Հայերէն Գաւառի Գրականութիւնը, Համշէնի Մշակոյթը Եւ Վերյիշումներ
Համշէնահայերէնը իմ մայրենին է։ Խօսիլ սկսայ երկու լեզուներով։ Համշէնահայերէնի եւ թրքերէնի կը տիրապետէի նախքան դպրոցական տարիներս։ Խոստովանիմ, թէ ծնողներս շատ ալ ցանկութիւն չունէին համշէնահայերէն իմանալուս հանդէպ։ Ըստ երեւոյթի կը մտահոգուէին թէ համշէնահայերէն խօսելով կը դժուարանամ թրքերէնի լաւ տիրապետելուն։ Ես աւելի վերջ նկատեցի, թէ այդ դժկամութեան ետին ուրիշ ազդակներ ալ կան։ Կրնամ ըսել թէ համշէնահայերէնի դէմ ուշադրութեանս աղբիւրը մեր բնակավայրն է, գիւղը եւ լեռնադաշտը։
Այսօր գիւղերու եւ լեռնադաշտերու բնակչութիւնը խիստ նուազած է։ Համշէնցիները բնակութիւն հաստատած են մեծ քաղաքներու մէջ եւ միայն արձակուրդի պատճառաւ կամ թէյի բերքահաւաքի օրերուն կ՛այցելեն Համշէն։ Քաղաքի պայմաններուն մէջ հասարակաց լեզուն թրքերէնն է։
Տարբեր ազդեցութիւններով եւ տարբեր եղանակներով պոլսհայերն ալ ապրեցան մեր նման փորձութիւն մը։ Երբ «Նոր Զարթօնք» հարթակի երիտասարդներու նախաձեռնած համացանցային «Նոր Ռատիօ»ի համար հաղորդումներ կը պատրաստէի, նկատեցի, որ մեր գործածած բառերէն շատեր իրենց օտար էին։ Այստեղ անշուշտ, որ կայ գիւղի եւ քաղաքի կենցաղներու թելադրած տարբեր բառամթերքի գործօնը։
Այս համոզումին եկայ, երբ ճանչցայ Համաստեղի եւ Յակոբ Մնձուրիի գիրքերը։ Այդ գիրքերուն մէջ ալ յաճախ կը հանդիպէի բառերու, որոնք ինձ՝ համշէնախօսին ծանօթ էին եւ պոլսահայոց՝ ոչ։ Այս առթիւ կ՛ուզեմ երախտիք յայտնել այդ գիրքերու խմբագիր Արտաշէս Մարկոսեանին եւ թարգմանիչներ Սարգիս Սերովբեանին եւ Սիլվա Գույումճեանին։
Համաստեղի գիրքին առաջին պատմուածքն էր «Աղջի Էղսիկ»ը։ Հոն արդէն հանդիպած էի ինծի ծանօթ բառերու, որոնք կը յիշեցնէին իմ հօրս հայհոյանքները։ Նման գիւտեր կ՛ընեմ յաջորդող հեքեաթները ընթերցելով եւս։
Համաստեղի հեքեաթները կարդալով, մէկ կողմէ ալ կ՛ափսոսամ այս մեծ արժէքին այսքան ուշ հանդիպելուս համար։
Ընթերցումներս կը շարունակեմ այս անգամ Ակնէն կամ Խարբերդէն տեղափոխուելով դէպի Արմտան։ Յակոբ Մնձուրիի էջերը թղթատելով կը տարուիմ այնպիսի տպաւորութեամբ, թէ կարծես Համշէնի լեռնադաշտերուն վառարանի մը շուրջ նստած մեր տարեցներուն պատմութիւնները կը լսեմ։ Հասկնալի է այս տպաւորութիւնը, քանի որ յաճախ ընթերցումս կ՛ընդհատէի եւ ծնողներուս մէջբերումներ կարդալով անոնց ալ իրազեկ կը դարձնէի։ Հոս եւս կը հանդիպիմ ինծի համար շատ հարազատ բառերու։ Զարմանալի զուգադիպութիւններ կը գոյանային, օրինակի համար՝ լեղաղբիւրը նոյն ձեւով մենք ալ կը գործածենք։ Լեղի է այդ աղբիւրին ջուրը։
Յետոյ մանկութեանս թռչունը՝ կուկուն, կը յայտնուէր Մնձուրիի տողերուն վրայ։ Մանկական խաղ մըն էր մեզի համար։ Մենք «կուկու» կը կանչէինք եւ ինք ալ կը կրկնէր այդ կանչը անընդհատ մինչեւ, որ ձանձրանանք։
Մնձուրիի պատումները մանկական յիշատակներու պատկերներ կը պարզեն իմ առջեւ։ Թէյի բերքահաւաքի օրերուն հաւաքուած բերքը փոխադրելու համար այսօր կ՛օգտուինք նախնական ճոպանուղիէն։ Իմ մանկութեան ժամանակ այդ սարքը գոյութիւն չունէր։ Կալանդները կը բեռցնէինք իշուն ու ես ալ արմտանցի տղոց նման «չո՜լ» կը պոռայի իշուն, բայց ան չէր հնազանդեր։ Արագօրէն քաղքենիացման այս շրջանին, համշէնցիներու լեզուի այլասերումն ալ թափ կը ստանայ։ Հայ գեղջուկ գրականութիւնը այդ առումով ալ յիշողութիւնը վերակերտելու առիթ մը կ՛ընդձեռէ համշէնցիներուս։ Մշակութային հասարակական անցեալին հետ կապ հաստատելու առիթ մըն է հայերէն գաւառի գրականութիւնը։
ՄԱՀԻՐ ԷՕԶՔԱՆ
«ԱԿՕՍ»