Մարկ Նշանեան (24 Օգոստոս 1946, Փարիզ), սփիւռքահայ իմաստասէր, գրականագէտ, թարգմանիչ, խմբագիր, դասախօս։
Մարկ Նշանեան ծնած է 1946-ին, Փարիզի մէջ։ Զաւակ՝ կեսարացի ընտանիքի մը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ֆրանսական դպրոցի մէջ։ Ունեցած է նաեւ հայերէնի կարող ուսուցիչներ, որոնց կարգին եղած է վանեցի Տիգրան Չիթունիի կինը։ Մանկութեան եղած է Փարիզի մտաւորական շրջանակներուն մէջ։ Հօրաքրոջ ամուսնոյն՝ պարտիզակցի մտաւորական Յակոբ Տէր Յակոբեանի տան մէջ առիթ ունեցած է ճանչնալու Ահարոնը, ինչպէս նաեւ ժամանակի մտաւորական խաւին ներկայացուցիչները։
Հայերէնի համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Արեւելեան լեզուներու դպրոցէն։ Փիլիսոփայութեան ուսումը ստացած է Սթրասպուրկի (գերմաներէն՝ Straßburg) մէջ, հետեւելով Ժաք Տեռիտայի (ֆրանսերէն՝ Jacques Derrida) առաջին սերունդի սաներուն՝ Ժան-Լիւք Նանսիի (ֆրանսերէն՝ Jean-Luc Nancy) եւ Ֆիլիփ Լաքու-Լապարթի (ֆրանսերէն՝ Phillippe Lacoue-Labarthe) դասերուն։
«Կամ – հանդէս վերլուծական»ներու շարքին կը սկսի 1980-ին։ Մինչեւ չորս հատոր կը հրատարակէ մինչեւ 1986։ Հետագային վերստին ձեռք կ’առնէ ու կը տպագրէ երկու նոր հատորներ եւս 2002-ին եւ 2005-ին։ Հանդէսի էջերուն թարգմանած է Մօրիս Պլանշոյ, Ժորժ Պաթայլ, Վալթէր Բենիամին, Նիցչէ, Ժ.Լ. Նանսի, Եիւնկըր, Ա. Պեռման, գերման վիպապաշտներէն՝ Շլեկըլ եւլն․։
1995-1996 թուականներուն Լոս Անճելըսի UCLA համալսարանի մէջ վարած է հայագիտական դասընթացք։ 1996-էն մինչեւ 2007-ը եղած է Քոլումպիա համալսարանի հայագիտական ամբիոնին վարիչը։ Այդ թուականներուն որպէս այցելու դասախօս գտնուած է Պոլիս, պաշտօնավարելով «Սապանճը» համալսարանի մէջ, ինչպէս նաեւ Պէյրութ՝ Հայկազեան Համալսարանի մէջ։
Կը բնակի Լիզպոն։
Աշխատութիւններ
Մէկ գրքով ` Մարկ Նշանեանի թարգմանութեամբ` «Ֆրիդրիխ Նիցչէ Դերաքրիստոսը անէծք քրիստոնէութեան դէմ, Մարկ Նշանեան Ֆրիդրիխ նիցչէ՝ վասն ինքնիշխանութեան», Երեւան, Ինքնագիր գրական ակումբ, 2017:
Պատկեր, պատում, պատմութիւն, Ակտուալ Արուեստ հրատ․, Երեւան, 2015
Mourning Philology: Art and Religion at the Margins of the Ottoman Empire, Fordham University Press, 2014 (Մ․ Կօշկարեանի հետ)
Մարկ Նշանեանի թարգմանությամբ և վերջաբանով Մորիս Բլանշո «Վիպումներ», Երեւան, Ինքնագիր գրական ակումբ, 2013
Edebiyat ve Felaket, İletişim Yayınları, İstanbul, 2011
The Historiographic Perversion, translated by Gil Anidjar, New York, Columbia University Press, 2009
Deuil de la Philologie Entre l’art et le Temoignage vol.II, Metispresses Editions, 2007
La perversion historiographique, Paris, Lignes, 2006
Writers of Disaster: Armenian Literature in the Twentieth Century, vol. I, Princeton and London, Gomidas Institute, 2002
Յակոբ Օշականի մատենագիտութիւն, Լոս Անճելըս, «Բաց նամակ» մատենաշար, 1999
Ages et usages de la langue armenienne, Paris, Editions Entente, 1989
Արեւմտահայերէն թարգմանութեամբ ընթերցողին ներկայացուած 374 էջ ծաւալով գիրքի յատկանշական մասը բաժին կ’իյնայ Նշանեանի «Ֆրիտրիխ Նիցչէ՝ վասն ինքնիշխանութեան» աշխատութեան, որ, ինչպէս կը նշէ հեղինակը, ի սկզբանէ նախատեսուած էր որպէս վերջաբան՝ սահմանափակ հաւակնութիւններով․
«Երկարեցաւ որովհետեւ կարծեմ՝ յայտնութիւն մըն էր ինծի համար Նիցչէի շուրջ վերջին երեսուն տարիներուն աստուածաբանական մօտեցումերու (մեծ մասամբ՝ գերմանալեզու) սոսկ ծաւալը։ Ես գիտէի Նիցչէի փիլիսոփայական ընկալումը եւ ընկալումին տարբեր երանգները։ Բայց աստուածաբանական ընկալումը անակնկալ մըն էր ու պէտք ունէի անոր հետ հաշուի նստելու, գրաւականները հասկնալու։ Այդ դաշտին մէջ խորագոյն հանդիպումը, որ նաեւ կը մնայ ամենէն խորհրդաւորը, Յակոբ Տաւբէսի հանդիպումն է Նիցչէին հետ, որ տեղի ունեցած է կանուխէն ու տարիներու ընթացքին զարգացած է, հասնելով Տաւբէսի տպաւորիչ մտորումներուն, Նիցչէի եւ Պօղոս առաքեալի յարաբերութեան եւ հակադրութեան շուրջ, մտորումներ, որոնք շատ լայն արձագանգներ ունեցան Եւրոպա եւ Ամերիկա, մտաւորական շրջանակներէն ներս, ոչ թէ գիրքերու միջոցաւ (Տաւբէս ինքնագիր հատոր չէ հրատարակած իր կենդանութեանը, վախճանաբանական երեւոյթներուն շուրջ 1974-ի աւարտաճառէ ետք), այլ պիտի ըսէի՝ բերնէ բերան անցնելով եւ ուռճանալով աշխարհի չորս ծագը։
Այս իրողութիւնն ալ որոշ չափով նկատի առնելս պէտք էր։ Պէտք է հասկնայի ու հասկնալի դարձնէի իմ կարգիս այդ բարդ տրամաբանութիւնը, որ Նիցչէն կը դարձնէ Պօղոսի (եւ Պօղոսին ընդմէջէն՝ ընդհանրապէս քրիստոնէութեան) ոխերիմ թշնամին։ Այս բոլորին տարօրինակութիւնը այն է, որ երկու հազար տարի անցած է, եւ յանկարծ այսօր մենք, Նիցչէին հետ ու Նիցչէի ընթերցողներուն հետ, ստիպուած ենք մեզ մեզի հարց տալու թէ ի՞նչ գիտէինք եւ ի՞նչ գիտենք ի վերջոյ Պօղոսին յառաջացուցած յեղափոխութեան մասին, ի՞նչ գիտենք անոր փիլիսոփայութեան մասին։ Եւ ինչու՞ պէտք է բացառաբար Նիցչէն մեզ այդ հարցումներուն առաջնորդէր»։
Գիրքը հրատարակած է «Ինքնագիր» գրական ակումբը՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի աջակցութեամբ: