Լոյս Տեսաւ «Բագին»ի Նոր Թիւը

Լոյս տեսաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան «Բագին» գրական պարբերաթերթի 2021, 2-3 թիւը, որ նուիրուած է Մարկ Նշանեանին:
Անոր մէջ գրութիւններ ունին՝ Մարկ Նշանեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Գրիգոր Պըլտեան, Վարդան Մատթէոսեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Դալար Շահինեան, Սագօ Արեան, Վիոլետ Գրիգորեան, Կարէն Ճալլաթեան, Սթեֆան Քրիստընսըն, Միշէլ Սիւրիա, Կիլ Անիճար, Տէյվիտ Գազանճեան, Գառնիկ Ա. քհնյ. Գ., Դաւիթ Մոսինեան, Հրայր Անմահունի, Նորվան արք. Զաքարեան եւ Րաֆֆի Աճէմեան։
Ստորեւ կու տանք թիւին խմբագրականը․
«1980ին, մինչ քաղաքը կ՛այրի ու անոր հետ Սփիւռքը կը մտնէ մեծ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան մը, Պէյրութի մէջ իրարմէ անջատ լոյս կը տեսնեն երկու հատորներ, որոնք նախաշաւիղը պիտի դառնան մտածողական լայն աղեղի մը, հայերէն գիրը կրկնողական իր յանկերգէն հանելու ու զայն դէպի արդիականութիւն բերելու ձգտումով, որպէսզի ան ու անով արտայայտուողը կարենայ ինքզինք մտածել որպէս ապագայ։ Եւ ուրեմն անհրաժեշտութիւնը՝ ինքզինք կարենալ տեսնելու ինչպէս որ է՝ հայելաբար, բայց նաեւ այլին մէջէն, որպէս թարգմանելի իրականութիւն ու ինքնութիւն։ Երկու հատոր, մէկը՝ Գրիգոր Պըլտեանի «Տրամ»ը, միւսը՝ Մարկ Նշանեանի «ԿԱՄ» շարքի առաջին թիւը, երկուքն ալ օրին գրեթէ աննկատ անցած,— պէտք է ընդունիլ որ օրուան մտահոգութիւնները հայութեան սիրտը հանդիսացող օրրանին մէջ այլ ուղղութիւններով կը բանէին,— կարելի է ըսել երկուքն ալ իրենց օրէն առաջ յայտնուած, կարծես ապագայէն է որ կը խօսէին մեր ականջներուն։
Քառասուն տարի հեռաւորութեամբ է որ կը կատարենք այս անդրադարձը, մինչ երկու հեղինակներն ալ այդ քառասուն տարիներուն ընթացքին պիտի անցնէին աշխատանքի բեղուն ու իսկապէս շնորհաշատ փուլերէ, հատոր հատորի ետեւէ տալով աներեւակայելիօրէն ճոխ արտադրութիւն մը, կամարելով գիրերու աշխարհին լայն տարերքը՝ վերլուծականէն մինչեւ փիլիսոփայական, գրականէն մինչեւ թարգմանական, ներառելով ժամանակակից մտքի ու մտահոգութիւններու ամբողջ շրջարկը։
«Բագին»ի այս թիւը կը նուիրենք Մարկ Նշանեանին։ «ԿԱՄ»ի առաջին այդ թիւէն ետք Նշանեանի արտադրութիւնը կը կազմէ այսօր բազմատասնեակ հատորներու շարք մը, բազմալեզու ու բազմաթիւ ուղղութիւններով ընթացող, որոնց մէջ գրական վերլուծումը, փիլիսոփայականն ու թարգմանականը կը հանդիսանան անոր հաստ ու հիմնական երակները։ Ասոնց կ՛աւելնայ նաեւ դասաւանդութեան երկար ու երախտաշատ գործունէութիւն մը, որ կ՛երկարի ցամաքամասէ ցամաքամաս ու լեզուէ լեզու, որ ինքնին հարազատ մէկ պատկերը կու տայ այն իրականութեան, որ մերն է եւ որ կը կոչենք Սփիւռք։ Ո՛չ մէկ ատեն հաւանաբար, եթէ բացառենք Մխիթարեանները, մեր լեզուն ունեցած է իմաստասիրական հիմնաւոր գրականութիւն մը մտածելու ձգտող այսքան լայն աղեղով ձեռնարկ մը։ Վերջապէս այդ չէ՞ թարգմանութեան իսկական նպատակը։ Վերջին տարիներուն, Նշանեանի հատորները լոյս կը տեսնեն ետեւ ետեւի. Բենիամին, Նիցչէ, Բլանշոյ, Բեռման, Ագամբէն, Ֆուկոյ…։ Տակաւին կան «ԿԱՄ»ի ինը հատորներուն մէջ երեւցող բազմաթիւ անունները։ Դժուար հեղինակներ ու գրութիւններ, հոյակապ արտադրութեամբ մը մեր լեզուին մէջէն անցնելով, մեր մտքերուն կը դիմեն, պատրաստելով գետին մը, ուրկէ կարելի ըլլար մտածել այս լեզուին ապագան։ Մե՛ր ապագան։ Բացառաբար, ճոխ թիւ մը կը հրամցնենք, մեր ընթերցողներուն հետ կիսել կարենալու համար Մարկ Նշանեանի վաստակին զանազան երեսները շօշափող բազմաթիւ հեղինակներու գրութիւնները։ Մեր մաղթանքն է, որ անոնց ընթերցումը նոյնքան բաւարարող ըլլայ ձեզի համար, որքան որ թիւը ի մի բերելը եղաւ մեզի համար»։