Կը Մշակուի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի Ընդարձակման Ծրագիրը

Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ տարուան ընթացքին դպրոցին կից գտնուող նոր կալուածները գնելու քայլին շնորհիւ, կը մշակուի վարժարանը ընդարձակելու եւ արդիականացնելու յանդուգն ծրագիր մը, որուն իրականացման պիտի նպաստէ հեղինակաւոր մասնագէտներէ բաղկացած խումբ մը։
Ծրագիրը ամուր հիմերու վրայ դնելու եւ նոր համալիրը յառաջիկայ տասնամեակներուն աշակերտներուն համար լաւապէս օգտագործելի վայրի մը վերածելու նպատակով ի մի բերուած խումբ մը, որուն մաս կը կազմեն վարժարաններու կառուցման ոլորտի յայտնի մասնագէտ դոկտ. Ռապըրթ Տիլըն, յարգուած ճարտարապետ Արամ Ալաճաճեան, կրթական ոլորտին մէջ տարիներու փորձառութիւն ունեցող դոկտ. Սիւզի Օհանեան եւ դոկտ. Ալինա Դուրեան, հեղինակաւոր իրաւաբաններ Էտկար Խալաթեան եւ Արթին Մնայեան, ինչպէս նաեւ տարածքներու օգտագործման ծրագիրներու մասնագէտ Վիքի Դաւիթեան։
Այս ծրագիրը իրականացնելու համար, կենսական է համայնքին մասնակցութիւնը եւ այս նպատակով սկսած դրամահաւաքին մէկ մասնիկն է 15 Մարտին տեղի ունենալիք վարժարանին 55ամեակին նուիրուած ձեռնարկը։