«Ոսկէ Ծիրան» փառատօնը կը բացուի Ատոմ Եղոյեանի «Seven Veils» ժապաւէնով
2024-ի «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնը՝ 21-րդը տեղի կ՚ունենայ Յուլիս 7-էն 14, Երեւան։
Փառատօնի բացումին կը ներկայացուի Ատոմ Եղոյեանի նոր ժապաւէնը՝ Seven Veils, որ անցեալ տարի ներկայացուած էր Թորոնթոյի փառատօնին։
Ֆիլմը Ռիխարտ Շթրաուսի «Սալոմէ» օփերայի կլանիչ ու վառ պատկերային վերամեկնաբանումն է, ուր Ամանտա Սեյֆրիտ կը փայլի թատերական բեմադիրի դերով եւ կը ջանայ կեանքի կոչել Սալոմէի աստուածաշնչեան պատմութեան իր սեփական մեկնութիւնը։
Փառատօնի մամլոյ գրասենեակէն կը հաղորդեն, թէ Եղոյեան պիտի նախագահէ կարճ ֆիլմերու դատակազմին եւ փառատօնի ընթացքին անոր պիտի շնորհուի «Փարաճանովեան թալեր» մրցանակը՝ շարժարուեստի աշխարհին մէջ ունեցած իր կարեւոր ներդրումին համար։
Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ Երկար ֆիլմերու դատակազմի նախագահն է Օսքարի մրցանակակիր Ալեքսանտր Փեյն։ Դատակազմի անդամներէն են՝ ամերիկացի նշանաւոր բեմադիր Ալեքսանտրա Պոմպաք եւ Փիթըր Սքարլեթ։ Վերջինս առաջին ամերիկացին է որ վարած է Փարիզի՝ ֆրանսական Cinémathèque-ի ընդհանուր տնօրէնի պատկառելի պաշտօնը։
Նշենք, թէ փառատօնի այս տարուան դատակազմին մէջ է նաեւ ֆրանսաբնակ հանրածանօթ գրող, մտաւորական Գրիգոր Պըլտեան։
Աւելցնենք, թէ «Ոսկէ ծիրան»-ը այս տարի յատկապէս կ՚անդրադառնայ երկու ՄԵԾերու՝ Շառլ Ազնաւուրի եւ Սերկեյ Փարաճանովի 100-ամեակի յոբելեաններուն։