Շիրիմի այցելութիւն լեզուներու գերեզմանատան մէջ*
Կարելի չէ գուշակել թէ մարդկային պատմութեան ո՞ր հանգրուանին մարդ արարածը իր արձակած ձայները կանոնի մը համաձայն ձեւաւորեց եւ գոյացուց իմաստալից բառեր։ Առասպելական պատմութեան համաձայն Բաբելոնի աշտարակը կառուցողները Աստուածային պատիժով մը սկսան տարբեր լեզուներ խօսելով համատեղ աշխատանքի կարողութենէն զրկուիլ։ Այսպէսով ալ անաւարտ մնաց իբրեւ թէ Աստուծոյ գահը նուաճելու միտումով կառուցած Բաբելոնեան աշտարակի շինութիւնը։
Հին կտակարանի այս առակը կը յիշենք, երբ մարդիկ կը սկսին առանց իրար լսելու՝ միասնաբար խօսիլ։
Բաբելոնեան առասպելի համաձայն կարելի է ըսել թէ մեր ալ ապրած աշխարհագրական հատուածը բազում լեզուներու օրրանն է։ Սակայն ինչպէս բոլոր կրօնական եւ առասպելական պատումները, այս տեսութիւնն ալ իր մէջ ունի բազում հակասութիւններ։ Զուրկ է բացատրելէ թէ հիւսիսային Ամերիկայի բնիկները, Ամազոնի անտառի ժողովուրդները, Ափրիկեան կամ Աւստրալեական ցեղախումբերը հեռաւոր ու Հարաւային Ասիոյ դաշտերը, Խաղաղ ովկիանոսի բնակիչները ինչպէս յաջողեցան իրարմէ անջատ լեզուներ ձեւաւորել։ Այս բոլորը թողունք մարդաբանութեան հետաքրքրութեան եւ մենք անդրադառնանք համեմատաբար աւելի ծանօթ շրջանի մը։
Կասկած չկայ որ գիտութեան եւ փորձառութեան փոխանակման առումով լեզուն շատ կարեւոր գործօն մըն է։ Բայց կայ աւելի յատկանշականը։ Այն՝ որուն կը պարտինք ամենաընդարձակ ընկալումով մշակոյթ բառի նշանակութիւնը։ Ճիշդ կռահեցիք՝ գիրերու գիւտի մասին է խօսքը։
Դարձեալ մեր ալ այսօր ապրած աշխարհագրական հատուածի մէջ 5 հազար տարիներ առաջ ապրած նախնիները, որոնք ծանօթ են Շումերներ անունով, առաջին անգամ կաւէ տաշտերու վրայ յատուկ նշաններ գծեցին զոր մենք աւելի ուշ անուանեցինք շումերական բեւեռագիր։ Շումերները ոչ միայն փորեցին այդ տառերը, այլ կաւէ տապանները յատուկ փուռերու մէջ եփելով մինչեւ օրերուս հասնող հսկայ ժառանգութիւն մը թողուցին, որու միջոցաւ մենք տեղեակ ենք այս հնադարեայ ժողովուրդի պատմութեան ու կենցաղին վերաբերող բազմաթիւ գիտելիքներու։
Շումերական բեւեռագիրին յաջորդեց բացատրել ուզած իրը, առարկան կամ կենդանին նկարելով կազմուած նոր գրելաոճ մը՝ եգիպտական հիերոկլիֆը։ Այս առաջին օրինակներուն յաջորդեցին արդեօք քանի՞ տառատեսակ։ Այս հարցումն ալ յստակ պատասխան մը չունի։ Բայց գիտենք որ ներկայիս ամբողջ աշխարհի տարածքին օգտագործուող բազմահազար լեզուներու կողքին տառատեսակները նոյնիսկ չեն հասնիր երեք տասնեակի։ աւելի յստակ խօսքով աշխարհի վրայ օգտագործուած այբուբեններու թիւը 28 է, որոնցմէ մէկն է հայոց Մեսրոպեան տառերը։ Մնացեալ բոլոր ժողովուրդները իրենց մայրենին գիրի կը վերածեն օգտուելով այս 28-է։ Անոնցմէ ոմանք շատ ընդարձակ գործածութեան արժանացած են, ինչպիսին է լատինականը, կիւրեղեանը, արաբականը։ անցեալին Մեսրոպեան տառերու գործածութիւնն ալ հայերով սահմանուած չէին։ Գլխաւորութեամբ թրքերէնի, քրտերէն որոշ հատուածներու մէջ լազերէնը եւ քփչակ մահմետականները իրենց լեզուն թուղթի յանձնելու պահուն օգտուեցան հայերէնէ։ Յատկապէս հայատառ թրքերէնը օրաթերթերու, պարբերականներու եւ գրական գործերու էջերով մեծ գրականութիւն մը թողած է իր ետին։
Ժողովուրդներու այբուբենական նախընտրութիւններուն մէջ կայ երկու կարեւոր գործօն՝ մշակութային փոխազդեցութիւն եւ քաղաքական նախապատուութիւններ։ Երբ նորանկախ Հայաստանի հանրապետութիւնը մաս կազմեց Խորհրդային միութեան, յայտնուեցան մարդիկ որոնք կ՚առաջարկէին հրաժարիլ հայկական տառերէ եւ որդեգրել կիւրեղեան այբուբենը։ Աւելի ուշ 1990-ական տարեթիւերուն ալ այս անգամ Ատրպէյճանն էր որ կը հրաժարէր կիւրեղեան այբուբենէ եւ կը որդեգրէր լատինատառը։
Այսօր կայ երրորդ գործօն մը, որ շատ աւելի հեզասահ կը շրջէ տառատեսակները։ Անցեալին կիւրեղեան այբուբենի դէմ լուրջ հակազդեցութիւն ցուցաբերողները այսօր ամենայն հեզութեամբ կը համակերպին լատինատառ հայերէնի գործածութեան։ Մնաց որ կարգ մը շրջանակներ նոյն ըմբռնումով կը շահագործեն նաեւ կիւրեղեանը։
Գուշակած էք։ Խօսքը կը վերաբերի բջջային հեռախօսի ստեղնաշարով լատինատառ կամ կիւրեղեան տառերով հայերէն գրելու։ Մինչդեռ իւրաքանչիւր բջջային հեռախօս արդէն ունի հայերէնի տարբերակը։ Այստեղ կը հանդիպինք հետաքրքրական պատճառաբանութեան։ Շատեր օտար տառերով հայերէն գրելու մարմաջը կը բացատրեն ուղղագրական սխալներէ խուսափելու միջոց մը ըլլալով։ Այնքան կը վախնան ուղղագրական սխալներէ որ կը նախընտրեն հայերէն տառերը զոհել։ Այս բոլորէն հետեւցնելով կարելի է ենթադրել որ մեր ապրած երկիրը, որ ծանօթ է իբրեւ լեզուներու գերեզման, այժմ կրնայ ստանալ նոր ածական մը եւս, որն է գիրերու գերեզման։
Եթէ յամառիք շարունակել այս ընթացքը կամ մէկզմեզ պիտի գտնենք գիրերու գերեզմանին մէջ մեսրոպատառի շիրիմը այցելողի դիրքին մէջ կամ ալ, աւելի մտահոգիչը այդ շիրմի խորգին մենք ինքներս պիտի ըլլանք այցելուի մը գալուսը սպասողները։
* Գրուած համաշխարհային մայրենի լեզուի օրուայ առթիւ։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
«Ակօս»