Թենի Մելիտոնեան «Օսքար»ներու Գլխաւոր Պաշտօնատար Նշանակուեցաւ
Միացեալ նահանգներու Շարժապատկերի արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիան (The Academy of Motion Pictures Arts and Sciences, AMPAS) հաղորդեց, թէ Թենի Մելիտոնեան նշանակուած է նոր հաստատուած՝ «Օսքար»ներու գլխաւոր պաշտօնատարի (Chief Oscars Officer) դիրքին։
Իր այս նոր պաշտօնին մէջ, Մելիտոնեան պիտի առաջնորդէ «Օսքար»ներու մրցանակաբաշխութեան ռազմավարութիւնը սահմանելու ջանքերը, պիտի համակարգէ արուեստագէտներուն հետ յարաբերութիւնները եւ կազմակերպէ յատուկ ձեռնարկներ։
Նշանակումը պաշտօնի բարձրացում մըն է Մելիտոնեանին համար, որ նախապէս «Օսքար»ներու ռազմավարական հարցերու փոխնախագահ էր, իսկ անկէ առաջ՝ ծանուցումներու, շուկայական հարցերու գլխաւոր պատասխանատուն էր։
Մելիտոնեան Շարժապատկերի արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիոյ միացած էր 2005ին, իսկ անկէ առաջ պաշտօնավարած է Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ։