Մուշեղ Իշխան #Գործեր
Առաջին գերեզմանը
Երբ աչքերս կը փակեմ, ժամանակը կը ջնջուի ահա եւ ես կը մանկանամ նորէն: Մանկական աշխարհիս հորիզոնին վրայ կը տեսնեմ հողակոյտ մը, կարմրագոյն եւ խոնաւ հողի պզտիկ դէզ մը, ուղտի սապատի նման: Կը տեսնեմ մայրս, սեւեր հագած եւ ծնրադիր այդ հողակոյտին քով: Կապոյտ աչքերէն արցունք կը հոսի եւ կուրծքը կ’ելեւէջէ խեղդուած հեծկլտուքով: Մայրս մէկ թեւով գրկած է հողաթումբը, կարծես պիտի վերցնէ զայն ու տանի իր հետ: Հովէն երերացող մոմի բոցեր եւ ամպացող խունկ: Թարմ հողաթումբին տակ հայրս է պառկած:
Ինչո՞ւ այդպէս է, ո՞վ եւ ի՞նչպէս հայրս դրաւ հողին տակ, ինչո՞ւ մայրս կուլայ շարունակ եւ չի նայիր ինծի…չեմ հասկնար ամենեւին: Կեցած եմ ու կը դիտեմ մանկական հետաքրքրութեամբ, բայց եւ վախով ու անձկալից յուզումով:
Աս չօճուխը ի՞նչպէս եկեր է մինչեւ հոս, կ’ըսէ յանկարծ մայրս:
Շրջապատող կիներէն մէկը ձեռքէս բռնած զիս կը տանի մէկ կողմ: Ես ճիգ կ’ընեմ տեղս մնալու եւ կը տեսնեմ թէ մօրս ուժերը կը սպառին. ամբողջ մարմնով կ’իյնայ հողակոյտին վրայ:
Հերիք է, աղջի, կ’ըսէ կին մը՝ մօրս թեւէն բռնելով. հերիք է, գացողը ետ չի գար, պզտիկներուդ մեղքցիր…
Թեւերէն մտած բռնի ոտքի կը հանեն զինք: Դէմքը կարմրած է, աչքերը՝ ուռած: Այսուհանդերձ, սեւահեր եւ կապուտաչեայ այդ կինը, դեռատի աղջնակ մը տակաւին, ինծի կը թուի անսովոր կերպով գեղեցիկ: Կ’ուզեմ վազել եւ գիրկը նետուիլ, աղաչել որ տուն վերադառնանք, բայց անշարժացած կը մնամ ուր որ եմ:
Եւ տուն կը վերադառնանք բոլորս մէկ, լուռ, գլխիկոր:
Հայրս կը ձգենք կարմրորակ եւ խոնաւ հողի կոյտին տակ:
Վերադարձը
Շոգեկառքը դանդաղօրէն կը մագլցէր Լիբանանի լեռնալանջերն ի վեր: Սեդրակ երրորդ կարգի բաժանմունքի մը մէջ նստած՝ երազկոտ եւ անուշադիր նայուածքով կը դիտէր շրջապատի բնանկարը: Շոճիներու կանանչին մէջ կորսուած տնակներու կարմիր տանիքները եւ ալիքաւոր բլուրներու լերկ կողեր կը տողանցէին աչքերուն առջեւէն գունագեղ պատկերներու պէս, որոնք իրական չէին կարծես:
Տխո՞ւր էր թէ ուրախ: Չափազանց դժուար պիտի ըլլար որոշել տարբերութիւնը այս երկու զգացումներուն, որոնք հաւասարապէս կը յուզէին իր հոգին, հոն ստեղծելով հանդարտ, առանց փոթորիկի, գրեթէ անորոշ ալեկոծում մը: Տուն կը վերադառնար. Վեց տարիներու բացակայութենէ մը ետք, սայլի անիւներով թաւալող այս շոգեկառքը զինք կը տանէր հոն, ուր ձգած էր իր պատանի հասակին երազանքը, սէրերը, պայքարն ու թշուարութիւնը:
Աճապարանք չունէր. Վայրկեան առաջ տեղ հանելու վերադարձողի անհամբերութիւնը չէր նեղէր զինք: Տարօրինա՜կ հոգեվիճակ. Ինք որ ամիսներ շարունակ սպասած էր այս բախտաւոր ճամբորդութեան, հիմա ափսոսանքի հառաչ մը ունէր շրթներուն վրայ: Ի՞նչ պիտի ընէր այսուհետեւ. Ի՞նչ պիտի վիճակուէր իրեն…
Ուսանողութեան շրջանը, գիշերօթիկ հաստատութեան մը առանձնարանին մէջ, անցած էր երազի մը նման: Դաս, աշխատանք, ընկերներ: Քիչ մը խաղ ու շատ մը գրքեր: Կարդացեր էր կրքով, մոլեգնօրէն. Լուծեր էր վրէժը անուսում տարիներու զրկանքին: Միշտ փայլուն վիճակացոյցներ եւ պատուոյ տախտակին վրայ իր անուան յիշատակութիւնը: Ու ի վերջոյ փայլուն վկայական մը, որ իր միակ հարստութիւնը կը կազմէր եւ միակ զէնքը՝ ապագան նուաճելու: Ամէն անգամ որ մտածէր միջնակարգ կրթութեան տիրացումը վկայագրող այդ պաշտօնաթուղթին վրայ, հպարտութեան զգացում մը կ’ուռեցնէր կուրծքը: Ինք, պոյաճի Սեդրակ, Դամասկոսի փողոցներուն մէջ հարիւրաւոր զոյգ կօշիկներ ներկած անշուք եւ աննշան պատանի, այժմ նոյն քաղաքը մուտք պիտի գործէր իբրեւ ուսումնաւարտ երիտասարդ մը, որուն վկայականը նախանձը պիտի շարժէր շատերուն:
Սեդրակ խանդաղատալից ու մտահոգ նայուածք մը նետեց պայուսակին վրայ. հոն, անոր կափարիչին տակ, ճերմակեղէններու ծալքերուն մէջ խնամքով պաշտպանուած՝ կը հանգչէր ոլորուն խորհուրդը վեցամեայ իր ճիգերուն: Կարմիր ժապաւէն մը կ’օղակէր զայն: Փափաքը ունեցաւ բանալու պայուսակը, ստուգելու ներկայութիւնը թանկարժէք այդ թուղթին, քակելու ժապաւէնը եւ անգամ մը եւս կարդալու խոշոր եւ զարդագիր տառերով դրոշմուած իր անունը: Յետոյ միամիտ ու տղայական գտաւ յաճախ արթնցող այս ցանկութիւնը եւ ժպտեցաւ քթին տակէն:
Շոգեկառքը սուլեց, հեւաց, ֆշշաց եւ կանգ առաւ շնչասպառ: Գիւղական փոքրիկ կայարան մըն էր: Քովի երկու գիւղացի ճամբորդները վար իջան՝ կողովներ եւ տոպրակներ շալկած: Քիչ ետք անոնց տեղը գրաւեցին մանկամարդ գեղջկուհի մը եւ անոր ընկերացող տարեց կինը: Շոգեկառքը կրկին ճամբայ ելաւ՝ ձանձրոյթի եւ յոգնութեան հառաչանք մը արձակելով:
Սեդրակի ուշադրութիւնը ամբողջապէս գրաւեց դեռատի գեղջկուհին: Կարմիր, առողջ այտեր ունէր եւ պսպղուն սեւ աչքեր: Անզուսպ եռանդի պոռթկում մը կար անոր իւրաքանչիւր շարժումին մէջ: Շարունակ կը ժպտէր եւ շարունակ կը ճռուողէր քովի կնոջ հետ: Կէս ժամ նստած եւ կէս մը ոտքի՝ երբեմն աջ կը դառնար եւ երբեմն ալ ձախ, կատակախառն դիտողութիւններ ընելու համար ճամբու ընթացքին նշմարուող հովիւներու եւ անցորդներու մասին:
Առանց դիւրահաճութեան՝ գրաւիչ ու մինչեւ անգամ գեղեցիկ պիտի համարէր զինք Սեդրակ, եթե ան իր բնական շնորհներուն միացուցած ըլլար նաեւ ճաշակաւոր արդուզարդի մը բարիքները: Բայց ափսո՜ս. Մինչեւ ոտքերը իջնող միակտուր եւ անձեւ շրջազգեստը եւ գլխուն մազերը ծածկող գորշ լաչակը կ’այլափոխէին գեղուհին, բոլորովին հեռացնելով իր երազած մտատիպարէն:
Մեծ յոյսեր կապած էր այս ճամբորդութեան: Բազմաթիւ իրիկուններ, դպրոցի պարտէզին մէջ առանձին շրջագայած միջոցին, կամ ծառի մը ստուերին ներքեւ ընկողմանած, իր բոլոր մանրամասնութիւններով քանի մը անգամ ապրած էր յուզումնալի քաղցրութիւնը վերադարձի ճամբուն, որ անակնկալներով լեցուն արկածախնդրութիւն մը պիտի ըլլար: Վիպական սքանչելի արկածախնդրութիւն որուն նմանը գրքերու մէջ իսկ դժուար է գտնել: Երազը կը ներկայանար ամէն օր տարբեր ձեւերով ու գոյներով, բայց անոր գլխաւոր գործողութիւնը, մե’ծ դեպքը կը մնար միշտ նոյնը:
Շոգեկառքին մէջ իր քովիկը կամ իր դիմացը պիտի գար նստիլ նուրբ եւ մելամաղձոտ նայուածքով աղջիկ մը: կրնային սեւ ըլլալ անոր աչքերը կամ կապոյտ. Ատիկա կարեւորութիւն չունէր: Երկա՜ր վայրկեան մը պիտի ճամբորդէին լուռ, անշարժ, գաղտնօրէն իրար լրտեսելով եւ իրար ուսումնասիրելով: Յետոյ պզտիկ պատրուակ մը պիտի բաւէր խօսակցութիւն ստեղծելու: Պատրուակը ի՞նք պիտի գտնէր թէ աղջիկը՝ ատիկա նոյնպէս կարեւորութիւն չունէր: Խօսակցութիւնը պիտի սկսէր անպայման, չէր կրնար չսկսիլ, որովհետեւ աղջիկը զարգացած ու խելացի օրիորդի մը երեւոյթը պիտի ունենար: Արդէն ճամբորդութիւններու ընթացքին մտերմութիւնները շատ շուտ կը հաստատուին եւ անծանօթները մէկ վայրկեանէն բարեկամ կը դառնան: Սեդրակ հետզհետէ համարձակութիւն ձեռք պիտի բերէր, պիտի պարզէր իր ո’վ ըլլալը, համեստօրէն պիտի խօսէր իր ստացած վկայականի մասին, պիտի զբաղեցնէր դիմացինը (կամ քովինը) ծիծաղելի դրուագներ պատմելով իր գիշերօթիկի կեանքէն, ընկերներէն, ուսուցիչներէն: Աղջիկը մտիկ պիտի ընէր զինք՝ նախ պարզ հետաքրքրութենէ մղուած, ապա համակրանքով եւ ի վերջոյ հիացումով: Միայն ինք պիտի չխօսէր, Ք՜աւ լիցի: Նրբամտօրէն պիտի քաղէր նաեւ օրիորդին կարծիքները՝ կեանքի, սիրոյ, փիլիսոփայութեան մասին: Պիտի հարցնէր թէ կարդացա՞ծ է ժամանակակից հռչակաւոր հեղինակներու վէպերը. Որո՞նք կարդացած է եւ ի՞նչը սիրած է անոնց մէջէն: Աղջկան տուած մէկ անունին փոխարէն, ինքը երեք-չորս գործերու անուններ պիտի յիշատակէր, զինաթափ ընելով անոր մտքին հետ նաեւ սիրտը: «Ի՜նչ խելացի եւ հմուտ երիտասարդ է այս պարոնը» պիտի մտածէր օրիորդը, որուն նայուածքը պիտի ստանար սիրոյ խորհրդաւոր փայլն ու թախիծը:
Ժամանակ առ ժամանակ, շոգեկառքի պատուհանէն ներս խուժող գեղեցիկ տեսարաններու առջեւ պիտի լռէին: Առանց որեւէ բառ արտասանելու, ձեռքի իմաստալից շարժումով մը ինք ցոյց պիտի տար հովիտներու խաղաղութեան մէջ կորսուած տնակներ ու աղջիկը գլխու շարժումով մը պիտի հաստատէր թէ ծառերու եւ այգիներու կանանչով շրջանակուած այդ տնակները իսկապես սահմանուած են յաւիտենական սիրոյ երջանիկ ապաստաններ դառնալու: Շոգեկառքէն ալ արագ պիտի սահէր ժամանակը եւ իրենցմէ ամէն մեկը, իր սրտին մէջ, պիտի ափսոսար այս կորուստի համար…
Սեդրակ նայեցաւ դէմը նստած գիւղացի աղջկան խնձորի պէս վառ այտերուն ու տրտմեցաւ: Անկարելի էր որ ոն ոեւէ կապ ունենար իր երազած ճամբորդութեան հերոսուհիին հետ: Իր միակ դրամագլուխը, գրքերու աշխարհը, անծանօթ էր այս աղջկան եւ անոր միակ դրամագլուխը, սովորական կատակն ու աժան ծիծաղը, անծանօթ էին իրեն:
Յաջորդ կայարաններէն ուրիշ ճամբորդներ բարձրացան եւ իր գտնուած մասնաբաժինը բերնէ բերան լեցուեցաւ: Պատուհանին քով կծկտած՝ այժմ միայն դուրսը կը դիտէր՝ ճակատը տուած լեռնային զով հովերուն: Ներսը աղմուկ էր եւ իրարանցում: Կ’ուտէին, կը ծխէին, կը պոռային: Ոչ մէկ յոյս այլեւս ճամբորդական այն հովուերգութենէն, որուն երազով օրօրուած էր գիշերօթիկ ուսանողի իր վերջին օրերը:
-
Խաւաճան տէրտէրցու է կարծեմ…
Սեդրակ ուշքի եկաւ. Խօսքը իր մասին էր. քովի արաբը ցած ձայնով դրացիին կը ջանար բացատրել իր ով ըլլալը: Իսկոյն անդրադարձաւ որ նման ենթադրութեան պատճառ կը դառնար վարժարանի իր համազգեստը—մութ գոյն կոշտ կերպասէ երկար տաբատ մը եւ գոց օձիքով, մինչեւ վիզը կոճակներ շարուած բաճկոն մը: Ո’չ, կը սխալէին, տէրտէրցու չէր, այլ շատ հաւանօրէն վարժապետցու: Յիշեց վկայականներու բաշխման հանդիսաւոր պահը եւ տնօրէնին այնքա’ն տպաւորիչ հուսկ բանքը. «սիրելիներ, ազգը շատ բան կը սպասէ ձեզմէ. Ազգը պէտք ունի կրթական նուիրեալ մշակներու: Ես վստահ եմ որ մէյ մէկ լուսաւոր ջահեր պիտի ըլլաք ձեր ժողովուրդին մէջ…»
Այս բառերը խոր արձագանք գտած էին իր հոգիին մէջ: Եթէ ոչ ջահ, գոնէ մոմ մը պիտի ուզէր ըլլալ անպայման, եւ ասիկա՝ ոչ թէ իբրեւ յանձնարարուած պարտականութիւն, այլ իր իսկ ներքին պահանջները գոհացնելու համար: Գրքերու գաղափարական շունչը, դպրոցին մաքուր մթնոլորտը եւ ուսուցիչներուն բարոյախօսական դասերը իր հոգին բուժած էին այն բոլոր վէրքերէն, զոր կեանքը բացած էր հարուած առ հարուած, փողոցի մայթերուն վրայ, երբ կ՝աշխատէր ու դրամ կը շահէր, կօշիկ ներկելու սնտուկը ուսէն կախած: Սեդրակ վերադարձած էր իր իսկութեան, իր կոչումին, իր ճակատագրին: Ազգը կը սպասէր իրեն եւ ինք ազնիւ դեր մը ունէր կատարելիք…
Շոգեկառքը սկսած էր աւելի արագ սուրալ. Լեռները վերջ գտած էին եւ ընդարձակ դաշտագետին մը կը փռուէր երկաթուղիի աջին ու ձախին. Հեռո՜ւն, ուրիշ լեռնաշղթայ մը կը փակէր հորիզոնը, ալիքաւոր ու երկարաձիգ իր պատնէշով: Ցորենի ոսկեգոյն արտեր, զմրուխտաշար այգիներ, ծառախիտ պարտէզներ: Կեանքի հզօր աւիշը, հարուստ բուսականութեան մը այլազան փթթումով, կը յորդէր օրհնեալ սա հողին մէջէն: Արեւով ողողուն եւ կենսուսակութեամբ խայտացող բնութեան ամբողջ տարածքին վրայ մահը տեղ չունէր կարծես եւ վիշտը հալածուած էր՝ վախկոտ ու երերուն ստուերի մը պէս: Սեդրակ, շոգեկառքի պատուհանէն գլուխը դուրս երկարած, լայնաբաց ռունգերով կը ծծէր գաղջ հովը, հետզհետէ աճող գինովութեամբ մը: Մարտական գոռ շեշտերով երգ մը հնչեցնելու անհուն պահանջ մը կը փոթորկէր կուրծքին տակ. Երգ մը, որ ըլլար նոյնքան հուժկու, որքան ամառնային բորբ արեգակը, ողողէր դաշտերը, անցնէր լեռներէն ալ անդին եւ իր յաղթական երթը շեփորէր ծագէ ծագ: Գեղեցիկ էր կեանքը, հմայիչ խոստումներով բեռնաւոր: Եւ ինք անոր կը դիմէր ահաւասիկ, լաւատես, յուսալից, կորովի:
Վերելքներու եւ վայրէջքներու տաժանքէն ու հեւքէն ձերբազատ՝ վայրաշարժը գլուխը առած կը վազէր անդադար հարթավայրին ընդմէջէն եւ անոր արձակած սոյլն ալ հրճուանքի երգ մըն էր հիմա, Սեդրակի երգին հարազատ մէկ կտորը:
Շատոնց մուտք գործած էին Սուրիոյ սահմաններէն ներս: Բարձրասլաց բարտիներու մէջէն գետ մը կը վազէր, երբեմն կորսուելով ժայրերու ետին, երբեմն իմ արծաթ ժապաւէնը տարածելով պարտէզներու յորդառատ կանանչին վրայ: Դրախտահամ քաղցրութիւն մը կար ծառերու սաղարթներէն մաղուող լոյսին, սօսիներու սփռած ստուերին, պտուղներով բեռնաւոր ծառերուն եւ ջուրերու կարկաչին մէջ: Ասդին, առուի մը մէջ, բոպիկ ոտքերը կախած լաճ մը ուրախ բացականչութիւններ կ’արձակէր շոգեկառքի ճամբորդներուն. Անդին, հոյակապ կով մը, խոտը բերնին, գլուխը վեր կ’առնէր յուլօրէն եւ զարմացած աչքերով կը դիտէր երկաթէ գիծերուն վրայէն սուրացող հրէշը: Թրթռուն, խորհրդալի եւ համագրաւ խաղաղութիւն մը իր թեւերը կը տարածէր ամէն իրի եւ ամէն կենդանի շունչի վրայ: Շոգեկառքի անցքէն ետք, այդ խաղաղութիւնը աւելի կը խորանար ու դիւթական կը դառնար կառախումբի պատուհաններուն առջեւ օրօրուող ճամբորդներուն համար, որոնցմէ իւրաքանչիւրը առանց յստակօրէն գիտակցելու, հոգեկան յայտնատեսութեամբ կը կը զգար թէ ինք դիպուած մըն է, կարօտի անցաւոր կանչ մը՝ դաշտերու եւ պարտէզներու արգաւանդ յաւիտենականութեան մէջ: Այս զգացումին խօսուն մէկ արձագա՞նքն էր արդեօք որ զարկաւ Սեդրակի ականջներուն: Փաթթոցաւոր շէյխ մը բարձրաձայն կը խորհրդածէր.
-
Աննման է մեր երկիրը
-
Մեր հայրենիքին պէս ուրիշ հատ մըն ալ չկայ աշխարհիս երեսին, կ’ըլլար պատասխանը քովի արաբին:
Անկեղծ էին երկուքն ալ:
Հայրենի հողին վրայ, մայրենի բարբառով, անոնք կը գովաբանէին իրենց հարազատ երկիրը: Սեդրակ ինքզինք մինակ, որբ ու տխուր գտաւ: Շրջապատող բազմութեան մէջ ինք միայն օտար էր, վեհանձնօրէն հիւրընկալուած հայրենազուրկ գաղթական մը, որ զրկուած էր մինչեւ իսկ ծննդավայրի յիշատակներէն: Սա վայրկեանիս, ինչո՞ւ շոգեկառքը չճեղքէր կուրծքը Հայաստանի նուիրական դաշտերուն, ինչո՞ւ Արաքսի ջուրերուն քաղցրախօս նուագը չլեցուէր իր հոգիէն ներս եւ ինչո՞ւ իր աչքերը յառած չմնային Մասիսի վեհաշուք տեսիլքին:
Տեսի դաշտերը Սուրիոյ…
Ցանկամ տեսնել…ցանկամ տեսնել…
Երգը կէս մնաց շրթներուն վրայ. բառերը կտրտուեցան, իրար խառնուեցան ու խեղդամահ եղան կոկորդին մէջ: Կողքէն հնչող արաբական ոլորուն եղանակը շատ աւելի զօրաւոր էր, անկաշկանդ եւ տիրական: Քանինե՜ր իրեն պէս եւ իրմէ առաջ տառապեր էին նոյն կարօտով. Քանինե՜ր սրբազան ուխտի մը ճամբուն վրայ փակեր էին իրենց աչքերը՝ Հայաստանի կարօտով բռնկած: Ու տակաւին՝ «Ազգն ու հայրենիքը պէտք ունին անձնուէր գործիչներու»: Մինչեւ ե՞րբ, մինչեւ ո՞ւր…
-
Ձեր տոմսակը
Սեդրակի մտքերու թելը կտրուեցաւ յանկարծ: Խռովայոյզ քունէ մը արթնցողի պէս ձեռքը մեքենաբար տարաւ գրպանը եւ շոգեկառքի պաշտօնեային երկարեց խաւաքարտի փոքրիկ կտոր մը, որուն վճարած էր գրեթէ իր ամբողջ ունեցածը:
Խաշած հաւկիթի, պանիրի, թարմ վարունգի եւ օղիի հոտը բռնած էր ներսի փոքրիկ միջոցը: Ճամբորդները կը թօթուէին իրենց պարպուած ծրարները ու կը հաւաքէին իրերը: Անոնցմէ ոմանք դեռ ծամելու վրայ էին ուտելիքի վերջին պատառները: Մայրաքաղաքի կայարանը որքան կը մօտենար, այնքան կ’աւելնար անամբերութիւնն ու իրարանցումը: Սեդրակի կոկորդը խեղդուեցաւ տաք յուզումի ալիքով: Քիչ վերջ պիտի վերագտնէր այն վայրերը, որոնք թէեւ հայրենի ծննդավայր չէին եղած իր կեանքի արշալոյսին, բայց ծննդավայրի մը չափ հարազատ էին ու սիրելի: Ինչպիսի՜ ցնցող վայկեան մը պիտի ըլլար այն պահը, երբ տարիներու սպասումէն հալումաշ մայրը պիտի վազէր իրեն ընդառաջ եւ դողդոջուն բազուկներուն մէջ պիտի գրկէր իր մեծցած, երիտասարդ դարձած զաւակը: Աւետիսին, Արսէնին, եւ բոլոր ընկերներուն աղօտած դէմքերը հրաշալի վերակենդանութեամբ մը պայծառացան աչքերուն դէմ եւ իրեն թուեցաւ նոյնիսկ որ կը լսէ անոնց ձայնին հին ու վաղածանօթ հնչիւնները: Յուզումը պարտկելու համար ոտքի ելաւ, տաբատին եւ բաճկոնին ծալքերը շտկեց, կրկին նստաւ տեղը, փորձեց եղանակ մը սուլել, նորէն բարձրացաւ, պայուսակը քիչ մը առաջ բերաւ, ետ հրեց ու մնաց ոտքի վրայ, պատուհանի եզերքին ամուր մը կառչած: Ոչ ոք ուշադրութիւն կը դարձնէր իր շարժումներուն: Բոլորն ալ ակնդէտ կը սպասէին ճամբորդութեան վերջին հանգրուանին:
Կայարան մուտքը անակնկալ մը եղաւ: Երբ Սեդրակ կը կարծէր թէ դեռ բաւական ճամբայ կայ կտրելիք, շոգեկառքը ծառաստաններու մէջէն դարձուածք մը գործեց, դանդաղեցաւ, դղրդաց եւ յանկարծ կանգ առաւ: Դռնակները շառաչելով բացուեցան. Բեռնակիրներ ու կառապաններ ներս խուժեցին ու բախեցան ճամբորդներու աճապարանքին: Սեդրակ ինքն ալ ինկաւ իրարանցումի հոսանքին մէջ եւ չգիտցաւ թէ ինչպէս, միակ պայուսակը ձեռքին՝ ցատկեց մայթին վրայ, ուր մնաց պահ մը անշարժ, քարացած:
Դիմաւորողներ հեռուէն ու մօտէն կը յարձակէին ճամբորդներուն վրայ: Ոմանք արտասուախառն ժպիտ ունէին իրենց այտերուն, ուրիշներ՝ հանդիսաւոր լրջութիւն: «Բարի եկար»ի սրտագին խօսքեր կը թռչէին օդին մէջ: Ինք կեցած էր լուռ եւ շուարած կը դիտէր շուրջը: Լաւ գիտէր թէ ոեւէ մեկը պիտի չգար զինք դիմավորելու: Իր ժամանման թուականը գաղտնի պահած էր տունէն, որպէսզի մօրը խնայէ մինչեւ կայարան գալու յոգնութիւնը եւ յուզումը: Այսուհանդերձ, կեցած կը սպասէր՝ անորոշ, տղայական ակնկալութեամբ մը: Վեց տարիներ առաջ, երբ ուսանելու կը մեկնէր նոյն կայարանէն, սեւեր հագած մայրիկը, ձեռքին մէջ սպիտակ թաշկինակ մը, կեցած էր հոն, քիչ մը անդին, արձանի պէս մունջ, արցունքը աչքերուն: Չես գիտեր ինչու, իրեն այնպէս կը թուէր թէ ան հոն պիտի ըլլար նորէն, նոյն դիրքին մէջ: Անոր բացակայութիւնը տխուր կասկածներով համակեց զինք եւ տենդագին թափով միտքը սկսաւ գործել. Քիչ ետք, երբ տուն հասնէր, ոտքի՞ թէ անկողինը պիտի գտնէր զայն, հիւա՞նդ թէ մահամերձ…
Ճամբորդները ցրուեցան, նօսրացան, հատ-հատ մեկնեցան: Գուցէ վերջինն էր ինք: Իրեն պէս յետամնաց ծեր կառապան մը մօտեցաւ եւ իր ծառայութիւնը առաջարկեց շատ չնչին գինով: Սեդրակ վճռեց վերջապէս շարժիլ ու նետուեցաւ կառքին մէջ:
Ո՞ւր էին վերադարձի հրճուանքին ճառագայթները: Հոգիին վերեւ տարօրինակ ամպ կը կը թանձրանար:
Տունը մարդ չկար. Դուռը փակ էր եւ փողոցը՝ ամայի: Աղիւսաշէն որմերով եւ թիթեղէ տանիքով այս խեղճուկ բնակարանը մտերմութեան եւ ընտանի յուշերու ամբողջ աշխարհ մըն էր: Պայուսակը դրաւ տան սեմին եւ նստաւ վրան: Աչքերուն արջեւ եկաւ կանգնեցաւ կարճ տաբատով բոպիկ այն մանչուկը, որ անխոնջ եռանդով քեռիին ցեխ կը հասցնէր՝ այն տան պատերը ծեփելու համար: Տասը տարի առաջ էր ատիկա. Գուցէ եւ աւելի: Իսկ հիմա՞: Նոյն տան դուռը պիտի բացուէր երիտասարդի մը առջեւ, որուն պայուսակը լեցուն էր ընտիր գրքերով եւ թանկարժէք վկայաթուղթով մը: