Լոս Անճելըսի մէջ. Թիւ 5 Ազատուղիին Վրայ Հատուած Մը Կոչուեցաւ Յակոբ Ճէյք Քիւրէճեանի Անունով

Չորեքշաբթի, 8 Յունուարին, Սանթա Քլարիթայի ոստիկանութիւնը (Sherriff Department) յատուկ ոստիկանական արարողութեան մը միջոցով ոգեկոչեց իր նահատակ ոստիկաններէն Յակոբ Ճէյք Քիւրէճեանի (1961-2001) յիշատակը, եւ այս առիթով, Քալիֆորնիոյ թիւ 5 ազատուղիին վրայ հատուած մը անոր անունով կոչեց եւ յատուկ ցուցատախտակ մը հաստատեց:
Պաշտօնական այս հանդիսութեան ոստիկան Քիւրէճեանի մoր եւ երկու եղբայրներուն կողքին ներկայ էին Քիւրէճեան ընտանիքին հարազատները, ինչպէս նաեւ շրջանի քաղաքապետը եւ ոստիկանապետը ու զանազան շրջաններու բարձրաստիճան ոստիկանական ներկայացուցիչներ:


Յիշեցնենք, որ 31 Օգոստոս 2001ին, Քիւրէճեան Սանթա Քլարիթայի մէջ զոհ գնաց ոճրային արարքի մը, երբ գործակիցներու հետ առաքուած էր հետապնդելու աւազակ մը: Ան 40 տարեկան էր:
Սանթա Քլարիթայի ոստիկանութիւնը ամէն տարի յատուկ արարողութեամբ մը կը յարգէ Յակոբին յիշատակը: Անոր յիշատակին ձօնուած են Սանթա Քլարիթայի մէջ հանրային զբօսավայր մը, փողոց մը, իր անունով կը կոչուին ոստիկաններու շրջանաւարտ դասարաններ եւ այլ մրցանակներ: Ան կը յիշուի նաեւ Մալիպուի մէջ, իր հերոսական արարքին համար (կեանք մը փրկած էր):