Մասնակցութեամբ Հայրենի Արուեստագէտ Արման Նաւասարդեանի Եւ Աշակերտներու. Արեւմտահայ Բանաստեղծութիւններու Ծաղկաքաղի Ներկայացում
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 25 փետրուար 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայ բանաստեղծութիւններու ծաղկաքաղ» վերնագիրով ասմունքի աշակերտական ցերեկոյթ` մասնակցութեամբ հայրենի արուեստագէտ Արման Նաւասարդեանի եւ ներկայութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներու:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնները իրենց յանձնախումբերով ու գեղարուեստի դպրոցներով ամբողջութեամբ նուիրուած են հայ գիրի, գրականութեան ու մշակոյթի զարգացման: Ան ըսաւ, որ մայրենի լեզուն ազգի մը գլխաւոր հարստութիւնն է, որով մարդը կ՛արտայայտէ իր ամէնէն հարազատ միտքերը, կարծիքները, ապրումները, բողոքները եւ զգացումները: Եղիայեան աւելցուց, որ լեզուն ծնունդ կու տայ այլազան ստեղծագործութիւններու` գրառումներու, բանաստեղծութիւններու եւ երգերու, եւ լեզուն կը պահպանէ ազգի մը պատմութիւնը, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը:
Փաուլա Եղիայեան յայտնեց, որ մեր գրագէտներն ու բանաստեղծները ստեղծագործած են հայերէնով եւ պիտի շարունակեն ստեղծագործել, իսկ մեր պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ մեր լեզուին, խօսիլ ու գրել հայերէն, պահպանել ու զարգացնել զայն եւ հպարտանալ այդ լեզուով:
Ապա հայրենի արուեստագէտ դերասան Արման Նաւասարդեան իւրայատուկ ոճով ասմունքեց Պետրոս Դուրեանի, Զահրատի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Մուշեղ Իշխանի, Սիամանթոյի եւ այլ բանաստեղծներու փունջ մը ստեղծագործութիւններ` արժանանալով աշակերտներու գնահատանքին: Իր խօսքին մէջ Նաւասարդեան մեծապէս արժեւորեց բանաստեղծներու գործերը ներկայացնելու իւրայատուկ ձեռնարկը` շեշտելով, որ հայութիւնը կը պահպանուի իր ստեղծագործութիւններով, արմատներով եւ ժառանգութեամբ:
Ապա լիբանանահայ վարժարաններէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Դանիէլ Վարուժանի, Զահրատի, Սիամանթոյի եւ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւններէն:
Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան, որ նշեց, թէ բանաստեղծութիւնը իւրայատուկ ուժ մը ունի, որ կրնայ կարճ միջոցին ազդեցիկ զգացում ու տպաւորութիւն ձգել: Հայր սուրբը կոչ ուղղեց աշակերտներուն բանաստեղծութեան ընթերցումը դարձնելու առօրեայի մէկ բաժինը եւ փորձ կատարելու գրելու բանաստեղծութիւններ, որպէսզի ապագային նոր սերունդը ընթերցէ նոր բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները: Աւարտին, Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան գնահատեց հայրենի արուեստագէտին ու աշակերտներուն բեմական կատարումները եւ մաղթեց, որ յառաջիկային հայոց լեզուի պահպանման նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ բազմապատկուին:
Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտ Լիլիթ Տէմիրճեան:
Յայտնենք, որ նշեալ ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերած վարժարաններն են Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Ազգային միացեալ վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարանը, Մխիթարեան վարժարանը, Հայ աւետարանական քոլեճը, Հայ աւետարանական Շամլեան- Թաթիկեան վարժարանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը եւ ՀԲԸՄ-ի վարժարանները:
Ձեռնարկէն ետք աշակերտները ստացան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան նոր հրատարակած «Զահրատ` 100 բանաստեղծութիւններ» գիրքէն օրինակներ: