Կորաքամակ
Մտահոգ տեսայ այսօր քեզ
Ուսերդ կախ
Սրտիդ մէջ վախ են թողեր
Քեզ են վերագրեր
Չնչին մեղքերը
Սլքտող անտէր
Քեզ են ընծայեր
Առիթ մը գաղտնագողի
Մի թէ մոռացման կարօտ
Բոլոր մեծ ոճիրներ
Արթուն Կէպէնլիօղլու
Իշխանական
Հորիզոնի վերջին շկնանքի
Հսկողութեան տակ քաղաքը
Աջս՝ Մեծ կղզին
Եւ աջ աջի՝
ԻՇԽ ԱՆ ՆԵՐ
Հրդեհ մը կարծես
Կանգ կ՛առնէ մէկ կողմ
Ու յանկարծ կը փորփոքուի անդին
Ուր որ ես դեգերիմ
Տարօրինակ բան յոյս
Քեզմէ պակսի անգամ կը գտնուի
Մէջը ուրիշի մը մատեանին