Ինչո՞ւ սխալ կը գրենք…

Մեր ակումբներու, դպրոցներու եւ եկեղեցիներու, մեր հանրային ամէն տեսակ հաստատութիւններու պատերէն կախուած յայտարարութիւնները, կոչերը, ազդերը, ծանուցումները…
Մեզի ղրկուած դասախօսական, երաժշտական, թատերական եւ զանազան-զարմանազան ձեռնարկներու, միջոցառումներու ծանուցումը ընող թերթիկներն ու տոմսերը…
Հանդիսականներուն ձրիաբար տրամադրուող յայտագիրի գեղատիպ եւ ոչ նիհար գրքոյկները, ուր տեղ կը գտնեն անուանացանկեր, կազմակերպող միութեան, մասնաճիւղի, բեմադրիչի, խմբավարի, պարուսոյցի խօսքեր, հայերէն ու հայատառ գովազդներ…
Կը նայիս ոմանց վրայ. ամէն ինչ ակնահաճոյ. կոկիկ ձեւաւորում, ընտիր լեզու, անսխալ ուղղագրութիւն: Մէկ խօսքով՝ խնամք կը տեսնես, ու խնամքը քեզ կը պարտաւորեցնէ, որ մտածես այդ ձեռնարկին մասին, ուր հաւանաբար գտնես մեծ եռանդ, քրտնաջան աշխատանք ու յաջող իրագործում:
Ու յարգանքով կը մտածես, որ սփիւռքի մէջ մեր հանրութեան կատարուած ամէն դիմում, հրամցուած ամէն ելոյթ դպրոց մըն է ինքնուրոյն, երգչախումբը‘ դպրոց, թատրոնը՝ դպրոց, ակումբը‘ դպրոց, եկեղեցին՝ դպրոց, սա թերթիկները՝ դպրոց: Ամէն բանի մէջ թէ՛ աշակերտ ենք, թէ՛ ուսուցիչ, կը մտածենք եւ մտածելու կը մղենք մեր հանրութիւնը, կը յուզուինք ու կը յուզենք զայն, անտարբեր չենք եւ անտարբեր չենք ուզեր ձգել, մեր ազգային բոլոր արժէքներուն գիտակից ու հոգածու ենք, գիտակից ու հոգածու կ’ուզենք դարձնել: Մենք, բո՛լորս, օրինակելի խնամք ու բծախնդրութիւն կը ցուցաբերենք մեր պարտականութեան մէջ, որովհետեւ կը գիտակցինք.
Թէ մեզի վիճակուած գործին պատասխանատուութիւնը աւելի ծանր է, քան գործը‘ ի՛նքը:
Թէ կը հաւատանք մեր կատարած գործին կարեւորութեան:
Թէ կը յարգենք մեր հանրութիւնը:
Բայց միշտ չէ եւ ամէն տեղ չէ, որ այդպէս ենք:
Միշտ չէ եւ ամէն տեղ չէ, որ մաքուր է հանրութեան հրամցուած մեր խօսքը: Բոլորը գիտեն այդ մասին, ու չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ մարդիկ ներողամիտ կը նային գրաճանաչութեան տարրական կանոններուն դէմ իրենց իսկ կատարած վխտացող մեղանչումներուն վրայ, լեզուական խաթարումներուն եւ վերջապէս անխնամ այդ հրաւէրներուն: Եւ ասիկա՝ ի հեճուկս մամուլի մէջ, բեմերէն ու, շատ հաւանաբար, նաեւ ժողովական կեանքին մէջ եղած նկատողութիւններուն: Հայերէն բառերը այնքան յաճախադէպ կերպով այլանդակ ձեւափոխութիւններու կ’ենթարկուին հոն, անօրինակ կերպով ի գիր կ’արձանանան, միով բանիւ կը սխալագրուին, կը սխալագրուին, կը սխալագրուին…
Ու կը մտածես, թէ ինչո՛ւ համար մեր հանրութեան ամէնէն լայն զանգուածներուն դիմում ընող այս նիւթերը ուղղագրական ու լեզուական տեսակէտէ ա՛յսքան խոցելի են, անփոյթ ու անխնամ…
Ըսե՞լ, որ վերոնշեալ հրատարակութիւններէն իւրաքանչիւրը շատ անգամ շատ աւելի մեծ տպաքանակ ունի քան մեր լաւագոյն գիրքերը, աւելի ընթերցող (աչք նետող)՝ քան անոնք…
Եւ հետեւա՞նքը…
Որ մենք պարզապէս կը քաջալերենք սխալագրութիւնը:
Իսկ ո՞վ է, ի՞նչն է մեղաւորը, որ այս մուրը կը քսէ մեր եռանդին եւ աշխատանքին. անգիտութիւ՞նը, որ բացառուած է այսքան տարրական պարագաներու մէջ, վրիպո՞ւմը, որ դարձեալ բացառուած պէտք է ըլլայ այսքան խտութեամբ, ի՞նչն է, որ մեզ չի մղեր խստապահանջ ըլլալու մեզի հանդէպ, մենք մեզ քննութեան ենթարկելու, չի թելադրեր բառարան բանալ, ստուգում կատարել, թիւրն ու թերին իմանալ…
Այո՛, վստահաբար կայ բան մը, որ մեծագոյն ուսուցիչն է աշակերտին թէ ուսուցիչին, շարքային միութենականին թէ պատասխանատուին, գրողին թէ սրբագրողին…
Պատասխանատուութի՛ւնը գրաւոր խօսքի նկատմամբ:
Հաւա՛տքը մեր առօրեայ գործունէութեան վրայ:
Յարգա՛նքը մեր հանրութեան հանդէպ:
Յակոբ Չոլաքեան