Սփիւռքը Քանի՞ Օրաթերթ Ունի
Կար ժամանակ, երբ սփիւռքի տարածքին լոյս կ՛ընծայուէին աւելի քան 15 հայատառ օրաթերթեր: Պատկերը այդպէս էր գո՛նէ մինչեւ 80-ականներու վերջերը կամ 90-ականներու կէսերը:
Այդ օրաթերթերը ունէին իրենց հաւատարիմ աշխատակիցներն ու նո՛յնքան հաւատարիմ ընթերցողները, որոնք պատկառելի թիւ մը կը ներկայացնէին: Օրինակ, Բ. Աշխարհամարտի նախօրէին Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին տպաքանակը 5000-ի շուրջ եղած է:
Քանի սահեցան տասնամեակները, հայախօսութեան նահանջին ու հայերէն ընթերցումի չքացումին զուգահեռ` թուլցան ու տկարանալ սկսան նաեւ մեր օրաթերթերը: Նախ բաժանորդներու թիւը հետզհետէ պակսեցաւ: Յետոյ` հին շրջաններու որակաւոր աշխատակիցները մի առ մի հեռացան այս աշխարհէն, ինչ որ ստիպողաբար մղեց թերթերը իրենց սիւնակները լեցնելու արտատպումներով (ոչ անպայման ճաշակաւոր ու պիտանի նիւթերու ընտրութեամբ…): Մեր շուրջ չմնացին նաեւ հմուտ ու հայկաբան խմբագիրներ ալ, հետեւաբար տուժեց թերթին բովանդակութիւնը: Լեզուն կորսնցուց իր փայլքը, սխալագրութիւնները լա՜յն չափերով ողողեցին թերթերուն էջերը… Այսօր շատ անխնամ ու որձեւէգ արեւմտահայերէն մըն է, որ կը տիրապետէ սփիւռքեան մեր մամուլին վրայ:
Միւս կողմէ` տնտեսական նեղութիւնները եւս սկսան սպառնալ հայ թերթերու գոյութեան: Առեւտրական ու ազգային բնոյթի ծանուցումները նուազեցան: Այս բոլորին որպէս հետեւանք, բնականաբար, մեր օրաթերթերէն շատեր կա՛մ շաբաթաթերթի վերածուեցան ակամայ, կա՛մ ալ վերջնականապէս փակեցին իրենց խմբագրատուներուն դռները…
Ուշագրաւ օրինակ մը տուած ըլլալու համար ըսենք, որ 2002-2012-ի տասնամեակի ընթացքին Փարիզի ստուարաթիւ հայութեան սառն հայեացքին առջեւ իրերայաջորդ կերպով դադրեցան տեղական երեք հայերէն թերթեր` 17-ամեայ «Կամք» օրաթերթը, 84-ամեայ «Յառաջ» օրաթերթը եւ 52-ամեայ «Աշխարհ» շաբաթաթերթը:
Այսօր ամբողջ սփիւռքի տարածքին լոյս կը տեսնեն լոկ 4 հայատառ օրաթերթեր` դասական տպագիր ձեւով (թուղթի վրայ): Կան քանի մը նախկին օրաթերթեր, որոնք կա՛մ կրճատած են իրենց պարբերականութիւնը, կա՛մ ալ կ’երեւին լոկ համացանցային «օնլայն» դրութեամբ: Թղթային տպագրութիւն չունին, կամ եթէ ունին, ամէնօրեայ դրութեամբ չէ: Պատնէշի վրայ մնացող 4 օրաթերթերն են` Պէյրութի «Ազդակ»-ը, Պոլսոյ «Ժամանակ»-ն ու «Մարմարա»-ն եւ Թեհրանի «Ալիք»-ը: Բարեբախտաբար այս ցանկին վրայ կրնանք աւելցնել աւելի մեծ թիւ մը երկօրեաներու (օրինակ` Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ը եւ Պէյրութի «Արարատ»-ը), ու` շաբաթաթերթերու, որոնք տարբեր գաղութներու մէջ կը ջանան հայ գիրը ապրեցնել հայ մարդոց շրթներուն վրայ կամ հոգիին խորը` թիավարելով հոսանքն ի վեր…
Մեր թերթերը, գրեթէ բոլորն ալ, ունին իրենց կայքէջերը ու ձրիաբար կը սպասարկեն հայ ընթերցողին` առանց դոյզն ակնկալութեան: Եւ սակայն… հայորդիներու (մա՛նաւանդ երիտասարդ խաւի) ջախջախիչ տոկոսը չի հետաքրքրուիր այս կայքէջերով, պահանջ չի զգար հայ բարբառով լուր կամ յօդուած կարդալու: Ախտաճանաչումի կարօտ երեւոյթ է այս:
Կար ժամանակ, երբ նշանաբանի վերածուած էր «Հայ թերթը ընկերն է հայ տան» արտայայտութիւնը: Մեր ետի՛ն մնացին այդ երջանիկ օրերը: Այսօր հայ մարդը, հայ համալսարանականը կամ հայ ուսանողը հայերէն թերթ կարդալէ կը խուսափի, որովհետեւ ՀԵԶԱՍԱՀ ԿԱՐԴԱԼ ՉԻ ԿՐՆԱՐ, հայերէն ընթերցումի լուրջ դժուարութիւններ ունի: Այո՛, թերեւս հայկական վարժարանէ մը շրջանաւարտ է ան, հայախօս է, սակայն ընթերցումի մշակոյթը չէ ցանուած իր մէջ, կամ գուցէ հրապուրիչ ու շահեկան չի գտներ հայաշխարհի լուրերը, կամ… ժամանակ չունի եւ այլն, եւ այլն:
Փա՜ռք Տիրոջ, որ տակաւին կանգուն են մեր լրագրերէն շատեր, ոմանք` 80, 90, 100 ու մինչեւ իսկ 125 տարեկան: Գուրգուրանք անոնց վրայ:
Դուք անոնցմէ մէկն ու մէկը կը կարդա՞ք ամէն օր:
Լ. Շ.