Պշերիկցի քրտախօս հայերը եւ անոնց գաղթը դէպի Սուրիա
Պշերիկն ու պշերիկցիները հայ ազգագրութեան ու բանագիտութեան կողմէ, դժբախտաբար, անհրաժեշտ չափով ուսումնասիրութեան առարկայ չեն դարձած, ո՛չ նախաեղեռնեան շրջանին, ոչ ալ յետոյ՝ Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ:
Անոնց նիստն ու կացը, կենցաղը, ընտանիքը եւ այլն, մեծ չափով անծանօթ մնացած, մոռցուած եւ ուսումնասիրութեան առարկայ չեն դարձած: Նոյնպէս անծանօթ մնացեր է անոնց հեռաւոր անցեալը:
Սոյն աշխատութիւնը առաջին փորձն է ներկայացնելու պշերիկցիները՝ պատմա-ազգագրական որոշ շրջագիծէ ներս: Պէտք է ըսել, որ բաւական քիչ են դէպի Սուրիա անոնց զանգուածային գաղթէն առաջ եղած գրաւոր՝ տպագիր ու անտիպ նիւթերը։ Այս ուսումնասիրութեան մէջ մէջբերումներ ենք կատարեր մեր դաշտային աշխատանքներու վերաբերեալ՝ ըստ տուեալ պահին կատարուած դիտումներուն։
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ
Պշերիկը իր քրտախառն գիւղերու ցանցով մաս կազմած է Սղերդ գաւառին, որ ունէր 7 գաւառակներ՝ Բարուար, Էրուն, Խարզան, Հազօ, Շիրուան, Ռետուան, եւ Սղերդ։ Կեդրոն գիւղաքաղաք ունենալով Քուպինէն: Շրջանի գիւղերը ամբողջութեամբ կը տարածուէին Սասնոյ, համեմատաբար, դաշտային շրջանին մէջ:
Տարածաշրջանի ամենամօտ կեդրոն քաղաքներն են եղեր՝ արեւելքէն Սղերդ եւ հիւսիսէն Հազօ, որոնց հետ Պշերիկի շրջանի գիւղերը ունեցեր են ամէնօրեայ կապեր: Կարօ Սասունիի պատմագրած «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի» գրքին մէջ շրջանի մասին արձանագրուած է հետեւեալը. «Սղերդ Պիթլիսի նահանգի ամենահարաւային գաւառն էր, որ ունէր 7 գաւառակներ, ընդհանրապէս այնտեղ քիւրտերով բնակուած:
«Տիգրիսի բազմաթիւ գետակներով ոռոգուած երկիր էր՝ հացահատիկներով առատ, իսկ խաղողի եւ այլ միրգերու տեսակներով առաջնակարգ տեղ կը գրաւէր: Ըստ Վիտաքինէի, հայերու թիւը Սղերդի գաւառին մէջ կը հաշուուէր 30,000: Հալածանքներու հետեւանքներու բերումով 1890էն յետոյ որոշ չափով պակսեր է թիւը»:
Սակայն, անկախ վարչական իրավիճակէն, 1890ական թուականներուն հայ մամուլի եւ գրականութեան մէջ Պշերիկը կը սկսի յիշատակուիլ, իբրեւ գաւառ կամ գաւառակ։ Գաւառակը կը յիշատակուի՝ Բշերիկ, Բեշերի, Բըշերիկ, Բիշեր, Բիշիրի, Բուշերիկ, Պըշերի, Պշերի ու Պշերիկ:
ՊՇԵՐԻԿԻ ԳԻՒՂԵՐԸ
Պշերիկցիները ահաւոր ջարդերու ենթարկուեցան 1896ի կոտորածներուն եւ մանաւանդ Մեծ Եղեռնին, վերապրողները շրջանէն հեռացան միայն 1930ին։ Ահա այդ վերապրողներէն եւ անոնց սերունդներէն քաղուած Պշերիկի շրջանի գիւղերու անունները, որոնց մէջ չեն յիշատակուած Սրուանձտեանցի ցանկին մէջ տեղ գտած գիւղերէն շատերը, այլ անոնց փոխարէն կու տան շուրջ 30 այլ անուններ, ինչպէս՝ Քուպինէ, ՀարՖասէ, Դիմերէ, Քանի-քուլէ, Նաուալէ, Պոլընտէ, Ալաւէ, Գորըգէ, Տուասատաքէ, ՊաճըՖրէ, Հըսհըս, Պիրըքէ, Հըտհըտքէ, Պառընճէ, Զվընկէ, Պասորքէ, Ճալտաքա, Աբըգա, Սինանէ, Քալհռքէ, Թախարիէ, Քուրթըքէ, Պալպանէ, Կրասիրա, Մոզկալանէ, Պըլէտար, Պասթօքէ, Քանիքէ, Կուր Տըլէ, Կետուքէ եւ ուրիշներ:
Դժուար չէ նկատել, որ պշերիկցիները շարք մը գիւղերու անուններ կ’արտասանեն այլ կերպ եւ ոչ թէ Սրուանձտեանցի արձանագրութեան պէս։ Սա հաւանաբար տեղական բարբառային եւ թրքական իշխանութեան կողմէ ընդունուած անուանումներու տարբերութիւնն է, այսպէս՝ պշերիկցիներու յիշած Կորըգէ գիւղը, Սրուանձտեանցը արձանագրած է Քոռիկ. Պալապանէ՝ Բալա-բալա եւ այլն։
Սրուանձտեանցի ցանկի գիւղերը հաւանաբար մեծ մասով քրտախառն գիւղեր էին, առաւել կամ նուազ չափով։ Մեծագոյն գիւղը՝ 105 տուն, Կոնտէ Ճանոնն է։
ՆԱԽԱՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԳՈՅԱՎԻՃԱԿԸ
Ըստ տարեցներու պատումներուն՝ Պշերիկի շրջանը ամբողջութեամբ ենթակայ է եղեր Ռշգոթանցի քրտական աշիրէթին, որ իր կարգին ունեցեր է գերդաստանային 7 ճիւղեր (պավըք)։ Շրջանի գիւղերը եղեր են քրտախառն եւ տիրող լեզուն՝ քրտերէն: Պշերիկի գիւղերու հայ բնակչութիւնը մեծամասնութեամբ եղեր են հողատէրեր, իրենց գիւղերու մէջ գերդաստանային համախմբումով:
Շրջանի հայ բնակչութիւնը ամբողջութեամբ եղեր է առաքելական: Շարք մը գիւղեր ունեցեր են համեստ եկեղեցիներ եւ որոշ շրջանի տեւողութեամբ ծխական դպրոցներ։ Անոնց դասատուները (վարժապետ) կու գային Սղերդէն եւ Հազոյէն:
Մինչեւ 1915 թուականը, Պշերիկի գիւղերու հայ եւ քիւրտ բնակչութիւնը ապրեր է, համեմատաբար, համախոհական գոյակցութեամբ: Գերիշխողները եղեր են քիւրտ աղաները: Հայերը քիւրտերու կողմէ կը կոչուէին «Ֆըլա»:
Պշերիկի շրջանի հայութիւնը չէ ունեցած ազգամշակութային զարթօնք եւ քրտական ճնշումները դիմագրաւող հաւաքական ընդվզումներ: Շրջանի քրտախառն լինելու իրավիճակը, այնտեղ այցելած ազգային գործիչներուն պարտադրեր է ծայրայեղ զգուշաւորութիւն եւ այդ պատճառով անոնք չեն կարողացեր ստեղծել ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտ կռուաններ: Հայկական կեդրոններէն մեկուսացած շրջան է եղեր Պշերիկի տարածքաշրջանը:
Մեծ Եղեռնի նախօրեակին, թուրքերու կողմէ գիւղերու հայ բնակչութենէն յատուկ բռնամիջոցներով հաւաքուած են որոշ քանակութեամբ հնատիպ զէնքեր, ապա երիտասարդութիւնը զինուորագրելով թրքական բանակ, զանոնք հեռացուցեր են շրջանէն: Առաջին ձերբակալուողները եղեր են հայկական գիւղերու տանտէրերը եւ նոյն գիւղերու աչքի զարնող հայ աւագանին։
1915 թուականին թրքական իշխանութիւնները, նախածրագրուած աշխատանքով, քիւրտ բնակչութեան մօտ գրգռութիւն եւ թշնամանք սերմանեցին, հայերու նկատմամբ եւ զանոնք մղեցին ջարդարարութեան, որոնք առանց յաւելեալ ճիգերու, կոտորեցին շրջանի՝ իրենց համագիւղացի հայերը:
Պշերիկի շրջանի 1915ի ջարդերը եղեր են զանգուածային: Հայկական կարաւանները չեն քշուեր հեռաւոր վայրեր, այլ անխնայ ջարդուեր են քիւրտերու եւ թուրքերու կողմէ, անոնց շրջանի բնակավայրերէն ներս եւ անոնց հաւաքական դիակները թափուեր են շրջանի խոր ձորերու եւ Տիգրիսի հարկատու գետերու մէջ:Պշերիկ եղեր է խուլ անկիւն մը՝ հեռու օտար քննիչներու աչքերէ: Պշերիկի շրջանի յետ-Եղեռնի բռնագաղթը եղեր է համատարած: Արտագաղթի ենթարկուեր է հայկական շրջանի հայաբնակ բոլոր գիւղերու բնակչութիւնը: Չարտագաղթած մնացորդացը եղեր են, ընդհանրապէս, կրօնափոխ հայեր, որոնք իրենց հերթին, աւելի ուշ հեռացեր են շրջաններէ:
Կոտորածի յաջորդող տարիներուն, Պշերիկի հայութեան մնացորդացը գոյավիճակով իր կեանքը քարշ տուեր է՝ իր քիւրտ համագիւղացիներու հովանիին տակ, որոնք դարձեր էին տէրերը հայերու սեփական կալուածներուն եւ շարժուն ու անշարժ ունեցուածքին, իսկ հայերը մնացին մշակ՝ քիւրտերու մօտ:
ՊՇԵՐԻԿՑԻՆԵՐՈՒ ԳԱՂԹԸ ԵՒ ՏԵՂԱՒՈՐՈՒՄԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՉԱՆՆԵՐ
Թուրքիոյ մէջ Քեմալ փաշայի գլխաւորած Քեմալական շարժման յաջող յեղափոխութենէն ետք, Թուրքիոյ նոր վարչակազմը շարունակեց՝ ինչպէս հայաբնակ այլ շրջաններու, այնպէս ալ Պշերիկի շրջանի հայաթափութեան քաղաքականութիւնը: Քաղաքականութիւն մը, որ կը միտէր ամբողջապէս մաքրել արեւմտահայութիւնը, հայութեան մնացորդացը։
1925ին պայթեցաւ քրտական ապստամբութիւնը։ Յատկապէս Տիգրանակերտի եւ Բաղէշի նահանգներու հայոց մնացորդացը կ’ապրէր քիւրտ մեծաւորներու հովանաւորութեան ներքոյ՝ զրկուած իրենց ժառանգութենէն, իրաւունքներէն: Այս պատճառով չէր կրնար բողոքել թուրք իշխանութիւններուն, ոչ ալ կրնար գլուխ ցցել քրտական տեղական իշխանութիւններու դէմ։ Եւ ահա 1927էն սկսեալ Պշերիկի շրջանի հայութիւնը բռնագաղթի ենթարկուելով, գաղթողներու հոսքը ուղղուեցաւ դէպի Քամիշլի: Անոնք հետիոտն եւ չեթէներէ կողոպտուած, անցնելով Տաւրոսեան լեռներէն, կու գան եւ կայք կը հաստատեն Քամիշլիի եւ շրջակայքի ճահճուտ բնակավայրերուն մէջ՝ Ճաղճաղ գետի ափերու պատմական Մծբին քաղաքի աւերակներու շունչին ներքոյ:
Գաղթողները մեծագոյն տոկոսով քրտախօս պշերիկցիներ էին։ Պշերիկցի գաղթականներու թիւը շուրջ 5000ի կը հասնէր։
Իբրեւ վկայութիւն, հոս աւելորդ չէ մէջբերել Պէրմցի (բըրմըզ) ընտանիքի մը փախուստն ու տառապանքը։ Վկայողն է Համբարձում Մակարեան՝ ըստ իր հօր պատմածի։ Կը պատմէ.
«1915ին արդէն սկսեր էին կոտորածները բոլոր հայաբնակ գիուղերուն մէջ, ինչպէս նաեւ հօրս գիւղը: Քիւրտերը մտեր էին բոլորին տուները եւ բռնութեամբ առեր ամէն բան, նոյնիսկ աղջիկներն ու կիները: Հայրս (7 տարեկան), իր հօր եւ մեծ եղբօր բացակայութեամբ, որոնց ամիսներ առաջ հեռացուցեր էին գիւղէն, առանձին էր մնացեր իր մօրը եւ 10 տարեկան քրոջ հետ, որ շատ գեղեցիկ էր։ Քիւրտ գիւղապետը մօրը կ’առաջարկէ իրենց կեանքը ապահովել եւ վնաս չհասցնել, պայմանով որ 10ամեայ աղջիկը երբ չափահաս դառնայ իր տղուն հարս տանի։ Այլ ելք չկար, հոնկէ ազատելու համար մայրը կը դիմէ խորամանկութեան։ Ան յոյս կու տայ գիւղապետին, որ առաջարկը կ’ընդունի, իսկ ինք օրերով կը մտածէ թէ ինչպէ՞ս փախչի։
«Վերջապէս օր մը, երբ տակաւին գիւղացիները չէին զարթնած, մայրը կը վերցնէ իր երկու զաւակները եւ կը փախչի։ Բայց դժբախտաբար շուները կը սկսին հաջել եւ գիւղացիները կը զգան։ Գիւղապետը հինգ ձիաւորներու հետ միասին կը հետապնդէ զանոնք եւ իրարու կը հանդիպին բարձրութեան մը վրայ՝ հազիւ կէս ժամ գիւղէն հեռու։ Գիւղապետը կ’ուզէ մօրը համոզել, որ վերադառնայ գիւղ, բայց մայրը պահ մը լռելէ ետք կը թքէ անոնց երեսին, ըսելով. «Դէ՛հ, ինչ որ կ’ուզէք ըրէք, ես համաձայն չեմ ձեր ըսածներուն»: Եւ ահա կատղած ձիաւորները գիւղապետին հրամանով բոլոր կողմերէն կը սկսին դաշոյններով հարուածել մօրը եւ քրոջը, սպաննելով եւ ձորը նետելով զանոնք, իսկ երբ կարգը կը հասնի հօրս, ներկաներէն մէկը կը խնդրէ չսպաննել, ըսելով, որ փոքր է եւ ոչինչ կը հասկնայ։ Խնդրողը զաւակ չունէր եւ հայրս անոր կու տան, որպէս հոգեզաւակ։
«Այս տեսարանը շատ խոր տպաւորութիւն թողած է հօրս վրայ, եւ խեղճին լեզուն 7 օր կը մնայ կապուած։ Այսպէս կ’անցնին օրեր եւ տարիներ։ Հայրս քիւրտի տան մէջ մեծնալով՝ ոչխարներու հովիւն էր, սակայն միշտ կը յիշէր մօրը եւ ամէն գիշեր կ’աղօթէր անոր սորվեցուցած «Հայր մեր» աղօթքը։
«Երբ հայրս 17 տարիքը թեւակոխած կը լսէ, որ Զըրնագէթ գիւղին մէջ հայ ընտանիք մը կայ եւ թէ գիւղապետը չէ սպաննած զանոնք, որովհետեւ արհեստաւոր են եւ իրեն պիտանի, հայրս կ’որոշէ փախչիլ։ Իրապէս կարճ ժամանակ մը ետք, անոնց մօտ կը փախչի ու աշխատելու կը սկսի եւ կ’ամուսնանայ: 1927ին պշերիկցիներու հետ կը գաղթէ Քամիշլի եւ կը բնակի Հաճի Պատըր գիւղին մէջ, ապա՝ կը տեղափոխուի Քամիշլի, այնտեղ ապրելով մինչեւ մահը»:
Երկրորդ վկայութիւնը՝ Սղերդի Էնքասիր գիւղէն քառասուն փախըստականներու ոդիսականէն հատուած մըն է։ Վկայողն է խումբի առաջնորդ Կիրակոս Գրիգորեանը։ Խումբը Սուրիա կու գայ 3 Ապրիլ 1930ին։ Կը գրէ.
«Այս մարդը մէկն է քիւրտ Ահմէտ Իսքա աղայի գործաւորներէն, որոնք անոր քով աշխատեր են երկար տարիներ։ Աղան անոնց տրամադրեր էր սերմնացու, եզներ եւ կովեր։ Անոնք աշխատեր են եւ բերքի երեք քառորդը հարկադրաբար տրամադրեր են աղային, իսկ մէկ երրորդը մնացեր է իրենց։ Անոնք կարողացեր են կովերու եւ ոչխարներու կաթը առնել, բայց երբեք չեն կարողացեր զանոնք սեփականացնել։
«Վերջերս քիւրտ աղան շատ վատ ձեւով կը վարուի անոնց հետ։ Անոնք ստիպուած կ’ըլլան լքել իրենց տուները՝ նոյնիսկ մահուան սպառնալիքի տակ։ 3 Մարտ 1930ին անոնք կը մեկնին ընդամէնը քառասուն հոգիով։ Ութ ժամ տեւող ճանապարհորդութենէն ետք, խումբը կը հասնի ասորի վանք մը։ Հոնկէ՝ ասորիներու ընկերակցութեամբ անոնք կու գան կը հասնին Տիգրիսի ափը։ Այստեղ անոնց դէմը կ’ելլէ քիւրտ Ապտուլլան՝ իր զինուած մարդոց հետ։ Այս մարդը որդին էր քիւրտ կնոջ մը՝ Փերի Խանէ, այրին՝ քիւրտ Ահմէտ աղային՝ սարսափելի բռնակալի մը։ Այս կինը կ’ունենայ երեք զաւակներ, զորս կ’օգտագործէ հայեր սպանելու եւ կողոպտելու համար։
«Քիւրտ Ապտուլլան հայերը տասը ժամ կը բանտարկէ քարայրի մէջ, կը ծեծէ եւ դրամ կը պահանջէ։ Վերջապէս անոնցմէ կը վերցնէ 25 թրքական ոսկեդրամ եւ ազատ կ’արձակէ։ Անոնք կը ճամբորդեն վեց ժամ եւս, երբ ուրիշ քիւրտ մը՝ աղա Ճեմիլ Մուհամմէտ անունով, իր զինեալներով զանոնք կը շրջապատէ քարայրի մը մէջ, ուր կը մնան եւս ութ ժամ։ Անոնք ասկէ ալ կ’ազատին՝ բռնակալին 25 թրքական ոսկեդրամ տալով»։
ՔԱՄԻՇԼԻԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ
Պշերիկցները եղած են Քամիշլիի ճահճուտ վայրերու առաջին բնակիչները: 1927-1930 թուականներուն Պշերիկի շրջանի հայութիւնը բռնագաղթի ենթարկուելով, գաղթականներու հոսքը կ’ուղղուի դէպի Քամիշլի, ֆրանսացիներու գրաւումէն անմիջապէս ետք։
Անոնք, ինչպէս պատուելի Պ. Օրջանեանը կը վկայէ, կու գան Թուրքիոյ Ճեզիրէթ Պոթանէն կամ Պշերի լեռներէն: Իրենց անունը վերցուցած են իրենց տեղանունէն՝ կոչուելով «պշերիկցիներ», երբեմն ալ «քրտախօս հայեր»։
Նշենք, որ քրտախօս հայերը պէտք է զանազանել քրտացած հայերէն, որովհետեւ Պոթանի մէջ ապրող քիւրտերը անցեալին եղեր են հայեր։ Սակայն ժամանակի ընթացքին անոնց լեզուն ու կրօնը պարպուեր են հայութենէն։ Իսկ Քամիշլի գաղթող պշերիկցիները տարբերուելով առաջիններէն, պահեր են իրենց ազգային հպարտութիւնն ու կրօնը, բայց լեզուն մնացած է քրտերէն։ Իրենց երեխաներու կրթութեան համար, 1932ին Քամիշլին ունեցած է իր առաջին Ազգային վարժարանը՝ աղիւսաշէն վարձու տան մը մէջ, ապա՝ աւելի հիմնաւոր ազգապատկան կալուածի վրայ։
1949ին Ս. Յակոբ եկեղեցին փուլ կու գայ եւ անոր տեղը կը կառուցուին նոր դասարաններ: 1932ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական միութիւնը ունեցած է իր տեղական մասնաճիւղը, նախ վարձու տան մէջ, ապա ունեցած՝ իր սեփական ակումբը։ 1940ական թուականներուն հիմնուած է Ս. Օ. Խաչի տեղական մասնաճիւղը։
Նոյն շրջանին Քամիշլիի հայ գաղութը ունեցած է իր առաջնորդական փոխանորդարանը, կապուած Բերիոյ (Հալէպի) թեմի ազգ. առաջնորդարանին։
1944ին Սուրիոյ ամենակազմակերպուած համայնքը եղած է Քամիշլիի հայ առաքելական համայնքը: Սա հաստատելու համար վկայութեան կը բերենք Ճեզիրէի նոյն շրջանի առաջնորդական փոխանորդ Խորէն Ծ. վրդ. Բարոյեանի («ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հետագային կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) մէկ տեղեկագրէն առնուած հետեւեալ հատուածը. «Անկախ Սուրիոյ առաջին նախագահը Շուքրի Պէկ Քուաթլի 1945 Նոյեմբերի սկիզբը այցելեց Ճեզիրէ: Հայութիւնը 120 հոգինոց փառաւոր թէյասեղանով պատուեց զայն։ Հինգ հարիւրէ աւելի զինուած ձիաւոր պշերիկցիներ պատուի կանգնեցին»։ Այստեղ պէտք է յիշել, որ հայր Խորէնը առաջինն էր, որ իր ձեռքերով սուրիական դրօշը բարձրացուց Քամիշլիի զօրանոցին վրայ:
ՊՇԵՐԻԿՑԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԳԻՒՂԵՐԸ
Պշերիկցիները հողի մարդ էին, հողի կարօտով ապրող՝ մարդիկ։ Քաղաքի կեանքը նեղ ու ճնշիչ կը թուէր անոնց։
Քամիշլիի շրջակայքը տարածուած էին ընդարձակ դաշտագետիններ, որոնք սեփականութիւնն էին շրջանի արաբ շէյխերուն։ 1937-ական թուականէն սկսեալ պշերիկցիները կը նախաձեռնեն հայկական գիւղերու կառուցման աշխատանքի:
Կարճ ժամանակաշրջանին մէջ Քամիշլիի շրջակայքը կառուցուեցան շուրջ 25 զուտ հայկական գիւղեր՝ աղիւսաշէն բնակարաններով։ Իւրաքանչիւր գիւղ ունեցաւ իր գիւղապետը (մուխթար): Անոնք մշակեցին ցորեն, բանջարեղէն, արածեցին ոչխարներու հօտերը եւ արջառներ, իսկ կիները կը զբաղէին հաւաբուծութեամբ, ինչպէս նաեւ ձմրան վառելիքի ապահովման եւ ուտեստեղէնի ամբարման աշխատանքով։ Պշերիկցի կիները իրենց տնային աշխատանքին զուգընթաց կ’օգնէին իրենց ամուսիններուն դաշտային աշխատանքներուն։
Պշերիկցիներու նոր բնակավայրի գիւղերն էին՝ Ուըթուըթիէ, Հըլըքօ, Տալաուիէ, Տըպանա, Աուէճա, Ապու ճալալ, Թլսում, Ճուխա, Մլուքսարա, Շամասիէ, Հըմէրա, Շէյխաճիլ, Ճընէտիէ (մեծ), Ճընէտիէ (փոքր), Չըրքօ, Սըլամալէք, Մասհատա, Հըլէլիէ, Տայօ, Հիմօ, Ճըմաքէ, Զանտա եւ ուրիշներ:
Յիշեալ գիւղերէն իւրաքանչիւրը ունէր մէկէ աւելի թոնիրներ եւ ըմպելի ջուրի ջրհորներ: Նորաշէն այս գիւղերու կառուցումէն անմիջապէս ետք, նախաձեռնութեամբ Քամիշլիի առաջնորդական փոխանորդութեան պատկան մարմիններուն եւ համագործակցութեամբ գիւղապետերուն, այդ գիւղերուն մէջ կառուցուեցան աղիւսաշէն տասնեակ դպրոցներ, որոնց միջոցով պշերիկցի քրտախօս նոր սերունդը մեծ մասամբ դարձաւ հայախօս եւ իրազեկ՝ իր ազգային ինքնութեան։ Գիւղերու ուսուցիչները գիւղացիներու համար եւս կազմակերպեցին գիշերօթիկ դասընթացքներ, հայախօսութիւնը գիւղերէն ներս տարածելու նպատակով։
Քամիշլիի շրջանին մէջ քրտախօս պշերիկցիներու ձեռակերտ հանդիսացող գիւղերը, որոնք ունեցեր են իրենց սեփական վարժարանները՝ Ճուխա, Հըլըքօ, Ապուճալալ, Գըզըլճա, Մլուքսարա, Ուըթուըթիէ, Տըպանա, Ճընէտիէ Քպիր (Մեծ) եւ Հիմօ։ Շարք մը գիւղեր, որոնք դպրոց չունէին, իրենց երեխաները կը յաճախէին իրենց մերձակայ գիւղի դպրոցը։ Օրինակ՝ փոքր Ճնէտիէի եւ Շէյխաճէն գիւղերու երեխաները կը յաճախէին մերձակայ Ճուխա գիւղի դպրոցը։
Յիշենք, որ այս 9 ծխական դպրոցներուն 259 ուսանողները միայն մանչեր էին: Աղջիկներուն թոյլատրուած չէր դպրոց յաճախել։
***
1947 թուականի ամրան, Խորհրդային Հայաստանի ներգաղթի կոմիտէն առաքուելով նախ Հալէպ, կը հասնին նաեւ Քամիշլի: Քրտախօս պշերիկցիներու համար ներգաղթի լուրը կը թուէր անհասանելի քաղցր երազի իրականացում։ Հայրենի հողերէն՝ բռնագաղթումէն 17 տարիներ անց, տակաւին անոնց դէմքերուն դրոշմուեր էին՝ արեան տեսիլքները, կրած տառապանքի թախծութիւնը: Հայրենական հողերու կարօտը կը ներքաշէր զանոնք դէպի հայրենիք:
Ներգաղթի կոմիտէն որպէս ժամկէտ վեցօրեայ ժամանակամիջոց էր ճշդած ճամբորդութեան պատրաստուելու:
Քրտախօս հայ գիւղերու բնակիչները այդ կարճ ժամանակաշրջանի մէջ կը ծախեն իրեն տաւարն ու բերքը՝ շարժուն եւ անշարժ ամբողջ ունեցուածքը: Միայն կը վերցնեն այն պիտոյքները, ինչ որ անհրաժեշտ էր եւ թույլատրուած: Քամիշլիի մերձակայ հայ գիւղերէն շատերը պարպուեցան իրենց հայ բնակիչներէն, իսկ մնացած գիւղերուն մէջ նօսրացաւ անոնց թիւը: Այս առաջին ներգաղթին Հայաստան մեկնեցան շուրջ 350 ընտանիք։
Պշերիկցիները բազմածին են, հետեւաբար այսօր Քամիշիի մէջ կը ներկայացնեն գերակշիռ թիւ: Ներկայիս, քրտախօս հայերու մօտ, քրտախօսութիւնը արդէն արձանագրած է ամբողջական նահանջ եւ բոլորը դարձած են հայախօս:
Վերջին 15 տարիներուն, աւելի քան 200 ուսանողներ, ստացեր են համալսարանական ուսում։ Անոնց մէկ մասը, գաղութի ազգային եւ միութենական կեանքին մէջ մեծ նպաստ ունին։
Շրջանի հայ ուսանողութեան՝ համալսարանական ուսման համար, մեծ նպաստ բերած են՝ Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կապի կոմիտէն եւ Գ. Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը, իրենց անվերապահ օժանդակութեամբ: