Պելճիքահայ Կարինէ Մելիքսէթեանը արժանացած է ֆլամանական «N-VA» կուսակցութեան պատուաւոր պարգեւին
Պելճիքայի ֆլամանական «N-VA» կուսակցութիւնը իր ամէնամեայ՝ արդէն տասնմէկերորդ պատուաւոր պարգեւը յանձնած է ֆլամանական Կենթ քաղաքի բնակիչ հայուհի Կարինէ Մելիքսէթեանին՝ հասարակական կեանքին մէջ ունեցած իր ներդրման համար։
Կարինէ Մելիքսէթեանը Պելճիքա կը բնակի 1996 թուականէն։ Պելճիքա եկած էր որպէս զբօսաշրջիկ, բայց սիրահարուած, ամուսնացած ու մնացած է այստեղ։ Պելճիքայի մէջ հաստատուելու առաջին տարիներուն լրագրութեամբ զբաղած է։ Տարիներու ընթացքին, կատարելագործելով ֆլամէներէնի իմացութիւնը, Կարինէն դարձած է թարգմանչուհի, աշխատած է երկրի պետական կառոյցներուն, յատկապէս՝ արտագաղթի բաժնին հետ։ Ժամանակի ընթացքին՝ վիճակագրութեան արդիւնքները ուսումնասիրած ու հասկցած է՝ որպէսզի ներգաղթեալ երեխաները աւելի դիւրաւ համարկուին հասարակութեան մէջ, անոնց ֆլամէներէնի աւելի խորացուած՝ արտադասարանային ուսուցում է անհրաժեշտ։
Գաղափարը կար, բայց իրագործելը այդքան ալ հեշտ չէր։ 2001-2002 թուականներուն ան դիմած է տեղական կառավարման մարմիններուն, սակայն ընկերվարականները մերժած են նախագիծը։ Այդ մերժումը Կարինէի համար զարմանալի չէր, քանի որ թրքական ծագումով քաղաքական գործիչները ընկերվարական կուսակցութեան շարքերէն ներս ազդեցիկ թիւ կը կազմեն, ինչպէս թուրք բնակչութիւնը՝ Կենթ քաղաքին մէջ։
Կարինէն չէ յանձնուած եւ բռնած է նպատակներու իրագործման ճանապարհը։ 4 հայ աշակերտներու սկսած է տանը դասաւանդել։ Մի քանի ամիս անց այդ թիւը հասած է 16-ի։ 2003 թուականին, Կարինէն հիմնադրած է «Մարիամ» կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն էր դժուարութիւններ ունեցող ներգաղթեալ երեխաներուն ֆլամէներէն դասաւանդելը։
Քսան տարուան մէջ Կարինէ Մելիքսէթեանի հիմնած կազմակերպութիւնը եօթ հարիւր մանկավարժներու հետ աշխատած է՝ ֆլամէներէնի ուսուցման միջոցաւ 1.550 երեխայի օգնելով համարկուիլ հասարակութեան մէջ։ Կարինէն համոզուած է՝ լեզուի իմացութիւնը կը ձեւաւորէ երեխային, որքան անոնք կրթուին եւ խոր գիտելիքներ ձեռք բերեն, այնքան աւելի լաւ կը ճանչնան իրենց արմատները, կը կարենան նոր բացայայտումներ կատարել։ «Երկու մշակոյթներու ծաղկեփունջէն հասարակութեան կրնան միայն լաւը տալ։ Իսկ եթէ չտիրապետեն իրենց ապրած երկրի լեզուին, նոյնիսկ իրենց ներուժը չեն կրնար ճիշդ օգտագործել։ Այս համոզմունքէն մեկնելով ալ արդէն քսան տարի է՝ ամէն օր կամաւոր հիմունքներով ամէնէն քիչը 13-15 ժամ աշխատած եմ», – ըսած է Կարինէն՝ յաւելելով, որ պէտք չէ վախնալ այլ լեզու սորվելէ, ատիկա մեզմէ ո՛չ մեր ինքնութիւնը կը կորզէ, ո՛չ ալ մեզ կ’օտարացնէ մեր արմատներէն։
Տարիներու նուիրուած աշխատանքին համար Կարինեն մրցանակի արժանացած է:
«N-VA» կուսակցութեան նախագահ Պարթ տէ Վեւէրի, Ֆլամանտիոյ կրթութեան նախարար Պեն Վէյցի, ազգային կուսակցութեան քարտուղար Լուի Իտէի եւ Կենթի պատգամաւոր Անելին վան Պոսիւթի կողմէ։
«Առանց մեր լեզուն լաւ հասկնալու, որոշ մարդիկ ստիպուած են մնալ միայն իր ազգային համայնքի շրջանակներէն ներս: Ասիկա կը յանգեցնէ փաստացի տարանջատման, զրկանքներու եւ հասարակութեան մասնատուածութեան: Ասիկա բան մըն է, որուն դէմ Կարինէ Մելիքսէթեանը տարիներ շարունակ ազնիւ պայքար մղած է», – ըսած է կուսակցութեան նախագահ Բարտ Պարթ տէ Վեւէրը:
«իւրաքանչիւր մարդ սերնդագրականօրէն կը կրէ իր ազգին վարքագիծը։ Իմ նախապատմութիւնս ինծի սորվեցուցած է պահպանել եւ փայփայել իմ ազգին քաղաքակրթութիւնն ու արժէքները, մշակութային հարստութիւնն ու լեզուն։ Մեզի փոխանցուած է նաեւ յարգել այլ ժողովուրդներու մշակոյթն ու ընկերային արժէքները։ Ասիկա բնածին յատկանիշ մըն է իւրաքանչիւր հայու համար։ Ուէ ալ մենք ըլլանք, ինչ ալ որ ընենք, կ’ընենք ամբողջ հոգիով»,- մրցանակը ստանալու ատեն՝ նշած է Կարինէ Մելիքսէթեանը։
Կենթ քաղաքին մէջ թրքական համայնքի ճնշումներուն հետեւանքով բացուած է վեց թրքալեզու դպրոցներ, ուր երեխաները թրքերէն կը խօսին։ Ընկերվարականներէն բացի այլ քաղաքական ուժերուն այդքան ալ չի գոհացներ այս իրականութիւնը, հետեւաբար Կարինէի՝ ներգաղթեալ երեխաներուն հասարակութեան լիարժէք անդամներ դարձնելու գործն ալ աւելի կ’արժեւորուի։ «Կարինէն հնարաւորութիւն կու տայ, որ երեխաները այստեղ զարգանան, ստեղծեն իրենց ապագան եւ մեր հասարակութեան մէջ ունենան իրենց դերակատարումը», – ըսած է Կենթի պատգամաւոր եւ քաղաքային խորհրդական Անելին վան Պոսիւթը։
Կարինէ Մելիքսէթեանը շատ նախագիծեր ու նպատակներ ունի եւ զանոնք իրագործելու ճանապարհները կը փնտռէ։ Իսկ մինչ այդ, «Մարիամ» կազմակերպութիւնը ղեկավարելուն զուգահեռ մէկ այլ նուիրական գործով կը զբաղի՝ Պելճիքայի գիտական տարբեր կեդրոններէ ներս հայուն ու Հայաստանին մասին դասախօսութիւններ կը կարդայ: