Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Գողցուած Արուեստի Գործերուն Եւ Վնասուց Հատուցման Նուիրուած Գիտաժողով UCLA-ի Մէջ
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ հիմնարկին Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագիրին կազմակերպութեամբ, 10 Փետրուարին տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին գողցուած արուեստի գործերուն եւ վնասուց հատուցման նուիրուած գիտաժողով մը։
Գիտաժողովին մղիչ ուժն է փրոֆ. Հեղնար Ուաթընփաուի եւ փրոֆ. Մայքըլ Պազիլէրի առաջնորդութեամբ սկսած նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակն է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին գողցուած արուեստի գործերուն վերադարձը ապահովելու համակարգ մը գոյացնել։
Գիտաժողովին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ վաւերագրական ֆիլմի մը ցուցադրութիւնը (սրահին մէջ ներկայ հանրութեան համար), ներկայացում մը ցարդ կատարուած աշխատանքներուն մասին եւ երկու քննարկումներ։
Գլխաւոր բանախօսն է դեսպան Սթիուըրթ Այզնսթաթ. ելոյթներ պիտի ունենան նաեւ իրաւագէտներ Լորըն Ֆիլտըր եւ Ռենտըլ Շէօնպըրկ, ինչպէս նաեւ հետախոյզ լրագրող Սիմոն Մաղաքեան։
Գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին «Ֆաուլըր» թանգարանին «Լենարթ» սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5։ Արձանագրուելու համար կը խնդրուի սրահ ժամանել առաւօտեան ժամը 9։30ին։ Գիտաժողովին առցանց հետեւելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել bit.ly/AGLA2024 կայքէջը։