Հայկական Ճաշի Փառատօն՝ Մենչըսթըրի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ 150ամեակին Առթիւ
Շաբաթ, 25 Յունիսի կէսօրին, Մենչըսթըրի Տիտզպըրի գողտրիկ աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Մենչըսթըրի Սուրբ Երրորդութիւն հայ առաքելական եկեղեցւոյ 150ամեակին առթիւ կազմակերպուած Հայկական ճաշի փառատօնը։
Եկեղեցւոյ խնամակալութեան պատասխանատուները եւ եկեղեցւոյ կից գործող հայկական միօրեայ վարժարանի աշակերտներու ծնողները յղացեր էին այս գեղեցիկ գաղափարը։ Տեղի պատճառով եւ յարաբերաբար աւելի բանուկ վայրի մը ընտրութեան մտահոգութեամբ՝ ձեռնարկը կազմակերպուած էր,– հոգ չէ թէ եկեղեցիէն քիչ մը հեռու,– Տիտզպըրիի հանրային գրադարանի գեղեցիկ շէնքի մուտքի բակին մէջ։
Կէսօրէն մինչեւ կէսօրէն ետք ժամը 3 տեւած փառատօնը, ուր ի պատուի էին հայկական ամէն տեսակ համադամներ (առանց մոռնալու անշրջանցելի խորովածը եւ լաւաշը), ուր ամէն կողմ ներկայ էր հայկական Եռագոյնը (մինչեւ իսկ աջ ու ձախ վազվռտող բոլոր մանուկներու թոնթոշիկ այտերուն վրայ), ինչպէս նաեւ հայկական երգն ու պարը, հիւրընկալեց հարիւրաւոր այցելուներ՝ հայ եւ մա՛նաւանդ ոչ-հայ անցորդներ։
Եւ ինչպէս տեղւոյն վրայ պարզուած պաստառին վրայ ալ նշուած էր՝ «Չկայ լաւագոյն միջոց, քան համտեսել ճաշերը՝ հասկնալու համար մշակոյթ մը»։
Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած էին ամէն ինչով կատարեալ այս նախաձեռնութեան մէջ։