Քուէյթի հայ համայնքը
Քուէյթի հայ համայնքը սկսած է կազմաւորուիլ 1950-ական թուականներուն, Իրանէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն ժամանած, յատկապէս աշխատանք որոնող հայ երիտասարդներով: Համայնքը միշտ վայելած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը:
1956-ին Քուէյթ հաստատուած ընտանիքներուն թիւը հասած է քառասունի, իսկ անհատներուն թիւը՝ հազարի: Հետեւաբար, գոյացած է համայնքային վարչութիւն մը, որուն առաջնահերթ խնդիրը եղած է դպրոց եւ եկեղեցի ունենալը:
1961-ին Քուէյթ ժամանած է Տէր Պարոյր Քհնյ. Սարգիսեանը, ձեռնադրուած յատկապէս Քուէյթի հայ համայնքին համար: Արժանապատիւ տէր հայրը իր ծառայութիւնը շարունակած է մինչեւ Փետրուար 1998: 19 Փետրուար 1998-ին օրուան առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Չօլոյեան եկեղեցւոյս մէջ ձեռնադրեց եւ օծեց Տէր Արտակ Քհնյ. Քէհեայեանը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ ծառայել Քուէյթի հայ համայնքին:
1961-ին հիմնուած Ազգային Վարժարանի շէնքի յարակից բաժինը 1965-ին յարմարցուած է որպէս Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի: Հետագային, շէնքը վերածուած է ազգային առաջնորդարանի, իսկ ազգային վարժարանը ունեցած է իր սեփական շէնքը, աւելի քան 850 աշակերտներով, Ազգային վարժարանի եւ Ազգային ճեմարանի բաժիններով:
Իրաքեան ներխուժումին (1990), համայնքը ենթարկուած է մեծ ցնցումի, սակայն կրցած է պահել իր կառոյցները եւ նոր շրջան թեւակոխելով՝ քանի մը տարուան ընթացքին վերակազմակերպուած է։ 1992-ին կոչուած է «Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմ», հիմնական երեք շրջաններով. Քուէյթ, որպէս շրջանի կեդրոն, Ապու Տապի եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններ: Թեմը այս ձեւով շարունակած է իր աշխատանքները մինչեւ 2014 թուական, երբ Քուէյթն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները վերածուած են առաձին-առանձին թեմերու։ Քուէյթի թեմը շարունակած է իր գործունէութիւնը իբրեւ «Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմ», որուն կեդրոն-նստավայրը Քուէյթ մայրաքաղաքն է, իսկ շրջանները՝ Պահրէյն եւ Սէուտական Արաբիա:
1992-էն 2014 երկարող տարիներուն թեմը ունեցած է հետեւեալ առաջնորդները եւ Կաթողիկոսական Փոխանորդները, ըստ ժամանակագրկան կարգի՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Չօլոյեան, Գերշ. Տ. Սեպուհ Եպս. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան, Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, իսկ 2013-ին Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան ժամանած էր թեմ որպէս Կաթողիկոսական Փոխանորդ եւ 2015-ին ընտրուած՝ թեմակալ առաջնորդ։ 15 Ապրիլ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ, նորընտիր առաջնորդը ստացած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում: 2019 թուականին, Հայրապետական տնօրինումով, Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան կը նշանակուի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ։
17 Մայիս 2017-ին, թեմին շնորհած իր պատմական այցելութեան ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կատարեց Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ օծումը եւ ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքին առաջնորդարանի բացումը: Այս այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Քուէյթի Իշխան Շէյխ Սապահ Ալ-Ահմատ Ալ-Ճապեր Ալ-Սապահին հետ:
Այս կարեւորագոյն իրադարձութենէն մինչեւ օրս քուէյթահայութիւնը կը շարունակէ իր աշխոյժ համայնքային կեանքը վարել եկեղեցւոյ նոր, սեփական կալուածէն ներս, որուն կողքին 1961-ին հաստատուած Քուէյթի Ազգային Վարժարանը կը շարունակէ իր անուրանալի դերակատարութիւնը։ Քուէյթահայութիւնը ունի նաեւ բազմաթիւ միութիւններ, որոնք իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն բարեսիրական, մարզական, մշակութային, երիտասարդական եւ համայնքի ազգային ու կրօնական դիմագիծը անսասան պահող տարբեր ասպարէզներու մէջ:
Տեղին է նշել, որ թեմի աշխատանքներու ծիրէն ներս զանազան առիթներով Ս. Պատարագ կը մատուցուի նաեւ Պահրէյնի մէջ, ուր մեր համայնքի զաւակներուն հետ մէկտեղ Սէուտական Արաբիոյ սահմանակից քաղաքներէն մեր համայնքի անդամները ներկայ ըլլալու առիթ կ՚ունենան:
Քուէյթի հայ համայնքը, ինչպէս միւս քրիստոնեայ եկեղեցիները, կը վայելէ Քուէյթի պետութեան հովանաւորութիւնը եւ սերտ կապեր ունի պետական բարձրաստիճան շրջանակներու հետ: