՄ-ի յանձնառու նուիրեալներէն է, կու տայ բանախօսութիւններ ազգային տարբեր առիթներով, կը դասախօսէ, կը գրէ ու կը հրատարակէ յօդուածներ, առակներ, պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ, լոյսին կ’ընծայէ՝ իր աւելի քան տասը երկերու հատորները, իր կեանքին առանցքը դարձնելով ազգանուէր մատուցումը…Դադար չունի իր ազգային եռանդն ու կորովը, նոյնիսկ՝ Լիբանանի քաղաքացիական ամէնէն թէժ օրերուն, մահափորձի ենթարկուելէ եւ ստոյգ մահուան հետ առերեսուելէ ետք ալ: Ան կարծես կրկնօրինակն է Վարդան Թաշճեանի, որ նոյն «ԽԵՆԹ»ն է, ինչպէս տեղ մը կը գրէ Գեղարդ Վարդանին հասցէագրած իր նամակին մէջ, ուր շնորհաւորելով իր անուանակոչութիւնը՝ կ’արձանագրէ. « Անունի զուգադիպութի՞ւն մը… Ստոյգ է սակայն, որ Կարմիր Վարդանէն մինչեւ Րաֆֆիի Վարդանը «Սրբազան խենթ»երը առաջնորդեցին այս ազգը դէպի յաղթանակ»: Եւ կ’աւելցնէ. «Չեմ զարմանար, սիրելիս, որ այդքան բեռ դնեն ուսերուդ: Բազմաշնորհ ես, հաւատաւոր եւ.. .համեստ: Անձնական ու հանրային կեանքերդ այնքան միաձուլուած են իրարու եւ այնքան նուիրում կը ցուցաբերես երկուքին ալ հանդէպ որ առանձինն չես կրնար ապրիլ մէկով: Եւ ձիւնագնդակը կը ծաւալի մեծնալով, ուռճանալով միշտ»:
Յայտնապէս նոյն խմորէն են Գեղարդ եւ Վարդան Թաշճեան, Ս. Մեսրոպի լոյսի ճամբուն վրայ պատարագուող անվեղար պատարագիչները, որոնք միշտ ալ հաւատացին հայ գիրի ու գիրքի հրաշագործութեան, ազգային ոգիի ճառագայթումին: Հաւատացին վսեմին ու գեղեցիկին ու նուիրաբերեցին իրենց կեանքը յանուն անոնց հրաշազարդումին հայ կեանքէն ներս:
Կարելի չէ հիացումով չյիշատակել Վարդանի ձեռագիր նամակներուն սքանչելի գեղագրութիւնը, որ կ’առինքնէ ընթերցողը անմիջապէս: Անոնցմէ նմուշներ հրատարակուած են գիրքի էջերուն վրայ: Գիրը նաեւ մարդն է, ինչպէտ ճիշդ է որ ոճը մարդն է: Վարդան Թաշճեանի գեղատիպ գիրը ցոլանքն է իր էութեան՝ ազնիւ, պարզ, ընկերասէր, ազգասէր վարքին, հարուստ ներաշխարհին, զոր վայելելու բախտն եմ ունեցած տարիներ ու տասնամեակներ շարունակ:
Խօսելով ՆԱՄԱԿԱՆԻ-ի հատորին նամակագրութեան ոճին մասին, պիտի խոստովանիմ որ այդ ոճը բանաստեղծական ինքնատիպ պատկերներով է յագեցած, հարուստ բառամթերքով, բառերու եւ ասոյթներու ճաշակաւոր ու ճշգրիտ ընտրութեամբ, տակաւին՝ սրամտութեամբ ու զուարթախոհութեամբ ալ, ինչ որ ընթերցումը կը դարձնէ հոգեմտաւոր իսկական վայելք մը: Մեսրոպեան գինիի արբեցում մը: Իսկ մեր յիշողութեան պաստառներէն կը տողանցեն այն գեղեցիկ ու քաղցրայուշ օրերը Լիբանանի, երբ կեանքը եռուն էր ազգային կեանքով, երբ դեռ նկատառելի թիւ մը կը կազմէին սրբազան խենթերը…հոս՝ Կիպրոսի մէջ ալ: Աւա՛ղ փառացս անցաւորի:
Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի Վարդան, որ ընկերոջ հանդէպ տածածդ իրաւ հաւատարմութեամբ՝ լոյսին ես ընծայեր Գեղարդին հետ ձեր տարիներու վրայ երկարող նամակագրութիւնը, որպէս պսակ մ’անթառամ իր խնկելի յիշատակին: Նմանապէս՝ որպէս նոր յաւելում մը հայ գիր ու դպրութեան նաեւ յետ-Եղեռնեան հայոց պատմութեան արժէքներուն վրայ: Գա՛նձ անկշռելի: Ոյժդ եւ կորովդ մնան անսպառ:
ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ
23 Մայիս, 2024