Լիբանանահայ Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի Նուաճումները Ճափոնական Ամսագիրին Ճամբով Հասաւ Օտար Հանրութեան
Ճափոնական դասական կիթառի հանրածանօթ «Gendai Guitar Magazine» ամսագիրը այս տարուան Յունիսի թիւով հրատարակած է հարցազրոյց մը լիբանանահայ ծանօթ կիթառահար, Համազգայինի Լինանանի մէջ գտնուող «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառի ամպիոնի վարիչ Մկրտիչ Միքայէլեանի հետ:
Հարցազրոյցին վեց էջերէն չորսին մէջ բաւական ընդարձակ եւ մանրամասն կերպով անդրադարձած են Միքայէլեանի անձնական, համերգային եւ ստեղծագործական կեանքի նուաճումներուն, հայկական մշակումներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին, իսկ երկու էջով նախ ներկայացուցած են հայ մեծ երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեանը, ապա լուսարձակի տակ առած են Կանաչեանի «Օրօր» բարձրորակ եւ իւրայատուկ երգը եւ, վերջապէս, անդրադարձած են Միքայէլեանի մասնագիտական մշակումին մասին, թէ Կանաչեանի «Օրօր»ը՝ այդ հայկական գլուխ-գործոցը, ինչպէս Միքայէլեան յաջողած է մշակել զայն՝ յատուկ դասական կիթառի համար, ինչպէս նաեւ հրատարակած են Միքայէլեանի մշակած նոթերը:
Հաղորդենք, որ «Gendai Guitar Magazine»ը ճափոնական մասնագիտական անուանի ամսագիր մըն է, որ ունի համաշխարհային հետեւորդներ: Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր» երգին Մկրտիչ Միքայէլեանի մշակած նոթերուն հրապարակումը ամսագիրին մէջ ունեցաւ լայն տարածում եւ այսպիսով Մ. Միքայէլեան յաջողեցաւ հասցնել զայն միջազգային բեմեր: Օտար անուանի կիթառահարներ շատ սիրած են Միքայէլեանի մշակած տարբերակը եւ արդէն իսկ եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ սկսած են իրենց նուագահանդէսներու ընթացքին նուագել հայկական «Օրօր»ը: