Մինա Շիրվանեանի Անուան Կրթանպաստներու Հիմնադրամը 15 Համալսարանական Ուսանողներու Կ՛աջակցի
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յառաջացուցած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ յստակացած են 2022-2023ի կրթական տարեշրջանին համար Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստները ստացող համալսարանական ուսանողներու անունները, որոնց թիւը այս տարի բարձրացած է 15ի:

Հայաստանի Շիրակ մարզէն ուսանողներու յատուկ այս կրթանպաստներու հիմնադրամը հաստատուած էր հանգուցեալ Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններուն կողմէ, իսկ Շիրվանեան ընտանիքին եւ տէր եւ տիկին Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեաններուն 50,000 տոլարի նուիրատուոթեան շնորհիւ, կարելի եղած էր այս տարուան կրթանպաստ ստացողներուն թիւը աւելցնել։
Այս տարուան կրթանպաստները ստացողներն են՝ Յասմիկ Սարգսեան, Ալվարդ Ղարիպեան, Գոհար Գալոյեան, Փառանձեմ Փոլոյեան, Սիւզանա Կարապետեան, Արմենուհի Նիկողոսեան, Մարի Ժամկոչեան, Ելենա Յովհաննիսեան, Շուշանիկ Աւագեան, Աշոտ Գէորգեան, Ժենիա Միրիամեան, Լուսին Կարապետեան, Շողակաթ Յովսէփեան, Սոֆի Վարոսեան, Յովհաննէս Յովհաննէսեան:
Նշենք, որ կրթանպաստ ստացող ուսանողները սովորաբար կամաւոր սպասարկութիւններ կը մատուցեն Գիւմրիի մէջ հաստատուած «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին, որ մշակութային եւ դաստիարակչական ծառայութիւններ կը տրամադրէ քաղաքին եւ Շիրակ մարզի երիտասարդներուն ու նոյնպէս կը տնօրինուի «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբին կողմէ:
Վերը, ձախէն աջ՝ Ելենա Յովհաննիսեան, Սիւզանա Կարապետեան, Ժենիա Միրիամեան Վարը ձախէն աջ՝ Սոֆի Վարոսեան, Շողակաթ Յովսէփեան, Շուշանիկ Աւագեան

