Երեւանի Մէջ Միջազգային Գիտաժողով` Մոսկուայի Եւ Կարսի Համաձայնագիրներու 100-Ամեակին Առիթով
Երկուշաբթի, 19 հոկտեմբերին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագիրով եռօրեայ միջազգային գիտաժողովը` նուիրուած 1921 թուականին կնքուած Մոսկուայի եւ Կարսի համաձայնագիրներու 100-ամեակին: Գիտաժողովը կ՛իրականանայ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդին եւ «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» գիտահետազօտական հիմնադրամի միացեալ նախաձեռնութեամբ:
Գիտաժողովին օրհնութեան խօսքեր արտասանուեցան Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն կողմէ:
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ, ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռոպերթ Ղազարեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Գիտաժողովին` «Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերը. դասեր 100-ամեայ հեռաւորութիւնից» եւ «Արժեւորումներ պատմաիրաւական եւ քաղաքական տեսանկիւնից» եւ այլ նիւթերով զեկուցումներով հանդէս կու գան անուանի պատմաբաններ, հայաստանցի եւ միջազգային մասնագէտներ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտաշխատողներ եւ արտասահմանեան անդամներ:
Գիտաժողովը իր աշխատանքները կը շարունակէ 20-21 հոկտեմբերին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան շէնքին մէջ:
Գիտաժողովի բացման նիստին, Շահան արք. Սարգիսեան կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեան գիրը, զոր կու տանք ստորեւ.
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու պայծառ ապագայի տեսլականով կ՛ողջունենք ձեզ, եւ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք ներկայ գիտաժողովը կազմակերպողներուն:
Վտանգալից զարգացումներով լեցուն Կովկասի եւ յատկապէս Հայաստանի պատմութեան ներկայ փուլին տեղի ունեցող այս գիտաժողովը կոչուած է դառնալ տարբեր` ակադեմական այլ գիտաժողովներէն: Տարբեր` իր բնոյթով. տարբեր` իր պատգամով. տարբեր` իր այժմէականութեամբ. տարբեր` մանաւանդ իր մարտահրաւէրով:
Արդարեւ, 1921 թուականի հոկտեմբեր 13-ին մէկ կողմէն` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի եւ միւս կողմէն` Թուրքիոյ միջեւ, Ռուսիոյ մասնակցութեամբ ստորագրուած «Կարսիպայմանագիր» անունով ծանօթ տխրահռչակ պայմանագիրին համաձայն, Թուրքիոյ կը փոխանցուի Կարսի մարզը ամբողջութեամբ եւ Սուրմալուի գաւառը ու Արարատ լեռը իրենց յարակից շրջաններով. իսկ Ազրպէյճանի կը փոխանցուի Նախիջեւանը, որպէս ինքնավար մարզ: Փաստօրէն Ստալինի ճնշումով Խորհրդային Հայաստանը կը կորսնցնէ իր տարածքին շուրջ կէսը, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կը գծուի նոր սահմանագիծ եւ Հայաստանը կը ճանչնայ Թուրքիոյ ներկայ սահմանները, այլ խօսքով` հողային ամբողջականութիւնը: Այսպէս, կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, Հայոց ցեղասպանութենէն եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհրդայնացումէն ետք, հայ ժողովուրդը կը ստանայ այս երրորդ ահաւոր հարուածը:
Պատմագիրներ ու իրաւագէտներ արդարօրէն հարցականի տակ կ՛առնեն յիշեալ պայմանագիրին օրինականութիւնը (legitimacy) եւ իրաւականութիւնը (legality), որովհետեւ ան չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքին եւ միջպետական համաձայնագիրներու սկզբունքներուն եւ գործընթացներուն: Խնդրայարոյց է նաեւ օրինական ընթացքով պայմանագիրին վաւերացուած ըլլալու հարցը: Հետեւաբար, իրաւական հիմքերէ զուրկ անօրինական եւ անվաւեր յիշեալ պայմանագիրի գործադրութիւնը եղած է ապօրէն, համաձայն միջազգային օրէնքին: Վստահաբար այս եւ յարակից հարցերը լայնօրէն պիտի քննարկուին գիտաժողովին կողմէ:
Այսօր, երբ աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակ է ստեղծուած Կովկասի մէջ, երբ Ազրպէյճան նոր պահանջներ ու պայմաններ կը դնէ Հայաստանի առջեւ, երբ Ազրպէյճանի յաղթանակ պարգեւած Թուրքիան այսպէս կոչուած բարի դրացնութեան ձեռք կ՛երկարէ Հայաստանին եւ դրական արձագանգ կը ստանայ Հայաստանէն, եւ երբ Ռուսիան եւ Թուրքիան իրենց ազգային եւ հասարակաց շահերէն մղուած սկսած են տիրական ներկայութիւն դառնալ շրջանին մէջ, Կարսի պայմանագրի վերարժեւորումը ու անոր այժմէականութեան վերաշեշտումը աւելի քան հրամայական է:
Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակի Մեր պատգամին մէջ յիշեցուցած էինք, թէ` ռազմաքաղաքական շահերու վրայ հաստատուած ու ծաւալապաշտական հեռանկարներէ առաջնորդուած եւ համաթրքական նոր դաշնակցութիւն մը սկսած է կազմաւորուիլ Կովկասի մէջ` Թուրքիոյ առաջնորդութեամբ ու Ազրպէյճանի մասնակցութեամբ միաժամանակ` տարածաշրջանէն անդին երթալու նշաններ ցոյց տալով: Արդարեւ, Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրները փաստօրէն պարտադրուեցան Հայաստանին: Այսօր Հայաստանին նոր պայմանագիրներ պարտադրելու բացայայտ մթնոլորտ մը կը տիրէ տարածաշրջանին մէջ: Զգո՜յշ® պատմական Հայաստանէն մնացած կտոր մը հողի վրայ իր անկախութիւնը վերահաստատած Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձեալ զոհ չդառնայ իր շուրջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական նոր խմորումներուն:
Շրջանի աշխարհագրութիւնը կարելի չէ փոխել: Սակայն, կարելի է եւ` հրամայակա՛ն, աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմաններուն համահունչ այնպիսի մօտեցումներ որդեգրել, որոնք չեն վտանգեր Հայաստանի Հանրապետութեան գերագոյն շահերն ու անոր ապագան: Դիւանագիտութեան մէջ հարկ է ըլլալ ճկուն, բայց ո՛չ պարտուողական. իրատես, բայց` ո՛չ զիջող: Հայաստանի անկախութեան ու գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան անվթար պահպանումը մեր ժողովուրդին համար ազգային սրբութիւն է:
Հայաստանը շրջապատող վտանգները ճիշդ չէ կառավարական ընթացիկ որոշումներով դիմագրաւել: Հրամայական է, ինչպէս յաճախ յիշեցուցած ենք, ճակատագրական կարեւորութիւն ներկայացնող հիմնահարցեր համազգային տարողութեամբ քննարկել ու համապատասխան դիրքորոշումներ ճշդել: Հայութեան մեծամասնութիւնը կազմող սփիւռքը իր հարուստ փորձառութեամբ ու բազմակողմանի կապերով իր ըսելիքը ու ընելիքն պէտք է ունենայ համազգային բնոյթ ու տարողութիւն ունեցող խնդիրներու գծով:
Այս մտածումներով ու մանաւանդ սպասումով դարձեալ կ՛ողջունենք ձեզ` մաղթելով յաջողութիւն ձեր քննարկումներուն մէջ:
Հայրական սիրով ու օրհնութեամբ,
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
18 հոկտեմբեր 2021
Անթիլիաս, Լիբանան»