Հայկական համայնքները Արեւմուտքի երկիրներուն մէջ
Հայերը Եւրոպայի մէջ հաստատուած են վաղնջական ժամանակներէն։ Միջնադարուն յայտնի էին Արեւելեան Եւրոպայի հայկական գաղութները, որոնց մեծ մասը առեւտրական քաղաքներ կամ թաղամասեր էին, ունէին իրենց դպրոցները, եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ՝ տպարանները։
Լիտր Արմենիա թաղամասը Լոս Անճըլըս քաղաքին մէջ, ԱՄՆ
Սկզբնական շրջանին առաւել ծանր էր հայ գաղթականներու վիճակը Արեւմուտքի արագ զարգացող արդիւնաբերական երկիրներուն (ԱՄՆ, Քանատա, Ֆրանսա եւ այլն)։ Չունենալով բաւարար մասնագիտական հմտութիւններ, որպէս կանոն չտիրապետելով տեղի լեզուներուն՝ անոնք ստիպուած էին հիմնականին կատարել որակաւորում չպահանջող, ծանր ու ցած վարձատրուող աշխատանք։ Ներգաղթած հայերը իրական պատկերացում չունէին այդ ժողովուրդներու ապրելակերպի, բարոյական ու մշակութային կանոններու մասին, որոնք յաճախ խորթ եւ անընդունելի էին իրենց համար։ Արեւմուտքի երկիրներու ժողովուրդները, իրենց հերթին, անծանօթ ըլլալով հայերուն, ինքնաբերաբար անոնց վրայ կը տարածէին «ասիացիներու» մասին ունեցած իրենց բացասական պատկերացումները։ Այդ դրսեւորումներէն էր, օրինակ, 1920-ականներուն հայերու բնակութեան վայրի եւ աշխատանքի ընտրութեան, հասարակական փոխադրամիջոցներէն օգտուելու եւ քաղաքացիական այլ իրաւունքներու խիստ սահմանափակումները ԱՄՆ-ի Գալիֆորնիայի նահանգին մէջ։ Միայն տարիներ անց հայերը կրցան դառնալ այդ երկիրներու լիիրաւ քաղաքացիներ։ Իսկ արդէն Արեւմուտքի երկիրներուն մեծցած ու կրթութիւն ստացած սփիւռքահայերը իրենց տեղը զբաղեցուցին ընկերա-տնտեսական աստիճանակարգութեան միջին եւ բարձր օղակներուն մէջ։ Անոնց թիւին են անհատ ձեռներէցներ, պետական եւ այլ ծառայողներ, գիտնականներ, դասախօսներ, գիտա-արհեստական տարբեր ոլորտներու բարձրորակ մասնագէտներ, մեծաթիւ ուսանողութիւն եւ այլն։
Արեւմուտքի երկիրներու հայերու՝ որպէս հասարակութեան արժանապատիւ քաղաքացիներ, ինքնահաստատմանը մեծապէս նպաստած է անոնց գործօն մասնակցութիւնը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին. ԱՄՆ-ի շուրջ 18 500 եւ Մեծ Բրիտանիայի ու Ֆրանսայի շուրջ 10 000 հայազգի քաղաքացիներ նշուած երկիներու զինուած ուժերուն մարտնչած են Ֆաշիստական Գերմանիոյ ու անոր դաշնակիցներուն դէմ։ Իսկ վերջիններուն կողմէն գրաւուած Ֆրանսայի, Յունաստանի, Պուլկարիայի եւ այլ երկիրներու տեղի հայութիւնը մասնակցած է նաեւ դիմադրութեան զինուած պայքարին։
Այդ տարիներուն սփիւռքահայութիւնը կազմակերպած է նաեւ յատուկ հանգանակութիւններ Խորհրդային Միութեան օգտին, որոնց կարեւոր արդիւնքներէն էր «Սասունցի Դաւիթ» տանկային շարասեան ստեղծումը։
Արեւմուտքի երկիրներու մշակոյթի մշտական եւ ուժեղ ներգործութեան պայմաններուն հայերու համար ամենաբարդ եւ դժուար խնդիրներէն է ազգային ինքնութեան պահպանումը։ Հայերը եւ յատկապէս անոնց առաջին սերունդները, ցանկալով ներգրաւել ընդունող հասարակութիւններուն, ձգտած են առաւելագոյնս որդեգրել տեղի կենսաոճն ու ընկերային-մշակութային արժէքները՝ միաժամանակ սահմանափակելով իրենց ազգային, աւանդական մշակոյթի դրսեւորումները։ Այսպէս՝ այդ երկիրներուն երկար ժամանակ գոյութիւն ունեցած են միայն մէկօրեայ հայկական դպրոցներ, որոնք չէին կրնար բաւարարել ազգային դաստիարակութեան եւ կրթութեան պահանջները։
Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու (Արժանթին, Պրազիլ, Ուրուկուէյ եւ այլն) համայնքներու կազմաւորումն ու զարգացումը հիմնականին ընթացած է Արեւմուտքի երկիրներու հայկական համայնքներու նման։ Այդ համայնքներու կարեւոր առանձնայատկութիւններէն է այն, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք չէ նկատուած տեղի հայերու շօշափելի արտագաղթ։ Միեւնոյն ժամանակ սփիւռքի այլ համայնքներէն եւ Հայաստանէն համեմատաբար քիչ թիւով հայեր գաղթած Հարաւային Ամերիկայի երկիրներ։
Մշակութային եւ կրթական կեանք
Հայ պարախումբ Սբ. Կարապետ եկեղեցւոյ մօտ. նկարը՝ նորուեկեան արխիւներէն
Արեւմուտքի երկիրներու հայութեան ազգային գործունէութիւնը զգալիօրէն աշխուժացածլ է, երբ 1960-ական թուականներուն սկսած է հայերու ներհոսքը Արեւելքի երկիրներէն, իսկ 1980-ականներու վերջը՝ նաեւ Հայաստանէն: Եթէ ԱՄՆ-ի, Քանատայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներուն անոնք համալրած են տեղի հայ համայնքները, ապա Շուէտիոյ, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Հոլանտայի, Պելճիքայի եւ այլ երկիրներուն մէջ հիմնած են նոր համայնքներ կամ վերակենդանացուցած եղածները։ Առաւել արդիւնաւետութեամբ սկսած են գործել համայնքային հիմնարկութիւնները, հիմնած են կրթական եւ մշակութային նոր հաստատութիւններ, թերթեր, գեղարուեստական խումբեր եւ այլն։ Գլխաւորապէս անոնց ջանքերու շնորհիւ 1960-ականներու կէսերուն ԱՄՆ-ի մէջ հիմնուած են առաջին ամէնօրեայ հայկական դպրոցները: Գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ գործող հայկական ամէնօրեայ դպրոցները մասնաւոր են եւ, ի տարբերութիւն պետական դպրոցներու, վճարովի։ Ուսուցումն այդ դպրոցներուն կ՛ընթանայ համաձայն տուեալ երկրի պետական ուսումնական ծրագրերու եւ տեղական լեզուներով, ինչը պարտադիր պայման է աւարտական վկայականը պետութեան կողմէն ճանչցուելու համար։ Հայկական դպրոցներու ամենակարեւոր առանձնայատկութիւնն այն է, որ հիմնական ծրագրի հետ երեխաները կ՛ուսանին հայոց լեզու ու գրականութիւն, հայ ժողովուրդի (ներառեալ եկեղեցւոյ) պատմութիւն, հայկական երգ ու պար: Խիստ կարեւոր է նաեւ այդ դպրոցներուն մէջ ստեղծուած ազգային մթնոլորտը, որու շնորհիւ ալ հայ երեխաներուն մէջ կը ձեւաւորուի ազգային ինքնագիտակցութիւնը։
Այդուհանդերձ, Արեւմուտքի երկիրներուն մէջ գործող սակաւաթիւ հայկական միջնակարգ դպրոցներուն կը սորվին հայազգի երեխաներու փոքր մասը։ Որպէս հետեւանք՝ տեղի հայերու, յատկապէս երիտասարդութեան ճնշող մեծամասնութիւնը լաւագոյն պարագային կը տիրապետէ հայերէնի խօսակցական լեզուի սոսկ տարրերուն։ Այդ իր հերթին կ՛անդրադառնայ հայկական մամուլի վրայ. կ՛աւելնան տեղական լեզուներով հրատարակութիւններու թիւը, իսկ հայալեզու պարբերականները, որպէս կանոն, ունին օտարալեզու յատուկ ենթաբաժիններ կամ յաւելուածներ։ Ի տարբերութիւն Արեւելքի երկիրներու՝ տեղի հայ համայնքներուն ձեւաւորուած մշակութային ոլորտը չի նպաստեր հայալեզու գրականութեան զարգացման, կը խթանէ օտարագիր հայազգի գրողներու ի յայտ գալուն։ Արեւմուտքի երկիրներուն հայկական հիմնարկութիւններու արդիւնաւէտ գործունէութեան, կը նպաստէ մեծ թիւով հայերու ներգրաւման, մեծապէս կը խոչընդոտէ նաեւ մեծ քաղաքներուն ցրուած բնակչութիւնը։
Կրօնական կեանք
Նշուած երկիրներուն իւրայատուկ դեր վերապահուած է հայերու կրօնական պատկանելութեան։ Սփիւռքի ձեւաւորման շրջանին այն զգալի չափով նպաստած է տեղի՝ նոյնպէս քրիստոնեայ ժողովուրդներու կողմէ հայերու մասին նպաստաւոր կարծիքի ձեւաւորման, իշխող միջավայրին հայերու արագ յարմարուելուն։ Անոր հետ մէկտեղ, նոյն քրիստոնեայ միջավայրը զգալիօրէն նուազեցուցած է Հայ եկեղեցւոյ դերը, իսկ որոշ իմաստով նոյնիսկ դիւրացուցած է հայերու ազգամշակութային ձուլումը։ Այդ կը վկայէ այլազգիներու հետ հայերու ամուսնութիւններու թիւի մշտական աճը. Արեւմուտքի եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու հայութեան շրջանին անոնք կը կազմեն ամուսննութիւններու ընդհանուր թիւի շուրջ 60%-ը։