Լոյս Տեսաւ Լեռնա Կայսերեան Շիրինեանի «Խնձորի Բերքահաւաք» Հատորը
«Ասպարէզ»
Արդէն իսկ հրապարակի վրայ է Լեռնա Կայսերեան Շիրինեանի «Խնձորի Բերքահաւաք» հատորը։
Մանկապատանեկան 32 էջնոց «Խնձորի Բերքահաւաք» գիրքը հաճելի պատմութիւնն է երկու քոյրերու, որոնք խանդավառութեամբ կը պատրաստուին տօնելու իրենց շատ սիրելի ուսուցչուհիին տարեդարձը։ Երկու քոյրերը, ներշնչուած իրենց պարտէզին առաջին բերքի առատութենէն՝ շատ համեղ խնձորի անուշ եւ խնձորով կարկանդակ կը պատրաստեն՝ սկիզբը դնելով նոր աւանդութեան մը, որուն նպատակն է՝ զօրացնել եւ զարգացնել իրենց տան եւ դպրոցի մեծ ընտանիքին կապերը եւ յարաբերութիւնները։
Հատորին նկարազարդութիւնը կատարած է Proper Studios 2024-ը, իսկ գիրքը տպագրուած է «Զանգակ» հրատարակչութեան մէջ։
Հատորէն օրինակ մը ապահովելու համար այցելել կայքը կամ դիմել perkahavak@gmail.com հասցէին։
Նշենք, որ Շիրինեան պատրաստած է նաեւ «Հերոս Հայուհիներ» յիշողութեան խաղը։