Շիրակի մարզային գրադարանը «Լաւագոյն մարզային գրադարան»ի մրցանակակիր
2004 թուականէն Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշմամբ 7 Հոկտեմբերին կը նշուի «Գրադարանավարի օր»: Իւրաքանչիւր տարի, գրադարանավարի օրուան առթիւ՝ գրադարանային գործի մէջ ներդրած աւանդի համար Հայաստանի Հանրապետութեան գրադարաններու շարք մը գրադարանավարներ կը պարգեւատրուին ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պատուոգրերով, շնորհակալագրերով եւ ոսկեայ մետալներով։
Այս տարի ՀՀ Ազգային գրադարանէն ներս պատուոգրերը, շնորհակալագրերը եւ ոսկեայ մետալները գրադարանավարներուն յանձնեց ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը։ Շիրակի մարզային գրադարանի փոխտնօրէն Գեղեցիկ Գէորգեանը գրադարանային ոլորտին մէջ նշանակալի աւանդի, երկարամեայ աշխատանքային գործունէութեան եւ գրադարանավարի օրուան առթիւ պարգեւատրուած է ՀՀ ԿԳՄՍ ոսկեայ մետալով, մանկապատանեկան բաժնի վարիչ Սեդա Գէորգեանը՝ նախարարութեան պատուոգրով, ընթերցարանի եւ միջոցառումներու կազմակերպման բաժնի աշխատակից Տաթեւիկ Ղուկասեանը՝ նախարարութեան շնորհակալագրով: Պարգեւատրման արարողութեանն անմիջապէս յաջորդեց 2021թ. յայտարարուած «Լաւագոյն գրադարան» խորագրով մրցոյթի ամփոփումն ու մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը: Նշենք, որ մրցոյթը կայացած էր ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, իրականացած՝ «Հայկական գրադարանային ասոցիացիա» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ: Մրցութային անուանակարգերն են. «Լաւագոյն համայնքային գրադարան», «Լաւագոյն մարզային գրադարան», «Լաւագոյն նորարար գրադարան», «Լաւագոյն գիտակրթական գրադարան», «Լաւագոյն մասնագիտական գրադարան», «Յատուկ մրցանակ»: «Լաւագոյն մարզային գրադարան» անուանակարգի մէջ յաղթող Ճանչցուեցաւ Շիրրակի մարզային գրադարանը:
8 Հոկտեմբերին գրադարանին մէջ հիւրընկալուած էր Շիրակի մարզպետի տեղակալ Յովհաննէս Զոհրապեանը, շնորհաւորելու գրադարանավարի օրուան առթիւ։ Մարզպետի տեղակալը շնորհակալութիւն յայտնած է աշխատակիցներուն երկար տարիներու նուիրուած աշխատանքի համար․ «Ուրախ եմ, որ մինչ Ձեզ պատուոգրեր յանձնելը հասցրեցի շրջել գրադարանում, հաճելիօրէն զարմացած եմ, անչափ գնահատելի է, որ 21-րդ դարում այսքան կարեւորում էք Ձեր դժուար, բայց պատուաբեր աշխատանքը։ Ձեր ամենօրեայ աշխատանքով դուք նպաստում էք մեր երեխաների կրթութեան ամրապնդմանը»։
Յովհաննէս Զոհրապեանը Շիրակի մարզպետ Յովհաննէս Յարութիւնեանի անունով գրադարանի շարք մը աշխատակիցներու պատուոգրեր յանձնած է՝ գրադարաններու զարգացման մէջ ունեցած ներդրման, երկարամեայ եւ բարեխիղճ աշխատանքի համար։
Շիրակի մարզային գրադարանի տնօրէն Գէորգ Ամիրեանը եւս պատրաստած էր աշխատակիցներու համար պատուոգրեր եւ շնորհակալագրեր, իսկ լաւագոյն ընթերցողներուն գիրքեր նուիրեց: