Հարս, Հարսանիք Եւ… Ապահարզան
Պսակադրութեան եկեղեցական արարողութեան մը ներկայ էի:
Եկեղեցին ու անոր խորանը արտակարգօրէն լուսաւորուեր էին: Ամէն կողմ` հարսնեւորներ, գեղեցիկ հանդերձանքով պճնազարդուած կիներ ու մանկամարդ օրիորդներ, կոկիկ ու վայելուչ արտաքինով երիտասարդներ: Ուրախութի՛ւն կը ճառագայթէր ամէնուն դէմքէն:
Փեսան` հազիւ 25ամեայ երիտասարդ մը, դասին մէջ է արդէն: Ակնդէտ կը սպասէ հարսին գալուստը` նայուածքը չհեռացնելով տաճարին մայր դռնէն…
Ժամադրութիւնը յարգուեցաւ ու ահա՛ հասաւ հարսին սպիտակ ինքնաշարժը: Վերնատունէն երգեցիկ դպիրները հնչեցուցին «Ուրախացի՛ր, պսակ կուսից»ը: Ժողովուրդը ոտքի կանգնեցաւ: Հարսը, իր հօր հետ թեւանցուկ, փառաւոր մուտք մը գործեց տաճար` ներկաներուն հիացական հայեացքին տակ: Դասին վանդակորմին առջեւ սպիտակազգեստ «ձիւնաթիւր»ը յանձնուեցաւ իր կեանքի նո՛ր ընկերոջ` ապագայ կողակիցին: Անոնք երկուքով, մէկզմէկու ափը բռնած, խոնարհօրէն կանգնեցան սրբազան խորանին առջեւ…
Ընտանիք մը եւս կազմուեցաւ… Օրհնեա՜լ ըլլայ:
* * *
Երբ տուն վերադարձայ պսակադրութեան աւարտին, երկարօրէն մտածեցի… հարսին մասին:
Ներեցէ՛ք, թիւրիմացաբար չընկալէք իմ այս անմեղ խօսքերը: Ես նորապսակ հարսին մասին չէ՛ որ մտածեցի, այլ… «հարս» բառին մասին:
Է՜հ, մեզի պէս մարդիկ այսպէ՛ս են ահա. ամէն քարի տակէն ծիլ ու ծաղիկ կը փնտռեն:
Հա՜րս… Որքա՛ն շատ գործածուող բառ մըն է ան ու որքա՛ն ցանկալի մտապատկեր` իգական նորափթիթ սեռին համար:
Բառարաններուն մէջ պրպտումներ կատարելու հարկ չկայ: Ամէն ոք, ներառեալ` հինգ տարեկան երեխաները, գիտեն, թէ ո՛վ է հարսը: Հարսը այն նշանուած աղջիկն է, որ կ՛ամուսնանա՛յ, փեսային կողակից կը դառնայ: Հարսնութեան պատրաստ աղջիկը կը կոչենք «հարսնցու» (արեւելահայերը` «հարսնացու»): Անոր կեանքին ամէնէն ճակատագրական ու կարեւոր փուլերէն մին է հարսնութիւնը, հարս դառնալը:
Նկատած ըլլալու էք անպայման, որ «հարս» բառը մեր մէջ, իր առաջին ու գլխաւոր իմաստին զուգահեռ, ունի գործածութեան այլ ոլորտ մը եւս. հարսնացած աղջիկը մինչեւ իր կեանքին վերջը հարս կը նկատուի իր ամուսնոյն անմիջական պարագաներուն կողմէ: Այ՛դ անուանումով կ՛ակնարկե՛ն իրեն: Օրինակ`
– Հարսս ուսուցչուհի է դպրոցը. քսան տարուան վաստակ ունի այնտեղ, կը բացատրէր կեսուր մը իր դրացուհիին:
– Իմ երկու հարսերէն մէկն ալ ուսուցչուհի էր, բայց երկար չմնաց այդ ասպարէզին մէջ, կը պատասխանէր միւսը:
* * *
Անդրադարձե՞ր էք երբեւիցէ, թէ «հարս» բառին արաբերէն հոմանիշն է «արուս»: Ասիկա հնչիւնային հետաքրքրական նմանութիւն մըն է: Հարս\արուս: Ակնբախ է երկու բառերուն արմատային նմանութիւնն ալ: Թէեւ Աճառեան իր «Արմատական Բառարան»ին մէջ բառը կը նկատէ բնիկ հայկական ու զայն կը նշէ իր նախնական «հարսն» ձեւով, բայց այլ լեզուաբաններ զայն փոխառեալ կը նկատեն արաբերէնէն:
Եթէ բառարան բանանք, մեր դիմաց պիտի գտնենք «հարս» արմատով կազմուած բարդ կամ ածանցաւոր մեծաթիւ բառակերտումներ, որոնց նշանակալից մէկ մասը անգործածական է: Մենք ամէնէն շատ կը գործածենք հետեւեալ բառերը.
– Հարսանիք կամ հարսնիք (ամուսնական խրախճանք եւ ուրախութիւն: Հոս կը յիշեմ խորհրդահայ երեւելի թատերագիր Արամաշոտ Պապայեանի «Մեծ Հարսանիք» կատակերգութիւնը), հարսնեւոր (հարսանիքի մասնակից), հարսնազգեստ (հարսին սպիտակ հագուստը), հարսնտես (առաջին պաշտօնական ու հանդիսաւոր այցը` հարսին տունը), հարսնեղբայր (դէպի եկեղեցի` հարսին ընկերակցող երիտասարդ հարազատ), հարսնքոյր (հարսին մերձաւոր կին), հարսներգ (հարսանեկան երգ), հարսնօժիտ (հարսին` իր ամուսնական բնակարանը տանելիք անձնական իրերը), նորահարս (նորապսակ հարս), ծովահարս (ուղեւորները իրեն քաշող եւ կորուստի մատնող առասպելական կին, յուշկապարիկ), ջրահարս (կիսով կնկայ եւ կիսով ձուկի մարմին ունեցող առասպելական էակ, ջրապարիկ) եւ այլն:
Յաւելուածաբար կրնամ յիշել երկու բառեր եւս, որոնք եթէ ոչ արմատով, սակայն գէթ իմաստային տեսակէտէ բնաւ կապ չունին Ս. պսակի արժանացած հարսերուն հետ: Ասոնցմէ մին «հարսնեակ»ն է, որ շերամի որդն է` թրթուրը, բոժոժով պատուած, որ կը ծակէ խոզակը ու դուրս կու գայ իբրեւ թիթեռնիկ… Միւսն ալ «հարսանիթ»ն է, որ երեսի ու մարմնի վրայ կարմիր բիծերով յայտնուող մորթային փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է եւ «կարմրուկ» ալ կը կոչուի:
* * *
Ոմանք հարց կրնան տալ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է կազմել «հարս» գոյականին յոգնակին: Հարսե՞ր, թէ՞ հարսներ:
Արեւելահայերը կը սիրեն ըսել «հարսներ»` հիմք ունենալով այն պարագան, որ բառս գրաբարի մէջ իր վերջաւորութեան ունէր «ն» բաղաձայնը: Հարսն-հարսներ: Ճիշդ այնպէս` ինչպէս էր պարագան եզն, գառն, դուռն, թոռն, լեառն, ձեռն, ոտն, մատն, շուրթն բառերուն, որոնք համապատասխանաբար կու տան` եզներ, գառներ, դռներ, թոռներ, լեռներ, ձեռներ, ոտներ, մատներ եւ շրթներ:
Արեւմտահայերէնի պարագային, «հարս»ին յոգնակին կը շարունակէ մնալ երկձեւ` ըստ գործածողին նախընտրութեան կամ ճաշակին: Ոմանք կը գրեն «հարսներ», ուրիշներ` «հարսեր»: Ճիշդ նոյն սկզբունքով ոմանք կը գրեն «մատներ», ուրիշներ` «մատեր»: Երկուքն ալ ընդունելի են:
* * *
Ես, որ այնքա՜ն կը սիրեմ մեր գրականութիւնը, «հարս» բառին դիմաց ինքնաբերաբար յիշեցի մեծանուն նահատակ Դանիէլ Վարուժանի շատ կարճ` ընդամէնը 12 տողնոց մէկ բանաստեղծութիւնը («Առկայծ Ճրագ»), ուր բացառիկ խտացումով պատկերուած է հայ մօր մը դառնակսկիծ ողբերգութիւնը, երբ ան անակնկալօրէն դէմ յանդիման կու գայ կռիւի մեկնած իր երիտասարդ զաւկին արիւնլուայ դիակին… Քերթուածին գլխաւոր դերակատարն ալ հա՛րսն է: Դէպքը վերցուած ըլլալ կը թուի գաւառական միջավայրէ: Կարդա՛նք.
Յաղթանակի գիշերն է այս տօնական.-
Հա՛րս, եղ լեցուր ճրագին:
Պիտի դառնայ կռիւէն տղաս յաղթական.-
Հա՛րս, քի՛թը առ պատրոյգին:
Սայլ մը կեցաւ դրան առջեւ, հորին քով.-
Հա՛րս, վառէ՛ լոյսը ճրագին:
Տղաս կու գայ ճակատն հպարտ դափնիով.-
Հա՛րս, բե՛ր ճրագը շեմին:
Բայց… սայլին վրայ արի՞ւն եւ սո՞ւգ բեռցեր են…
Հա՛րս, ճրագդ ասդի՛ն երկարէ:
Հերոս տղաս հոն զարնուա՜ծ է սրտէն.-
Ա՜խ, հա՛րս, ճրագդ մարէ՜….:
Այո՛, գաւառացի մօր համեստ տնակը այնուհետեւ բնաւ պիտի չլուսաւորուէր…
Բայց միայն Վարուժանի հարսը չէ, որ կը յաճախէ ինծի, կ՛ուրուագծուի՛ իմ մտապատկերին մէջ: Կայ նաեւ… Կոստան Զարեանի հարսը, «Տատրագոմի Հարսը» (Պոսթըն, 1930):
Ցնցիչ դէպք մըն ալ այս է, դարձեա՛լ գաւառի կեանքէն վերցուած, որ Զարեանի գրչին տակ վերածուած է գեղեցիկ պոէմի մը: Զարեան հում նիւթը քաղած է յեղափոխական յայտնի գործիչ Ռուբէնի (Տէր Մինասեան) յուշերէն, այնուհետեւ մշակած ու գրականութեան բերած է զայն վարպետօրէն:
Տատրագոմը Սասնայ սարերու կողին փռուած գիւղ մըն է: Հո՛ն է, որ իրենց կեանքը իրարու կը կապեն Յովանն ու Սանանը: Բայց ամուսնութենէն հազիւ քանի մը ամիս ետք Յովան զէնն ի ձեռին կը միանայ հայրենեաց ազատութեան նուիրուած հայ ֆետայիներու խումբի մը` ակամայ լքելով տուն ու կին:
Դեռատի հարսնուկը, այլապէս ալ` գեղեցիկ ու գրաւիչ, վեց երկա՜ր տարիներ կը սպասէ իր սիրական ամուսինին, ապարդիւն: Իր կանացի հոգին կեռա՜յ. սէր ու սիրականի թեւեր կը տենչայ ան… Ու պատահաբար կը հանդիպի քիւրտ երիտասարդի մը: Ինքզինք կը յանձնէ անոր, կը դառնայ անոր կողակիցը…
Հաւա՜ր… Հայ պահպանողական գիւղը կրնա՞յ հանդուրժել նմանօրինակ սրբապղծութեան, ցեղային ու ընտանեկան արժանապատուութեան ոտնակոխումի: Ո՛չ:
Արձագանգը կը հասնի հայդուկներու խումբին: Կայծա՛կ կ՛իջնէ՛ կարծէք անոնց գլխուն: Ֆետայիները կ՛որոշե՛ն իրենց յարմար դատած ձեւով լուծել այս «նամուս»ի հարցը: Կը գտնեն մեղաւոր զոյգը, կը սպաննեն քիւրտը տեղւոյն վրայ, իսկ Սանանը կը յանձնեն իր ամուսնոյն` Յովանին, որպէսզի ան ինքնիր ձեռքով «մաքրէ» անոր հաշիւը…
Ֆետայական վճիռը կը գործադրուի անյեղլի: Ու մինչ Տատրագոմի հարսը դաշոյնի հարուածներու տակ կը փչէր իր վերջին շունչը, ան կ՛աղաղակէ՛ր.
– Ես ի՞նչ արի, ես սիրեցի, մե՞ղք է սիրել…
Ուրիշ «հարս»եր ալ կա՞ն մեր գրականութեան մէջ:
Անկասկա՛ծ:
Եթէ բանասէր մը պրպտումի ձեռնարկէր այս ուղղութեամբ, իր կարթին պիտի կառչէին բազմաթիւ «հարս»եր… Օրինակ, կայ Սիպիլի «Հարսը» թատրերգութիւնը, որ տեղ գտած է Թէոդիկի 1922ի տարեցոյցին մէջ (քսան մանրատառ էջ): Կայ Նշան Տէստէկիւլի «Ամերիկահայ Հարսնացուն», որ ծիծաղաշարժ կատակերգութիւն մըն է (Պոսթըն, 1924): Կայ Ճորճ Աբէլեանի «Աննա Հարսը» վէպը (Պէյրութ, 1994, երկիցս ալ վերատպուած), որուն նիւթը քաղուած է քեսապահայոց տարագրութեան տարիներէն:
* * *
Անշուշտ որ «հարս» բառին ամէնէն մերձակայ բառը «հարսանիք»ն է: Հարս ու հարսանիք: Եւ ճի՛շդ այս կէտին վրայ ես կը յիշեմ Վարդանանց յիշատակին ձօնուած ազգաշունչ երգ մը, զոր սորվեցուցեր էին մեզի մանկապարտէզի տարիներուն: Տիգրան Չուխաճեանի «Լէպլէպիճի Հօր Հօր Աղա» օփերէթէն վերցուած հատուած մըն էր ատիկա: Երգը կը սկսէր «Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք` չենք վախի, մանր-մունր փորձանքներից չենք փախչի» նախադասութեամբ եւ կը շարունակուէր թշնամիին յաղթելու խոստումով, մինչեւ տեղ մը, ուր… «հարսանիք» մը կը յիշուէր.
Թող իմանան` մենք չենք դառնայ խաղալիք,
Այնպէս պիտ ծեծենք, որ յիշեն հօր հարսանիք:
«Հօր հարսանի՞ք»… Ի՞նչ կը նշանակէր այս: Մեր երեխայ ուղեղները բան մը կը հասկնայի՞ն այս հարսանիքէն…
Տարինե՜ր ու տասնամեակնե՜ր սահեցան, մինչեւ որ օր մըն ալ նո՛ր պիտի հասկնայի, թէ «հօր հարսանիքը յիշել»` կը նշանակէր անկարելի, արտասովոր վատ վիճակի մը մատնուիլ: Հապա՜, ձեզմէ ո՞վ կը յիշէ իր հօր հարսանիքը…
* * *
Ահա՛ բառ մը եւս` ՅԱՒԵՐԺԱՀԱՐՍ: Ըստ բառարանիս, յաւերժահարսերը յունական դիցաբանութեան մէջ երկրորդական կարգի դիցուհիներ են, որոնք թէեւ անմահ չեն, սակայն շատ երկարակեաց են եւ տեւաբար կը պահպանեն իրենց երիտասարդութիւնը: Անոնք կը հովանաւորեն անտառները, գետերն ու դաշտերը:
Դիցաբանական բնոյթի այս բառը մեզ կը տանի… Զմիւռնիա (Իզմիր), ուր հրատարակուած կը տեսնենք հայ պարբերական մամուլի հին անուններէն մէկը` «Յաւերժահարս»ը: 12 էջանի կիսամսեայ թերթ մըն էր այս` իր գլխուն վերեւ հրատարակիչ-խմբագիր ունենալով Սարգիս Փափազեանը: Այս վերջինը, թէեւ` վաճառական մարդ, ունեցեր է մտաւորական որոշ զարգացում, ախորժեր է գիր-գրականութենէ: Թերթին ընդհանուր բնոյթը եղած է «վիպասանական, արուեստից եւ զուարճալեաց», ինչպէս կը կարդացուի մայր խորագրին ներքեւ: Հրատարակած է հանրամատչելի յօդուածներ: Հոս, իբրեւ թերթօն, առաջին անգամ ըլլալով տպուած է Շէյքսփիրի «Վենետիկի Վաճառականը» գործին հայացուած օրինակը, զոր անգլերէն բնագրէն ուղղակի թարգմաներ է զմիւռնահայ ծանօթ մտաւորական Կարապետ Տէտէյեան (1822-1901):
«Յաւերժահարս»-ը լոյս տեսած է 1 Յունուար 1862էն մինչեւ նոյն տարուան յունիսի կէսը, ընդամէնը 12 թիւ:
«Հարս» բառին նուիրուած իմ այս լեզուական շրջապտոյտը իր աւարտին կը բերեմ «ապահարզան» բառով:
Գործածութենէ գրեթէ դադրած ու լայն խաւերու համար այլեւս անծանօթ բառ մըն է անիկա: Այո՛, «ապահարզան», որ կը նշանակէ… «ամուսնալուծում»:
Շատ հետաքրքրական է բառին կազմութիւնը: Անիկա շինուած է «ապ» ժխտական մասնիկով եւ «հարս» գոյականով, որ այստեղ այլափոխուելով` դարձած է «հարզ»: Պոչին ալ կցուած է «ան» մասնիկը: «Ապահարզանուիլ»: Այսինքն` հարսը արձակել, հարսէն բաժնուիլ, ամուսնալուծուիլ: Կրնայի՞ք գուշակել նման բան:
Ամերիկահայ գրող Արամ Հայկազէն կը յիշեմ կարդացած ըլլալ սա՛ վերնագրով պատմուածք մը. «Ապահարզանէն ետք մարդիկ երբեմն կը կարօտնան իրենց կիները»…
Ըսած ենք, չէ՞. բառերը ունին իրենց անիմանալի խորհուրդները…
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Հալէպ