Կիրակնօրեայ Վարժարաններ
1929-ին Համաշխարհային Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ամերիկեան ընկերութիւնը խորհրդաժողով մը կազմակերպած է Լիբանանի Պաալպաք շրջանին մէջ: Այս խորհրդաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Հայ Եկեղեցին: Սահակ Բ. Խապայեան Ծերունազարդ Կաթողիկոսը Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոսը նշանակած էր, ներկայացնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Սոյն խորհրդաժողովին որոշում առնուած է Կիրակնօրեայ Վարժարաններ հիմնել, Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեամբ:
Որպէս տնօրէն ընտրուած է Պրն. Լեւոն Զէնեան, որ անմիջապէս սկսած է Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն համար ուսուցիչներ պատրաստել եւ ծրագիրներ մշակել:
1930 Յունիսին, Սահակ Բ. Կաթողիկոս, կոնդակներու եւ նամակներու միջոցաւ շեշտած ու բացատրած է Կիրակնօրեայ վարժարաններու կարեւորութիւնը Հայ եկեղեցւոյ ծառայական դաշտին մէջ: Նոյն տարուան ընթացքին Կիրակնօրեայ վարժարանները սկսած են գործել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ:
Բոլոր Եկեղեցիները ունին իրենց Կիրակնօրեայ վարժարանները: Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշխատանքային նախագիծը հիմք ունի Աստուածաշնչական պատմութիւնները, բարոյալից պատմուածքներն ու եկեղեցական երգեցողութիւնը:
E-mail: sun-schools@ArmenianOrthodoxChurch.org