Պատառիկ մը լեհահայ կեանքէն՝ Թանիա Սայեղի կարպետագործութիւնը
Թանիային հետ տարբեր առիթներով ունեցած խօսակցութիւններս միշտ ալ համեմուած կ’ըլլան Հալէպի իրականութեան կապուած անցեալի պահերով ու անոնցմէ քաղուած խայտաբղէտ պատկերներով՝ դպրոցի հանդէսներէն մինչեւ Հալէպի բերդը, տօնական թխուածքներէն՝ քերէպիճ, քիւնէֆէ, մինչեւ սուրիացի արաբ ձմեռուկ ծախողը: Թանիա յաճախ կ’անդրադառնայ Լեհաստանի իր առօրեային, իր զաւակներուն հայեցի կրթութեան, հայկական ճաշերու, խմորեղէններու, բախլավա-քիւնեֆէ ու համեղ ճաշերու պատրաստութեան՝ հաստատելով հայկականը պահելու իր պատրաստակամութիւնն ու նուիրուածութիւնը:
Թանիա յաՃախած է Հալէպի Հայ Աւետարանական Բէթէլ Վարժարանը եւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, այնուհետեւ աւարտած է Հալէպի համալսարանի անգլիական գրականութեան բաժանմունքը: 1998-2001 տարիներուն, ան զբաղած է ուսուցչութեամբ Հալէպի Ազգային Հայկազեան Վարժարանին (աղջկանց բաժին), իսկ 2003-2012՝ Կիւլպէնկեան Ազգային վարժարանին մէջ՝ դասաւանդելով անգլերէն 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ կարգի աշակերտներուն:
Թանիա կարօտով կը յիշէ իր աշակերտական տարիներու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, մասնաւորաբար Հայ Աւետարանական Բէթէլ Վարժարանի տնօրէնուհի Ազնիւ Քիրիշեան-Եագուպեանը եւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Անդրանիկ Խաչատուրեանը (այժմ ողբացեալ):
2010 թուականը Սուրիահայութեան, ի մասնաւորի Հալէպահայութեան համար եղաւ սկիզբ մը դժնդակ օրերու, եւ մեր հայրենակիցները պարտադրաբար օտար ափեր հաստատուելու ակամայ որոշումներ կայացուցին: 2012-ին, Թանիա հապիպ-Սայեղ՝ ամուսնոյն Փրոֆ. Արա Սայեղի եւ զաւակներուն հետ տեղափոխուեցաւ Լեհաստան:
Լեհաստանի մէջ Թանիա իր առօրեան կը հարստացնէ կարպետագործութիւն սորվելով եւ ինքնաշխատութեամբ մեծ հմտութիւն ձեռք կը բերէ՝ իր սրտին մէջ փայփայելով հայ մշակոյթը տարածելու խոր համոզում մը:
Այսպիսով, արդէն հմտացած, Թանիա հրաւէր կը ստանայ ղեկավարելու 9 կարպետագործութեան աշխատանոցներ, որոնցմէ 8-ն իր ապրած քաղաքին՝ Վրոցլավի լեհական տարբեր մշակութային կեդրոններու մէջ՝ լեհ եւ հայ մասնակիցներով եւ աշխատանոց մըն ալ անցնող 9 դեկտեմբեր 2023-ին, Լուճ քաղաքի «Նաիրի» հայկական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ (Ormiańskie Centrum Edukacyjno-Kulturowe Nairi)՝ հայուհիներու մասնակցութեամբ: Յաջորդ օրը, 10 դեկտեմբեր 2023-ին, Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առիթով տեղի կ’ունենայ տօնավաճառ ու բարեգործական համերգ մը, ուր հայ եւ լեհական տօնական երգերով ելոյթ կ’ունենան Թանիայի որդիները՝ Ճորճն եւ Արամը, «GoArm» խումբի անունով: Այս տօնավաճառին եւ համերգին ներկայ գտնուած են նաեւ Հայաստանի դեսպան Ալեքսանտր Արզումանեանն ու լեհահայ հոգեւոր հովիւ Տէր Մինաս Աբեղայ Հախվերդեանը։
Ողջունելի ու խրախուսիչ նախաձեռնութիւնը ՀՄԸՄ Վիեննայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան
25-26 Մայիս 2024-ին, երկու օր, ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով Թանիա Սայեղ կը ղեկավարէ կարպետագործութեան աշխատանոց մը: Աւարտին, աշխատանոցի 20 մասնակիցները ձեռք կը բերեն տեսական գիտելիքներ եւ գործնական հմտութիւններ: Դասընթացքին նպատակը կարպետ գործելու գաղտնիքներու ուսուցումն ու կարպետագործութեան տարածումն էր. խրախուսիչ նախաձեռնութիւն մը ՀՄԸՄ Վիեննայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ:
Թանիային ոգեւորութիւնը կը կրկնապատկուի ի տես մասնակիցներուն, որոնք իր երբեմնի Հալէպի ազգային վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիներն էին, արդէն ամուսնացած ու բարձրագոյն վկայականներու տիրացած ու եկած էին կարպետագործութիւն սորվելու:
Թանիա ջերմ տպաւորութիւնով կը նկարագրէ աշխատանոցի աշակերտուհիներէն մին, որ փոքրիկը իր գրկին հետեւած էր կարպետագործութեան դասընթացքին:
Այս աշխատանոցներու կողքին, Թանիաի կարպետագործութեան գործերը ներկայացուած են լեհական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու:
Թանիա նոր թափով կը պատրաստուի գալիք օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներուն ծրագրուած նոր աշխատանոցներու:
Կարպետագործութիւնը իր յատուկ տեղը ունի հայ ժողովուրդի աւանդական արհեստներու շարքին: Բնականաբար, հայ համայնքներուն մէջ կարպետագործութեան աւանդոյթը փոխանցելու գլխաւոր միջոցներէն մէկը կը հանդիսանայ նման աշխատանոցներու կազմակերպումը հայաբնակ գաղութներու մէջ, ինչպէս՝ Շուէտ, Գերմանիա, Իտալիա, Պելճիքա, Ֆրանսա, Սպանիա, Հունգարիա եւ Պուլկարիա:
Մշակոյթը կը պահպանուի զայն փոխանցելով սերունդէ սերունդ, այո՛…
Շաքէ Մանկասարեան
Աղբիւրը՝ darperag21.net