Հայկական համայնքները Արեւելքի երկիրներուն մէջ
Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ մտնող Սուրիա եւ Լիբանան բռնագաղթած հայերու հիմնական զանգուածը պատերազմէն ետք մշտական բնակութիւն հաստատած են այդ երկիրներուն մէջ, մէկ մասն ալ տեղափոխուած է Յունաստան, Եգիպտոս, Ֆրանսա, ԱՄՆ, Արժանթին եւ այլ երկիրներ։ Մինչեւ 1920-ականի վերջը Արեւելքի երկիրներուն մէջ գործած են մեծ թիւով որբանոցներ եւ գաղթակայաններ, որոնք հիմնած էին հայկական (ՀԲԸՄ եւ այլն) եւ արտասահմանեան (Ամերիկեան նպաստամատոյց՝ ԱՄԵՐԿՈՄ՝ անգլ.՝ Near East Relief եւ այլն) բարեգործական կազմակերպութիւնները։ 1938–1939-ներուն, երբ Սուրիոյ ֆրանսական իշխանութիւնները Ալեքսանտրետի սանճակը մտցուցին Թուրքիոյ կազմի մէջ, տեղի բնիկ հայ բնակչութիւնը (շուրջ 40 հզ․ մարդ) նոյնպէս ստիպուած եղաւ արտագաղթել եւ հաստատուիլ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ։
Արեւելքի երկիրներու հայութեան ամենակարեւոր առանձնայատկութիւնը այն է, որ ի տարբերութիւն սփիւռքի միւս համայնքներուն, անոնք կը գործեն իսլամադաւան երկիրներու մէջ։ Իսլամի եւ քրիստոնէութեան հիման վրայ ձեւաւորուած մշակոյթներու եւ ապրելակերպի էական տարբերութիւնները մեծապէս կը նպաստեն հայերու ազգային ինքնութեան պահպանման վրայ։ Կրօնամշակութային այդ առանձնացուածութեան հետեւանքով հազուադէպ են ամուսնութիւնները տեղացիներու եւ հայերու միջեւ։
Սկսած 1950-ականներու վերջը այս տարածաշրջանի հայ համայնքներու բնականոն զարգացումը ընդհատուած է։ Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրանի եւ Արեւելքի այլ երկրներու ազգայնական տրամադրութիւններու աշխուժացումը, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ու գործունէութեան սահմանափակումները, քաղաքական անկայունութիւնը (քաղաքացիական պատերազմը Լիբանանի, ՛ Իրանի, Իրանա-իրաքեան պատերազմը եւ այլն), ցած կենսամակարդակը պատճառ դարձած են տեղի հայութեան արտագաղթի։ Ներսփիւռքեան այս պարտադրուած տեղաշարժը, որ աննախադէպ էր իր ծաւալով եւ տեւողութեամբ, բացասաբար կ՛անդրադառնայ Արեւելքի համայնքներու կենսունակութեան վրայ՝ հարցականի տակ դնելով անոնց առաջատար դիրքը հայկական սփիւռքին մէջ։ Արտագաղթող հայերու բացարձակ մեծամասնութիւնը նախընտրած է Արեւմուտքի զարգացած երկիրներու ժողովրդավարական հասարակարգն ու քաղաքական կայունութիւնը՝ գիտակցելով հանդերձ այդ երկիրներուն ընկերա-տնտեսական ինքնահաստատման, ազգամշակութային ինքնութեան պահպանման հետ կապուած դժուարութիւնները։
Զբաղմունք
Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի եւ Արեւելքի թոյլ զարգացած երկիրներուն հայերը շարունակած են զբաղուիլ արհեստներով եւ առեւտուրով, մասամբ նաեւ գիւղատնտեսութեամբ։ Այդ, ինչպէս նաեւ տեղացիներու ընդհանուր առմամբ բարեացակամ վերաբերմունքը, նպաստած են, որ հայերը համեմատաբար շուտ յարմարուին նոր պայմաններուն։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք տեղի հայերու մէջ զգալիօրէն աճած է գործարարներու, մասնագէտներու, ծառայողներու եւ յատկապէս ուսանողութեան թիւը։ 1960-ականներուն հայերուն կը պատկանէին Լիբանանի խոշոր արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու 18%-ը եւ մանր արհեստաւորական ձեռնարկութիւններու 43%-ը։ Իրանի եւ Լիբանանի հայութեան ընկերա-իրաւական կարգավիճակի կարեւոր առանձնայատկութիւններէն է այն, որ այստեղ անոնք կը ճանչցուին որպէս ազգային-կրօնական համայնք, որու շնորհիւ ալ իրենց ներկայացուցիչները ունին այդ երկիրներու խորհրդարաններուն ու կառավարութիւններուն մէջ։
Կրթութիւն
Մարի եւ Վաղինակ Պեքարեանները 1918-ին Ատիս Ապեպայի հայկական դպրոցի սաներուն հետ, Եթովպիա
Սկսած 1920-ականներէն՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Իրանի մինչ այդ գործող դպրոցներու կողքին հիմնուած է հայկական միջնակարգ (երկրորդական) եւ նախակրթական դպրոցներու լայն ցանց։ Տեղի հայութեան համար հայոց լեզուն ներկայիս ալ հաղորդակցման բնական միջոց է, այստեղ տարբեր տարիներուն հրատարակուած են մեծ թիւով հայկական թերթեր ու ամսագրեր, պահպանուած եւ զարգացած են հայ գեղարուեստական գրականութեան աւանդոյթները։ Բազմաթիւ ազգային, յատկապէս մշակութային կազմակերպութիւններու, կրթական հաստատութիւններու, հայալեզու պարբերականներու գոյութիւնը ստեղծած է ուրոյն հայկական մթնոլորտ Հալէպի, Պէյրութի գրեթէ ամբողջովին հայերով բնակեցուած առանձին թաղամասերու մէջ։ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրանի հայ համայնքները մինչեւ 1980-ականները հայ սփիւռքի մշակութային եւ քաղաքական կեդրոններն էին։ Այստեղ մեծցած ու կրթութիւն ստացած են նաեւ այլ երկիրներու համայնքային առաջնորդներու զգալի մասը։ Արեւելքի երկիրներու համայնքներու մշակութային եւ կրթական առաջընթացին մեծապէս նպաստած է նաեւ Արեւմուտքի երկիրներու, յատկապէս ԱՄՆ-ի, հայութեան մշտական դրամական օժանդակութիւնը, որու շնորհիւ հիմնուած են դպրոցներ, երիտասարդական կեդրոններ, հիւանդանոցներ, տրամադրուած են կրթաթօշակներ եւ այլն։