Ճանչնանք Մեր Բառերը (6)
Հարցում Եւ…Բազում
Պահ մը փորձեցէք ընել պատահական գուշակութիւն մը եւ ըսել, թէ բառ մը քանի՞ ածանցում ու բարդութիւն կրնայ ունենալ հայերէնի մէջ` տա՞սը, քսա՞ն, երեսո՞ւն…

Հետաքրքրական է, որ ժամանակին հետ այս բառերէն շատեր դադրած են կիրարկուելէ, միւս կողմէ՝ ստեղծուած են ուրիշները. ասոնց բաղդատութիւնը մեզ կրնայ շատ հեռուները տանիլ՝ իրենց տաղտուկներով հանդերձ, որոնք համատեղելի չեն ընթացիկ յօդուածի մը մէջ, ինչպէս մերինն է. ըսեմ միայն, Ակադեմիայի քառահատոր «Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատարական բառարան»-ը իր կողմէ աշխարհաբարին համար կը ճանչնայ մօտաւորապէս 481 բառ, որ իր կարգին գայթակղեցուցիչ ըլլալէ չի դադրիր. ապա փորձեցէք այս մոլորակի՝ ձեզի ծանօթ լեզուներէն մէկուն մէջ գտնել նմանօրինակ երեւոյթ մը… ու ըստ այնմ դատեցէք, թէ ի՛նչ ցեղի յետնորդներն ու ժառանգորդներն էք:

Ակադեմիայի քառահատորը իր կարգին կ’ընդգրկկէ մեր զոյգ աշխարհաբար -ները՝ արեւելեան ու արեւմտեան, եւ այստեղ բոլոր բառերը ունին իրենց մատենագրական պատշաճ վկայութիւնները, որոնք քաղուած են Հայ աշխարհաբար գրականութենէն եւ մասամբ բարբառներէ: Ան ձեւով մը «Նոր հայկազեան»-ի աշխարհաբար տարբերակն է եւ արժանապատիւ յաջորդը՝ Մալխասեանի «Հայերէն բացատրական բառարան»-ին, որ իր օրին (1944) նոր էջ մը բացաւ աշխարհաբարի բառարանագրութեան պատմութեան մէջ: