Իրանեան Թերթերու Արձագանգը Հայոց Ցեղասպանութեան Օրերուն

Թէեւ շատ հմուտ աշխատանքով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վկայութիւնները իրանեան լրատուական միջոցներէն հաւաքուած եւ մէկտեղուած են, սակայն պէտք է նշել նաեւ, որ բազմաթիւ վկայութիւններ գոյութիւն ունին նաեւ պետութիւններու արտաքին գործերու նախարարութիւններու արխիւներուն մէջ: Այդ վաւերագրութիւնները պաշտօնական փաստերն են Հայոց Ցեղասպանութեան, որոնք աշխարհի պետութիւններուն ստիպեցին ընդունիլ եւ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ ըստ այնմ, անուղղակիօրէն հայ ազգին հատուցում կատարելու մղել Թուրքիոյ, ինչ որ տակաւին տեղի չէ ունեցած:
Ոմանք նենգամիտ դիտաւորութեամբ հրապարակ կը նետեն այն կարծիքը թէ Հայոց Ցեղասպանութեան առանցքային պատճառը կրօնական էր: Այս կարծիքը հիմնովին սխալ է, որովհետեւ երբ իբրեւ կոտորածներու եւ հալածանքներու արդիւնք հայ ազգի զաւակները արաբական երկիրներ կամ Պարսկաստան ապաստանեցան, արաբներն ու պարսիկները, որոնք թուրքին նման մահմետական են, գրկաբաց ընդունեցին հայ բռնագաղթուածները եւ անոնց ապաստան տուին:
Արմինէ Կարապետեան Գունտագճեան խնամքով հաւաքած է իրանեան թերթերուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հրատարակուած լուրերը, անդրադարձներն ու վերլուծութիւնները եւ ամփոփած է գիրքի մը մէջ` «Ինչ Է Գրուել Իրանում Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներին» խորագիրով, որ հրատարակուած է իբրեւ անհատական հրատարակութիւն երեք լեզուներով` հայերէն, անգլերէն ու պարսկերէն «Լուսաբաց» հրատարակչութեան կողմէ 2012ին, Երեւան, 260 էջ: Հեղինակին երկրորդ գիրքն է այս: Առաջինը` «Հայրենադարձի Բռնաճնշումները Ստալինեան Ժամանակաշրջանում», լոյս տեսած է 2010ին՝ հայերէնով ու ապա թարգմանուած է ռուսերէնի եւ անգլերէնի: Արմինէ Կարապետեան Գունտագճեան Ամերիկա ուսանած քիմիագէտ է եւ այժմ կ՛ապրի Երեւան: Անոր անմիջական հետաքրքրութիւններն են հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթի մասին զանազան նիւթերու եւ հարցերու ուսումնասիրութիւններ կատարելը:
Իրանեան «Թարպիաթ» թերթը 1904ին Սասունէն եկած տխուր դէպքերու լուրերուն առնչութեամբ, 26 Յունիս 1904 թիւ 317ին մէջ կը գրէ, թէ Հայաստան խառնաշփոթ եւ քաոսային վիճակի մէջ է, վերսկսած է արիւնահեղութիւնը: Յօդուածագիրը կը յիշէ, որ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ հիւպատոսները Կարինի մէջ միատեղ հետազօտութիւններ կը կատարեն ու կը փորձեն կացութիւնը մեղմացնել եւ բախումները կասեցնել: Թերթը խոր ցաւ յայտնելէ ետք հայոց դէմ կատարուող խժդժութիւններուն համար, կը յուսայ որ դիւանագիտական ջանքերը կը յաջողին կացութիւնը բարելաւել (էջ 17):
1915ի Կ. Պոլսոյ հայոց մտաւորականներու ձերբակալութենէն, աքսորէն եւ նահատակութենէն ամիսներ ետք, ի տես հայոց անլուր չարչարանքներուն, բռնի գաղթերուն, սպանութիւններուն եւ հայոց դէմ կիրառուած ամէն տեսակի խժդժութիւններուն, գերմանական յայտնի թերթեր ինչպէս «Տոյչէ Ցայթունկ» եւ «Ֆրանքֆուրթ Ցայթունկ» սուր կերպով կը քննադատեն թրքական կառավարութիւնը եւ զայն բոլոր հայոց կոտորածներուն պատասխանատու կը նկատեն: Այս ուղղութեամբ «Տոյչէ Ցայթունկ» թերթը կը գրէ. «Երկար ժամանակէ ի վեր օսմանեան կառավարութիւնը վերջ է տուել իր ներքին գործերին օտար կառավարութիւնների միջամտութեանը: Օսմանցին ինքը գիտէ, թէ ինչպէս վերաբերի հայերի արիւն թափելուն եւ յեղափոխականների հետ` ասելով, թէ իրենք չեն ուզում, որ ուրիշները միջամտեն իրենց ներքին գործերին» (էջ 27):
Գերման լրաղբիւրներու այս մօտեցումը արձագանգ կը գտնէ իրանեան մամուլին մէջ: Ա. Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին դաշնակիցներուն կեցուածքը որեւէ գործնական օգուտ չբերաւ հայոց, սակայն անոնց լրատուամիջոցները խիզախ կերպով նկարագրեցին հայոց դէմ ի գործ դրուող թրքական բոլոր վայրագութիւնները եւ սուր կերպով քննադատեցին ոչ միայն թրքական կառավարութիւնը, այլ նաեւ անոր դաշնակից Գերմանիոյ իշխող վերնախաւը, որ գերման մամուլը հակազդեցութեան մղեց: Այս ուղղութեամբ, ի պատասխան Մեծն Բրիտանիոյ թերթերուն քննադատական յօդուածներուն, գերմանական «Ֆրանքֆուրթ Ցայթունկ» թերթը հետեւեալը կը գրէ. «Ինչ նշանակութիւն ունի մեզ` գերմանացիներիս կամ Գերմանական կայսրութեան համար այն, որ Անգլիայի խորհրդարանում մի լորտ ասում է, թէ 800,000 հայերի վրայ յարձակում է եղել: Առաւել եւս դա մի նշանակութիւն չունի մեզ համար, եթէ մի անգլիացի, մի ֆրանսացի կամ մի ամերիկացի ասում է, թէ այդ բոլոր չարագործութիւնների բուն աղբիւրը մենք ենք եղել կամ ոչինչ չենք արել այդ բնագաւառում» (էջ 27):
Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն իրանեան թերթերը լեցուն եղած են հայոց տառապանքներու նկարագրութիւններով, բռնագաղթի լուրերով եւ եւրոպական թերթերէն առնուած քաղաքական ու զինուորական վերլուծութիւններով մինչեւ 1918ի վերջերը: Սակայն Օսմանեան պետութեան պարտութենէն ետք՝ 1919ին, պատկերը որոշ չափով կը շրջուի եւ հայոց համար ազատութեան նշոյլ մը կը շողայ սեւ ամպերու ետին: Իրանեան «Իրան» թերթը 9 Յուլիս 1919ին, Թեհրանի Հայկական տեղեկատու գրասենեակէն քաղելով իր լուրերը, հետեւեալը կը տեղեկացնէ. «Բարձր Դուռը Էնվեր փաշային, Թալէաթ պեկին, Ճեմալին եւ բժիշկ Նազիմին հրահանգել էր ներկայանալ դատարան, բայց նրանք փախուստի են դիմել: Նրանց տասը օր ժամանակ է տրուել` ներկայանալու Ստամպուլ: Նրանք մերժել են այդ հրահանգը ու չեն ներկայացել: Այնուհետեւ դատարանը որոշել է կասեցնել ռոճիկ ստանալու նրանց իրաւունքը ու բռնագրաւել նրանց ունեցուածքը: Մի յանձնախումբ է կազմուել` օգնելու համար բռնագաղթեցուած հայերին ու յոյներին: Ամերիկեայի հիւպատոսը` պրն. Ռոնալտը, ընդունել է այս յանձնախումբի նախագահութիւնը» (էջ 33-34): Օսմանցիներու անմարդկային արարքներէն մէկը` Հայաստանն ու հարաւային Ռուսիան սովի մատնելու նենգ դաւադրութիւնը յիշուած է «Թաւրիզ» թերթի 21 Մայիս 1919ի թիւ 24 համարին մէջ. «Օսմանցիների բանակի կողմից ուտելիքի վատնումը ամբողջ հարաւային Ռուսաստանն ու Հայաստանը մատնել է սովի ու մահացութեան: Բնակիչները խոտ եւ եոնճա (առուոյտ, երեքնուկ, բոյսի տեսակ մը, Յ.Ի.) են ուտում» (էջ 33): Նոյն թերթի 18 Յուլիս 1919ի թիւին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Միասնութիւն եւ առաջդիմութիւն կուսակցութեան անարդարութիւնը եւ բռնաճնշումները հայերի ու արաբների դէմ ուժեղացան: Պատերազմի ժամանակ սկսուեց ընտանիքների աքսորը Սիրիայից ու Հայաստանից: Հազարաւոր ընտանիքներ լքուած էին արաբական անապատում` առանց ուտելիքի եւ պատսպարանքի: Քրտերը, որ հնուց ի վեր հայերի դէմ թշնամաբար էին տրամադրուած, սկսեցին հայերին հալածել: Ռուսական Հայաստանում հայերը ցրուած էին մահմետական ցեղախմբերի միջեւ: Օսմանահպատակ հայերը հազարներով ոչնչացուեցին ամենավայրագ ձեւերով: Հետեւաբար, սա Եւրոպայում եւ Ամերիկայում օսմանցիների մասին ընդհանուր շատ վատ կարծիք ստեղծեց» (էջ 34): «Իրան» թերթը 28 Օգոստոս 1919ի թիւով կը գրէ, թէ ռուսական Հայաստանի Օսմանեան պետութեան հետ սահմաններու մօտերը հայերու, քիւրտերու եւ թաթարներու միջեւ տեղի ունեցած են շարք մը վէճեր եւ գժտութիւններ ու կը շարունակէ. «Վերջերս մի կողմից քրտերն են հարուածում Կարսին ու Սարիղամիշին, միւս կողմից էլ թաթարներն են գրաւում Պէշ Թորէշը, որը գտնւում է 5 մղոն հեռաւորութեան վրայ: Երկու կողմից հարուածի տակ ընկած հայերը նահանջում են Գիւմրի: Այս բախումները տեղի են ունեցել օսմանցիների դրդմամբ: Թաթար ուժերի հրամանատարն է քոլոնել Խալիլ պէկը, որին ընկերակցում են օսմանեան զօրքի 30 նախկին պաշտօնեաներ» (էջ 35):
Վերջապէս քաղաքական դրական լուր մը Հայաստանի մասին, որ յուսադրիչ կը թուի նախ, սակայն մութ ուժեր անոր գործադրութիւնը կը խափանեն հետագային: Արդարեւ իրանեան «Ռաատ» թերթը 30 Օգոստոս 1919ի թիւ 120ին մէջ կը գրէ. «Ամերիկայի նախագահ Ուիլսընը տեղեկացուել է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական կոտորածների մասին եւ պահանջել է հարցաքննել օսմանեան վարչապետին: Փարիզում տպուող «Էքլեր» թերթի հաղորդագրութեան համաձայն, մի քանի ֆրանսացի զինուորականներ ուղարկուել են Փոքր Ասիա` Հայաստանում գտնուող անգլիական զօրքի հետ համագործակցելու համար, որ այնտեղ կարգապահութիւն պահպանուի» (էջ 36):
Իրանեան թերթերու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տուած լրատուութիւնը եղած է առարկայական ու շրջահայեաց: Անոնք ոչ միայն դէպքերու լուրերը հրատարակած են, այլ ընդգրկած են նաեւ եւրոպական թերթերու լուրերն ու վերլուծութիւնները:
Ինչպէս վերը յիշեցինք հայ-թուրք հակամարտութիւնը բնաւ կրօնական բնոյթ չէ ունեցած: Հակառակ այն իրականութեան թէ պարսիկներն ու արաբները նոյն կրօնքը ունին ինչպէս թուրքերը, սակայն Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող հայերը գրկաբաց ընդունուած են թէ՛ Պարսկաստան եւ թէ արաբական բոլոր երկիրները եւ հոն իբրեւ համահաւասար քաղաքացի ապրած, աշխատած ու բարգաւաճեցուցած են այդ երկիրները:
Ներկայիս թուրքերը կռիւով կը ճնշեն իրենց կրօնակից քիւրտերը թէ՛ Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն եւ թէ սահմանակից արաբական երկիրներուն մէջ, որ ինքնին զօրաւոր փաստ մըն է Թուրքիոյ վարչակարգին բռնաճնշիչ ըլլալուն՝ նոյնինքն իր կրօնակից բայց այլազգիներու դէմ եւ լաւագոյն փաստը, որ հայ եւ թուրք հակամարտութիւնը կրօնական հանգամանք չէ ունեցած, այլ անոր այդպիսի կեղծ քողով ուզած է ծածկել թրքական պետութիւնը:
Արմինէ Կարապետեան Գունտագճեանի այս աշխատութիւնը իր մատենագիտական ու պատմական կարեւորութեան առընթեր, ինքնաբերաբար այդ իրողութիւնը կը հաստատէ, որ կարեւոր ներդրում մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը ներկայացնելուն մէջ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ
Պէյրութ
«ՊԱՅՔԱՐ»