Հայաստանեան բաբելոներէնը
Նիւթը, որ պիտի արծարծեմ, առաջին ակնարկով կրնայ թուիլ անտեղի, անպատշաճ, մա՛նաւանդ Հայութեան սա դժուար օրերուն… բայց, ըստ իս՝ ընդհակառակն, ան կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող նիւթ է, հարց մը, ճիշդ ալ այդ բովանդակին մէջ։
Անմիջապէս աւելցնեմ նաեւ որ ո՛չ ռազմական, ո՛չ քաղաքական եւ ո՛չ ալ ռազմաքաղաքական վերլուծում կատարելու որեւէ յաւակնութիւն պիտի չունենամ հոս, այլ միայն թուղթին պիտի յանձնեմ զիս անհանգստացնող երեւոյթն ու անկէ փխող ու միտքս չարչրկող լուրջ հարցադրումները։
Հոս կ՚ուզեմ խօսիլ պարզապէս լեզուին, հայերէնին մասին, որուն բնական հայրենիքն է Հայաստանը եւ ուր ամէն օր քիչ մը աւելի կ՚աղճատուի ան. աղճատուիլն ալ ի՜նչ խօսք, բաբելոնական լեզուի կը վերափոխուի։
Տողերս գրելու մղող վճռական ազդակը՝ արցախցի շատ ծանօթ զինուորականի մը տուած հարցազրոյցն է հայրենի առաջնակարգ լրասփիւռներէն մէկուն։ Այդ հարցազրոյցին մէջ յարգելի զինուորականը իբրեւ թէ իր տեսակէտները կը յայտնէ ներկայի բարդ վիճակէն երկիրը դուրս բերելու, կամ գոնէ նուազագոյն կորուստով դուրս բերելու։ Բնականաբար այս շրջածիրին մէջ կը կատարէ նաեւ տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական վերլուծումը եւ այլն, եւ այլն։
Բայց… եկէք տեսէք, որ անոր ըսածներէն բան չի հասկցուիր, ոչ թէ անոր համար, որ բարդ նիւթեր կ՚արծարծէ, այլ որովհետեւ գոյականները, բայերը, ածականները, որոշիչները, ու մանաւանդ հոլովումները վիճակահանութեամբ կը գործածուին։ Հետեւաբար, երբ օրինակ կը խօսի «Ա»-ի մը եւ «Բ»-ի յարաբերութեան մասին, յայտնի չէ, թէ «Ա»-ը՞ «Բ»-ին, թէ՞ «Բ»-ը «Ա»-ին այսինչ բանը կ՚ընէ, կամ կ՚օգնէ, կը պաշտպանէ, կամ կը սպառնայ…։ Պիտի խուսափիմ իր խօսքերէն օրինակներ մէջբերելէ, քանի որ այդ թոյլ պիտի տայ կռահել, թէ որո՛ւ մասին է խօսքս, մինչ նախքան գրիչս ձեռք առնելս (կամ աւելի ճիշդ՝ ստեղնաշարին դպչիլս)՝ որոշեր էի չանձնականացնել հարցը։ Եւ իրապէս ալ անձերու հետ չէ խնդիրս, համատարած երեւոյթ է։
Վերոնշեալ հարցազրոյցը կարդալէ վերջ է, որ վերարծարծուեցաւ այս հարցով մտահոգութեանս բոցը։ Հարցադրուեցայ, թէ եթէ խնդրոյ առարկայ յարգելի զինուորականը խաղաղ պայմաններու մէջ իր տուած հարցազրոյցի ընթացքին այսպէս կը խօսի, այսքան անհասկնալի «ոճ»-ով կ՚արտայայտուի, արդեօք ինչպէ՞ս կը հաղորդակցի թէժ պայմաններու մէջ, պատերազմի ժամանակ, ռումբերու տակ։ Ինչպէ՞ս կարելի է համոզուիլ, որ ան իր միտքերը ճիշդ կը բացատրէ իր օգնականներուն, ստորադասերուն, մէկ խօսքով՝ շրջապատին։ Ինչպէ՞ս կրնայ բոլորովին ճիշդ արտայայտել ու հաղորդել իր ի մտի ունեցած ծրագիրը ընդդէմ թշնամիին։ Ծանօթ է, որ դոյզն թիւրիմացութիւնը, սխալը կրնայ կեանքեր խլել ռազմական ճակատին վրայ։ Եթէ հազիւ քանի մը վայրկեան տեւած իր հարցազրոյցէն շատ բան չենք հասկնար, հապա ինչպէ՞ս զինք պիտի հասկնան անընդհատ անոր հետ գործակցողները կամ իր հրամանին ենթակաները։ Անկեղծօրէն, ես չունիմ ասոր պատասխանը։
Պարագան նոյնն է երկրի իշխանութեան բազմաթիւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու ալ։ Շատ յաճախ յայտնի չ՚ըլլար, թէ ի՛նչ կ՚ըսեն անոնք։ Սեպենք թէ կարեւոր չէ մեր հասկնալը կամ չհասկնալը, բայց միթէ միայն մեզի՞ հասցէագրուած խօսքը այդպէս անհասկնալի է։ Այսինքն, անոնք ընդհանրապէս շատ լաւ կ՚արտայայտեն իրենց խօսքը, բայց երբ կարգը հասնի սեփական ժողովուրդին՝ միայն հո՞դ է որ «բանը ծուռ կ՚երթայ»։ Անկեղծօրէն համոզուած չեմ այդ «լաւատես» վարկածին։ Ուստի, սա եւս շատ կարեւոր ու ծանրակշիռ երեւոյթ է, քանի որ՝ զուգահեռ մը գծելով վերեւ նշուած զինուորականին հետ, կրնամ ըսել, որ հոս եւս, այսինքն քաղաքականին, դիւանագիտականին մէջ եւս լեզուականին կապուած նուազագոյն սխալը, թիւրիմացութիւնը, թիւրըմբռնումը կրնայ աւելի քան ճակատագրական հետեւանքներ ունենալ։
Յետոյ, լեզուական այս տխուր համայնապատկերին մէջ «կը փայլին» նաեւ լրասփիւռները, որոնց պարագան ամբողջ գիտաժողով մը պիտի պահանջէր եւ աւելին՝ վստահաբար։ Միայն թող թոյլ տրուի ինծի երկու խօսքով վերադառնալ վերոնշեալ հարցազրոյցին։ Սովորական պայմաններու մէջ, ինքզինք յարգող լրագրող մը պէտք չէր, որ հրապարակէր այդ հարցազրոյցը այն ձեւով, որ ներկայացուած է։ Կամ պէտք է մշակէր, լրացնէր, կամ ալ անտեսէր, մէկդի դնէր։ Բայց անկասկած իր խօսակցին ծանօթ ու կարեւոր անձնաւորութիւն մը ըլլալու հանգամանքը զինք մղած է «չմսխելու» քաղած պտուղը։
Որպէս եզրակացութիւն. մի՛ անտեսէք, մի՛ արհամարհէք լեզուն։ Լեզուն միայն ընկերային շրջանակի մէջ հաղորդակցութեան միջոց չէ, ոչ ալ վերապահուած է լոկ գրագէտներուն կամ գրասէրներուն։ Բոլորս պարտինք մեր առաւելագոյն ճիգը թափել ըստ կարելւոյն հասկնալի եւ ճիշդ խօսելու։
Այդ կը պարտադրէ մեր խօսակիցներուն նկատմամբ յարգանքը եւս։
Վա՛րկ է նաեւ լեզուն։ Լեզուին չտիրապետելու օրինակով տրուած պատկերը կրնայ միայն ու միայն բացասական հանդիսանալ, թերահաւատութիւն ներշնչել, մէկ խօսքով՝ վարկաբեկիչ ըլլալ։
Ա.Դ. ■