Վահան Թէքէեան Ազգային Հարցերու Իրատես Բանաստեղծը
Հայրենի գրականագէտ Աբգար Ափինեան ուսումնասիրած է մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւնները, խմբագրականներն ու վէպերը եւ հեղինակած է «Վահան Թէքէեան Եւ Հայաստանի Ապագան» ուսումնասիրութիւնը, որ հրատարակուած է «Համահայկական Գրողների Միութիւն»ի կողմէ, ՍՊԸ «Լուսակն» հրատարակչատուն,Երեւան, 2021, 96 էջ: Ծանօթանալով այս ամփոփ եւ օգտաւէտ գիրքին ու անոր բովանդակած նիւթերուն մասին աւելի մանրամասնութիւններ իմանալու միտումով, ծանօթացանք «Վահան Թէքէեան- Արեւի Խմբագրականներ (1915-1945)» խորագիրով գիրքին, «Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի Եւ Ամերիկայի Ու Քանատայի Կեդրոնական Վարչութեան» հրատարակութիւն, Հայկազեան Համալսարան, Պէյրութ, 2022, 706 էջ:
Աբգար Ափինեան ազգային հարցերու եւ քաղաքականութեան վերաբերեալ Վահան Թէքէեանի ողջմտութեան ու պայծառատեսութեան ակնարկելով կ՛ըսէ. «Թէքէեանը բանաստեղծ էր, մեծ բանաստեղծ ու երեւելի դէմք քաղաքական մտքի ասպարէզում: Դեռ շատ պիտի առաջանանք, դեռ շատ պիտի առաջ շարժուենք, որ հասնենք ու մօտենանք իրեն: Թէքէեանը հայ մտքին սթափութիւնն է՝ ամէնից զգաստ հոգին (ընդգծումը իմս է, -Յ․Ի․)։ Որ երբեք ոչինչ չպահանջեց: Որ միայն մեր ապահովութիւնը երազեց: Ուզեց մեզ նոր տեսնել մեր նոր ճանապարհին: Ուզեց, որ չկրկնենք հին մեր սխալները: Լաւն անենք ու լաւ անենք՝ ասաց: Մեր ոգու սփոփանքն է Թէքէեանը, ինքը՝ սփոփանքի կարօտ… » (էջ 59, Ափինեան):
Աբգար Ափինեան մարդկային եւ ազգային առումով Վահան Թէքէեանի երեւան հանած երեք անհրաժեշտ հարցերու մասին կը խորհրդածէ իր աշխատութեան մէջ.- Ազատութիւն, Հայ-թրքական յարաբերութիւններ եւ Հայաստանի ապագան:
Ազատութիւնը մարդկային գոյութեան սկզբնական հանգրուանի ամենէն անհրաժեշտ կարիքն է, որ ակնյայտ է նաեւ Հայկ Նահապետի եւ Բէլի պայքարին մէջ: Հայ ազգը Հայկ Նահապետի ազատութեան տենչի արգասիքն է: Ծագում առած օրէն մինչեւ հիմա երկրագունդի բոլոր պատերազմները, կռիւներն ու վէճերը, պայքարներն ու տարակարծութիւնները այս մարդկային տենչին՝ Ազատութեան շուրջ կը դառնան: Ազատութեան մասին Վահան Թէքէեան «Արեւ» թերթի «Ազատութեան Արժէքը Եւ Ուժը» խորագիրով 24 Յուլիս 1940 թուագրեալ խմբագրականին մէջ, Բ. Աշխարհամարտին ակնարկելով կ՛ըսէ. «Այս պատերազմը գաղափարական խորք մըն ալ ունի: Անոր կը տրուի ազատութեան եւ գերութեան միջեւ պայքարի մը բնոյթը: Ազատութիւնը թանկագին բան է, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ընկերային ազատութիւնը: Ազատութիւնը ամենուն հաւասա՛ր արգելքներով- ահա իտէալը՝ որուն կասկածելի է սակայն որ հասնի երբեք մարդկութիւնը, որովհետեւ հաւասարութիւնը բան մըն է, որուն ամենէն քիչ կը հանդուրժէ ան…եւ այս պատճառաւ մեծ վնաս մը չէ անոր սրբուիլը, հիմա որոշ երկրի մը հանրային շէնքերուն ճակատէն… Իսկ ազատութիւնը ա՛յնքան հմայիչ սկզբունք մըն է ե՛ւ ապրելու, յետոյ կառավարուելու եղանակ մը նաեւ, որ ժողովուրդներու վրայ անոր ունեցած հմայքը կ՛օգտագործեն կարգ մը կառավարող դասակարգեր եւ կառավարական դրութիւններ, թէ՛ ներսը իրենց երկրին մէջ եւ թէ՛ դուրսը… Այս ըլլալով իրականութիւնը, զարմանալի չէ որ մինչդեռ ժողովուրդներէ ոմանք զանգուածովին կը խանդավառուին ազատութեան գաղափարով եւ յանձն կ՛առնեն անոր համար մեծամեծ զոհողութիւններ ընել, ուրիշներ հիմա շատ արժէք չեն տար անոր, իրե՛նք առանց ազատութեան կառավարուելու պատճառով՝ ծանր չեն գտներ որ ուրիշներ եւս զայն կորսնցնեն, կառավարուին պոլշեւիկ, նացի կամ ֆաշիստ իշխանութիւններով՝ իրենց համար օտար կամ տեղական» (էջ 384-385, Խմբագրականներ):
Վահան Թէքէեան ազատութեան մասին այս ընդհանրական կեցուածքին կողքին կը խօսի նաեւ հայ ժողովուրդի ազատութեան տենչին մասին, իրականութիւններ քաղելով օսմանեան լուծի տակ գտնուող հայկական նահանգներու մէջ ապրող հայոց ընկերային վիճակէն: Աբգար Ափինեան իր ուսումնասիրութեան մէջ մէջբերած է Վահան Թէքէեանի «Եթէ Տէրը Կամենայ» վէպէն հատուած մը. «Մեր ազատութիւնը մենք ամենէն առաջ դաստիարակութեամբ կրնանք ձեռք բերել, իսկ դաստիարակութիւնը, որ հազիւ սկսած է ժողովուրդին մէջ տարածուիլ, պէտք է սպասել, որ իր բնական ընթացքովը յառաջանայ եւ մեզի տայ նոր վարիչներու խումբ մը, որոնք ամէնքն ալ զարգացած, աշխարհի իրերը դատելու եւ իրար հասկնալու կարող մարդիկ ըլլան… Այնչափ ատեն որ այդ վարիչները չունինք ու գաւառներու մէջ գրեթէ բնաւ չունինք, մենք վախնալու ենք նախնական կրթութեան մեր մէջ չափազանց ծաւալումէն, որովհետեւ այդպէսով՝ առանց սպաներու բանակ մը կազմած պիտի ըլլանք…» (էջ 39, Ափինեան):
Աբգար Ափինեան կ՛ըսէ թէ Վահան Թէքէեան մեր մէջ առաձինն եւ առաջինն էր, որ յառաջ քաշած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ երկխօսութիւններու բարելաւման հարցը ի շահ հայ ազգի, մեր ապահովութեան եւ մեր ազգային նպատակներու հետապնդման եւ իրագործման համար: Ան Թէքէեանի յորդորական գրութիւններէն մէջբերում մը կատարած է. «Մենք ամէն ինչ որ կ՛ընենք, մեր դէմ կը տրամադրենք բոլորը: Մտած ենք մենք մեր գաղափարին մէջ եւ դուրս չենք նայիր ու տեսներ թէ ի՞նչ բանը ճիշդ է ու արդար մեր գաղափարին մէջ: Մեր կատարածը բոլորովին տարբեր արձագամգ կը գտնէ մեր գաղափարէն դուրս: Մենք մեր դատը կը հետապնդենք՝ առանց հաշիւի նստելու այն ուժերուն հետ, որոնք աշխարհը կը կառավարեն: Մենք կ՛ապրինք միայն մեր գաղափարով ու մեր այդ գաղափարի իրականացումը երազն է համայն հայութեան, բայց արդեօ՞ք բնաւ հարց տուա՞ծ ենք՝ ո՞ւր հասանք կամ պիտի հասնինք: Ա՛յս ճանապարհով: Այսպէս մինակ, աշխարհէն կտրուած, աշխարհի կամքին դէմ» (էջ 53, Ափինեան):
Վահան Թէքէեան մեղմ ոճով բայց հատու կերպով կ՛ըսէ, թէ մենք հայերս հայրենասէր կը նկատենք անոնց, որոնք թուրքերու դէմ շռնդալից ճառերով հանդէս կու գան ժողովուրդին առջեւ: Սակայն թուրքը՝ խորամակ եւ ճկուն թշնամին տեղէն չի շարժիր: Մենք մինչեւ հիմա այնպէս մտածած ենք, որ եթէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները որքան վատ ըլլան, այնքան աւելի ճիշդ է ու արդար, սակայն ան կ՛աւելցնէ. «Ասիկա անճիշդ, վնասակար եւ մահացու մտայնութիւն մըն է: Ասիկա անքաղաքական- հակաքաղաքական է…» (էջ 54, Ափինեան): Թէքէեան խիստ ոճով կը քննադատէ հայկական կեղծ յեղափոխութիւնները եւ ցոյց կու տայ անոնց անժամանակ բնոյթը:
Ինչպէս ներկայիս թուրք-ազերիական յարձակումները Հայաստանիեւ Արցախի Հանրապետութեանց դէմ գագաթնակէտին հասած են՝ գոյութենական հարց ստեղծելով, պատմութեան մէջ ալ յաճախ Հայաստանի գոյատեւումը յոյժ կարեւոր հարցի վերածուած է: Վահան Թէքէեան Ազատութեան եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցերը արծարծելով՝ կը ձգտի Հայաստանի փայլուն եւ մնայուն ապագայ մը ապահովելու ճանապարհը ցոյց տալ: Ի խնդիր անոնց իրականացման, Թէքէեան շարունակական յորդորներով լեցուն խմբագրականներ լոյս ընծայած է Գահիրէի «Արեւ» թերթին մէջ, զգուշացնելով հայերը Հայաստանի ապագայի եւ գոյատեւման հակառակող մահացու սխալներէ, ինչպէս անտեղի խանդավառութիւն, յոխորտանք, աշխարհը կառավարող մեծ ուժերու ծրագիրներու անգիտակութիւն, թուրք թշնամիին դիւանագիտական եւ զինուորական ուժին նկատմամբ անտեղեակ ըլլալու պարագան եւ այլ վտանգաւոր կեցուածքներ:
Վահան Թէքէեան Հայաստանի համար առողջ ապագայ մը ստեղծելու պայմաններէն կարեւորագոյնը այն կը նկատէ, թէ մեր ղեկավարները պէտք չէ տարուին զգացումներով, այլ ըլլան տրամաբանող պատասխանատուներ: Այս ուղղութեամբ ան կ՛ըսէ. «Պատասխանատու պետական գործիչը պարտաւոր է նկատի առնել ժողովուրդին զգացումը, որ նոյնիսկ իր ծրագիրին յաջողութեան համար օգտակար է, սական ան բնաւ պէտք չէ տարուի անով: Տարուիլը ժխտումն է իր կոչումին, իսկ փայփայել եւ գրգռել այդ զգացումը՝ հաճելի ըլլալու համար ժողովուրդին, անոր մօտ իր դիրքը ամրապնդելու, անկէ պատիւ եւ շահ վայելելու համար, գործն է ամենէն գէշ եւ ամենէն վնասակար գործիչին, որ իր պատկանած ժողովուրդին աղէտ մըն է» (էջ 55, Ափինեան):
Վահան Թէքէեանի ազգային գոյատեւման ամենազգայուն կէտին՝ հայ-թրքական յարաբերութեանց մասին այս հակիրճ ներկայացումը կատարելով, ուզեցինք շեշտել բանաստեղծի զգայուն հոգի ունենալու կողքին անոր քաղաքական մտածելակերպի իրատեսական զգաստութիւնը, որ ինչպէս իր գրական արժանիքը, նաեւ ի զօրու կը մնայ ներկայիս ալ։
Յարութիւն Իսկահատեան – Պէյրութ
BAIKAR WEEKLY