Տիկին
Շատ հնուց գոյութիւն ունեցած բառ է, որ իբրեւ պատուանուն տրուած է իշխանական կամ ընդհանարապէս ազնուական կիներու: Ինչ կը վերաբերի անոր կազմութեան, ապա Աճառեան տուած է բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ, որոնց բոլորին անդրադարձը կրնայ ծանծաղեցնել այս յօդուածը, ուստի թելադրելի է, որ հետաքրքրուողը դիմէ «Արմատական»-ի օգնութեան: Ամէնէն աւելի շեշտուած իմաստն է «մեծ+կին» հասկացութիւնը, ի հակադրութիւն հասարակ, ռամիկ խաւերու սովորական կիներու:
Ծանօթ.—Աստուածաշունչը ունի տիկին բառի 26 կիրարկութիւն:
Նոյն Աստուածաշունչը կը գրէ. «Եւ արքայ Սողոմոն էր իգասէր…եւ էին նորա կանայք տիկնայք եւթն հարեւր եւ հարճ երեք հարեւր» (Գ. Թագաւորաց, Ժա/1−3): Ուրեմն՝ կլոր հաշուով 1000 կին ունէր Սողոմոն իմաստունը՝ 700-ը տիկին՝ պաշտօնական, 300-ը՝ հարճ՝ անպաշտօն: Այս բոլորին հետ ինչպէ՞ս գլուխ կ’ելլէր…That is the question: Եւ տակաւին այս հազարէն դուրս կային պարագայական «հանդիպումները» եւս. Սաբայի թագուհին, սքանչացած Սողոմոնի համբաւէն, այցելութիւն մը տուաւ անոր եւ վերադարձին՝ ինը ամիս ետք, ծնունդ տուաւ Մենելիքին…
Տիկին բառը կիրարկուած կը գտնենք «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը» կոթողական աշխատութեան մէջ, որուն հեղինակն է Ներսէս արք. Մելիք–Թանգեան (1866-1948):
Այս լայնածաւալ աշխատութիւնը, աւելի քան 850 էջանի, կ’ամփոփէ այն բոլոր կանոնները՝ օտար թէ հայկական ծագումով, որոնք մշակուած են անցնող քսան դարերուն եւ որոնց տառին ու ոգիին հաւատարիմ է Հայ եկեղեցին:
Ուրեմն այստեղ տիկին եզրը տրուած է, առանց դասակարգային որեւէ խտիրի, այն բոլոր կիներուն՝ գրեթէ միշտ ժողովրդային խաւերէ յառաջացած, որոնք քրիստոնեայ հոգեւորականներու տան մէջ կը ծառայէին՝ երբեմն տանտիկինին զուգահեռ, եթէ հոգեւորականը ամուսնացած էր, իսկ ընդհանրապէս միայնակ ապրող կուսակրօն հոգեւորականներու, որոնք կարիքը ունէին եփող–թափողի մը:
Այս բնակակցութիւնը կամ կենակցութիւնը դուռ բացած է սեռային ամենագայթակղալից պատմութիւններու, որոնք կը յառաջանային մասնաւորաբար կուսակրօն ու շատ յաճախ ալ ամուսնացեալ եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, քահանաներու եւ սարկաւագներու կենսագրութեան մէջ:
Իսկ տիկին–ի այս նշանակութեան ակնարկող ոչ մէկ բառարան ունինք:
* * *
Միջին հայերէնը ու մանաւանդ աշխարհաբարը կը կիրարկեն տիկին բառը իբրեւ յարգական եզր, որ կը տրուի ամէն խաւէ որեւէ կնոջ: Շատ սովորական է առանձին՝ իբրեւ կոչական գործածութիւնը. օրինակ «Տիկի՛ն, ձեր հերթն է», կամ իբրեւ վերադիր յատուկ անունի մը՝ «Տիկի ՛ն Անուշ, ձեր հերթն է»:
Այս երկու կիրարկութիւ ններէն դուրս որեւէ կին կրնայ «տիկին» կոչուիլ երրորդ դէմքով՝ քիչ մը վերամբարձ, բայց եւ մտերմիկ ոճով, ինչպէս՝ «Տիկինը հրաման մը ունի՞»: Տիկին կը կոչենք նաեւ այն բացակայ կինը, որուն մասին կը խօսուի. օրինակ՝ «Տիկին Աննային հարցնենք», այս՝ այն պարագային, ուր ենթական որոշ ակնածանքի առարկայ է, այլապէս կը գոհանանք տալով անոր անունը. «Աննային հարցնենք»:
Շատ տարածուած է քիչ թէ շատ պաշտօնական կամ անուանի անձի մը կինը տիկին կոչելու սովորութիւնը. օրինակ՝ «Ներկայ էր վարչապետին տիկինը եւս…»,– մինչ հասարակ մահկանացուի մը համար պիտի ըսէինք «Ներկայ էր Թորոսին կինը եւս», եւ ճիշդը այս վերջինն է. ով ալ ըլլայ խնդրոյ առարկայն, կողակիցը պէտք է անուանել «կինը»:
Նախագահինկինը «առաջին տիկին» կոչելը արդէն նուիրականացած է:
Մինչթագաւորինկինը՝թագուհին է:
* * *
Թոյլատրելի չէ, լեզուն չ’ընդունիր, տիկին կոչել սեփական կողակիցը հանդերձ «ս» դիմորոշ յօդով. օրինակ՝ «Տիկինս կը փափաքի, որ…»: Եւ ընդհանրապէս չկայ որեւէ պարագայ, ուր ամուսին մը «տիկինս» կարենայ կոչել իր կողակիցը. նման կիրարկութիւն չունի հայերէնը:
Պէտք է ըսել «կինս». օրինակ՝ «Կինս կը փափաքի, որ…»:
Սակայն այս պարագային եւս, ի մտի ունենալով սեփական կինը, նոյն վերամբարձ մտերմիկ ոճով, որուն ակնարկեցինք վերը, կարելի է գործածել «տիկինը»՝ հանդերձ որոշիչ յօդով մը կամ կամ «տիկին» որոշիչը՝ յատուկ անունի մը հետ. օրինակ՝ « Տիկինը կը փափաքի, որ մեզի հետ ճաշէք» կամ «տիկին Աննան կը փափաքի, որ…», ուր Աննան, ուրեմն, կողակիցն է խօսողին եւ ծանօթ է խօսակիցներուն. այս պարագային որոշիչ յօդը պարտադիր է: Անպատշաճ, այլեւ անհամեստութիւն է ըսել. «Տիկին Աննա կը փափաքի, որ…»:
Այդ յօդը կարելի է զեղչել,– բայց նաեւ պահել,– երբ կ’ակնարկուի պաշտօնական կարգավիճակ ունեցող օտարի մը. օրինակ՝ «տիկին Անի կը փափաքի, որ հանդիսութիւնը ջնջենք» կամ «տիկին Անին կը փափաքի, որ…»:
Այսպարագային՝օտարկնոջ անունը՝ Անի կամ Անին, առանց յօդի կամ յօդով կիրարկելը կախում ունի այդ կնոջ՝ խօսակիցներու շրջանակին մէջ ունեցած մտերմութեան աստիճանէն: Երբ բաւականաչափ ծանօթ է ան եւ կայ ընկերային որոշ կապ մը անոր հետ, ապա կը կիրարկենք որոշիչ յօդ մը. « Տիկին Անին կը փափաքի, որ բոլորդ ներկայ գտնուիք հրաւէրքին»: Անդին, սակայն, երբ կ’ակնարկենք Գերմանիոյ վարչապետուհիին, յարմար չէ ըսել. «Տիկին Մերքելը կատարեց կարեւոր յայտարարութիւն մը…», վասնզի ոչ մէկ հաւանական մտերմութիւն կայ անոր եւ գրողին միջեւ, կ’ենթադրեմ: Այս պարագային հարկ է ըսել. «Մերքել» կամ «տիկին Մերքել կատարեց կարեւոր յայտարարութիւն մը…»:
* * *
Ընտանիքի միւս անդամներու անուանումի պարագային կը յառաջանան հետեւեալ փոխարինելի զուգահեռները.
Տիկին–ին կը համապատասխանեն՝ պարոն–ը եւ օրիորդ–ը:
Ընդ որում պարոն–ով կը բնորոշուի ընտանիքի թէ՛ հայրը, թէ՛ արու զաւակը:
Կին–ին կը համապատասխանեն՝ ամուսին(ս), տղայ(ս) –որդի(ս) եւ աղջիկ(ս):